2010-02-06 13:12:07

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Ռուսիոյ առաջին փոխվարչապետ, ԱՊՀ-ի հարցերով Ռուսիոյ ազգային համակարգող Իկոր Շուվալովը։
Նախագահ Սարգսեան 2009 թուականը շատ արդիւնաւէտ գտած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններու զարգացման առումով եւ նշած է, որ գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է։ Իկոր Շուվալով յայտնած է, թէ Հայաստան իր այցելութեան նպատակն է 2010-ին ԱՊՀ-ի մէջ Ռուսիոյ նախագահութեան սկիզբին առիթով յառաջիկայ ընելիքներու քննարկումը Սերժ Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է, որ ԱՊՀ-ի մէջ Ռուսիոյ նախագահութեան շրջանը դրական եւ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ կառոյցին հետագայ ամրապնդման ու զարգացման համար։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերու եւ տարբեր կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ հայ-ռուսական համագործակցութեան առնչուող հարցեր։ Իկոր Շուվալով Հայաստանի նախագահին փոխանցած է Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի հրաւէրը՝ Մոսկուայի մէջ մասնակցելու մեծ պատերազմի 65-ամեակին նուիրուած տօնական հանդիսութիւններուն։ Նախագահ Սարգսեան իր կարգին նշած է, որ Հայաստանի մէջ եւս կը նախատեսուին Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտի 65-ամեակին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ։
ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ՕՀԱՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՕԹԱՆ-Ի ԱՆԴԱՄ ԵՒ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ։
Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Աֆղանիստանի մէջ միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերուն մասնակից պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու ձեւաչափով նիստը, որուն մասնակցած է նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նիստին աւարտին Սէյրան Օհանեան հանդիպումներ ունեցած է ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ու Եւրոպայի մէջ դաշնակցային ուժերու գերագոյն հրամանատար, ծովակալ Ճէյմս Սթաւրիտիսի հետ։
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են Աֆղանիստանի մէջ միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերուն մէջ Հայաստանի զինեալ ուժերու մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններուն եւ ռազմափորձերուն առնչուող շարք մը այլ հարցեր։
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ 4 ՄԱՐՏԻՆ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ՝՝Երկիր Մետիա՝՝ին հաղորդած է, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը, հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը։ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Հաուըրտ Պըրմըն որոշած է քուէարկութեան դնել Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադարձող թիւ 252 բանաձեւը։ Յանձնախումբի նախագահը քննարկումներու օր նշանակած է 4 մարտ 2010-ը։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան այս հարցով հինշաբթի օր հանդիպում մը ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան գործընթացին սատարող շարք մը քոնկրեսականներու հետ, որոնց շարքին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի համահեղինակներ Էտըմ Շիֆի, Ֆրենք Փալոնի եւ Պրեթ Շըրմընի հետ։
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ 23 ՄԱՅԻՍԻՆ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հրամանագիր մը ստորագրած է 23 մայիսին խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելու մասին։ Խորհրդարանական նախորդ ընտրութիւնները Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած են 2005 թուականին։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընտրութիւնները կը կատարուին թէ՛ համամասնական, թէ՛ մեծամասնական ընտրակարգով։







All the contents on this site are copyrighted ©.