2010-02-06 13:16:12

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Շաբաթ 6 փետրուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.

Կուաթեմալայի նոր դեսպանը` տիար Ալֆոնսօ ֆահսէն, հաւատարմագրերու ներկայացում,

Կարտինալ Միքելէ Ճիօրտանօ` վաստակաւոր առաջնորդը Նափոլի թեմին,

Հռոմի քաղաքապետարանի ելեկտրականութեան եւ ջուրի ընկերութիւններու պատասխանատուները, շուրջ 400 հոգի։

Իսկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Ռէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ճառը Սքովտացի եպիսկոպոսներու։

Իր ճառին մէջ Սրբազան հայրը կը դատապարտէ հեշտամահը, որ հակառակ է մարդկային արժանաւորութեան քրիստոնէական գաղափարին։

Իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Սքովտացի 10 եպիսկոպոսներ, Հռոմ եկած իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Ս. Պետրոսի յաջորդին, Սրբազան Քահանայապետը խորախուսեց հաւատացեալները հակազդելու ՜՜աշխարհականացումի աճումին՝՝ ընկերութեան մէջ, մանաւանդ բարոյական հարցերու հայող խնդիրներուն։

Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս մատնանշեց ՜՜հեշտամահի՝՝ հարցը, որ հակառակ է մարդկային արժանաւորութեան քրիստոնէական գաղափարին։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խնդակցութիւնը յայտնեց, յառաջիկայ սեպտեմբերին իր կատարելիք առաքելական այցելութեան համար, թէ Սքովտիան եւ թէ Անգլիա ։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին նամակը Մալթայի նախագահին։

Իր նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը կը յայտնէ որ յառաջիկայ Ապրիլ 17ին եւ 18ին Մալթա պիտի այցելէ հանդիպում ունենալով նաեւ կղզիի բնակչութեան հետ։

Սրբազան Հօր Մալթա կատարելիք այս Ճամբորդութեան նպատակն է նշել ՜՜1950-րդ տարեդարձը Պօղոս առաքեալի Մալթա կղզեխումբին մէջ նաւաբեկութեան՝՝, կը հաղորդագրէ Մալթայի արքեպիսկոպոսական թեմը։

Քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ տեսակցութիւն ունենալէ ետք, շաբաթ ապրիլ 17ին , Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Պօղոս առաքեալի քարայրը Ռաբաթի մէջ։

Կիրակի 18 ապրիլին , առաւօտուն, Սրբազան Հայրը բացօդեայ պատարագ պիտի մատուցէ ֆլորիանա քաղաքը, իսկ յետմիջօրէին Լա վալեթթայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ երիտասարդութեան հետ եւ որուն աւարտին` Հռոմ կը վերադառնայ։

Մալթայի այցելութեամբ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր ՜՜14-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը՝՝ կատարած կ'ըլլայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.