2010-02-05 13:09:52

Պենետիկտոս ԺԶ Քահնայապետին գործունէութիւնը


Ուրբաթ 5 Փետրուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց

Սկովտիայի եպիսկոպոսաց դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ`եկած հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը Քառասնորդացի առթիւ` ''Մարդը առանց Աստուծոյ սիրոյն անկարող է ճշմարիտ արդարութիւնը իրականացնել''։

Յառաջիկայ փետրուար 17ին` ''օր մոխրոց''է ըստ լատինաց, սկիզբ կ'առնէ 2010ի քառասնորդաց շրջանը ի պատրաստութիւն Յիսուսի չարչարանաց, մահուան ու փառաւոր յարութեան, այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը պատգամ մը ուղղեց քրիստոնեայ աշխարհին լաւագոյնս ապրելու քառասնորդացը` ժամանակը ծոմապահութեան ու ապաշխարութեան ։

Սրբազան հօր պատգամին բնաբանն է. ''Մարդը առանց Աստուծոյ սիրոյն անկարող է ճշմարիտ արդարութիւնը իրականացնել ''։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կը գրէ թէ մարդը առանձինը՝ ի վիճակի չէ իրականացնելու արդարութիւնը, պէտք է դուրս գայ այն ցնորքէն որ ինք ինքնաբաւ է եւ պէտք է մասնակցի Քրիստոսի արդարութեան որուն հիմն է ՜՜Սէրը՝՝։ Պօղոս առաքեալը Հռոմէացիներու ուղղած թուղթին մէջ կը գրէ. ՜՜Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնուեցաւ եւ կը տրուի առանց խտրականութեան, ամէն անոնց որոնք կը հաւատան թէ Յիսուս Տէր է՝՝։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ հաւատացեալը կերտելու ընկերութիւն մը ուր ամէն անհատ արժանավայել կեանք մը ապրելու համար կ'ընդունի այն ինչ որ հարկաւոր է ։

Ապա Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ հաւատացեալները ապաշխարելու եւ դարձի գալու ՜՜ճանչնալով մեր անբաւարարութիւնը ու խեղճութիւնը, կ՝ըսէ Նորին Սրբութիւնը, դիմենք Քրիստոսին, որպէսզի իրմէ ընդունինք ներում եւ Աստուծոյ բարեկամութիւնը։

Շնորհիւ՝ Քրիստոսի ներգործութեան, մենք պիտի արժանանանք Քրիստոսի արդարութեան որ է ՜՜Սէր՝՝։ Հետեւաբար քրիստոնեան կանչուած է նպաստելու աւելի արդար ընկերութեան մը կերտումին։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Ընտանիքի քահանայապետական խորուրդի ժողովը ՜՜մանուկներու իրաւունքը՝՝ նիւթին մասին։

Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդը 8-10 փետրուար , Հռոմի մէջ կլոր սեղան մը կը կազմակերպէ, ՄԱԿի մանուկի իրաւունքի դաշնագրին 20րդ տարեդարձին առթիւ, նախագահութեամբ՝ կարտինալ Հեննիօ Անթոնելլիին։

Հանդիպումին բնաբանն է. մանուկներու իրաւունքը։ Կարտինալը հանդիպումին ընթացքին պիտի ներկայացնէ Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի գործունէութիւնը մասնաւորապէս անդրադառնալով 2009ին Մեքսիքոյի մէջ գումարուած ընտանիքի համաշխարհային Զ.հաւաքի աշխատանքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.