2010-02-05 13:10:06

Լուրեր հայկական կեանքէն


Կը Ծրագրուի Օտարերկրեայ Լրագրողներու Ճանաչողական Այցելութիւն՝ Հայաստան

Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեանի հաւաստումով, տնտեսութեան նախարարութիւնը կը նախատեսէ կազմակերպել օտարերկրեայ լրագրողներու ճանաչողական այցը Հայաստան։

«Մի քանի ուղղութիւններով քննարկումներ ենք անցկացնում պարզելու, թէ ո՞ր երկրներից եւ քանի՞ լրագրող կարող է ժամանել: Քանի որ լրագրողները բազմազբաղ են, մենք ստիպուած ենք լինում բազմաթիւ հարցերում յարմարուել նրանց հետ», յայտնած է Մ. Ապրեսեան, ըստ որուն, նման այցելութիւնները կարեւոր են Հայաստանի համար։

Մ. Ապրեսեան յայտնած է, թէ նման ծրագիր իրականացած է նաեւ նախորդ տարիներուն, եւ 2008ին Հայաստան ժամանած է Իտալիոյ, իսկ 2009ին՝ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան լրագրողները:

Անդրադառնալով 2009ի զբօսաշրջութեան ցուցանիշներուն՝ Մ. Ապրեսեան նշած է, թէ՝ համեմատած 2008ի հետ, Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է երեք տոկոսով:



ՀՄԸՄական Վարուժ Միրզայեան Արժանացաւ Ամերիկեան Սկաուտական «Արծաթէ Կուղբ 2009» Մրցանակին-Միացեալ Նահանգներ։

Ամերիկեան Սկաուտութեան Վրտիւկօ Հիլզի Խորհուրդը, «Արծաթէ Կուղբ 2009» (Silver Beaver) բարձրագոյն մրցանակը շնորհեց չորս սկաուտ ղեկավարներու, որոնցմէ մէկն էր ՀՄԸՄի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն Վարուժ Միրզայեանը:

«Արծաթէ կուղբ մրցանակը կը շնորհուի Ամերիկայի Սկաուտութեան անդամ այն անհատին, որ կազմակերպութեան ծրագիրներուն ընդմէջէն մեծ ծառայութիւն մատուցած է սկաուտ երիտասարդութեան եւ իր շրջապատին: Միւս կողմէ Beaverը այն կենդանին է, որ աշխատասիրութիւն կը խորհրդանշէ, իսկ արծաթը՝ պարգեւատրուող խելացի սկաուտին մազի գոյնը: Միրզայեան առաջին ՀՄԸՄականն է, որ Ամերիկեան Սկաուտութեան կողմէ կ՛արժանանար բարձրագոյն այս պարգեւին:

Իւրայատուկ այս ձեռնարկի ընթացքին յանձնուեցան նաեւ այլ մրցանակներ բոլոր այն սկաուտ ղեկավարներուն, որոնք իրենց ընտանիքներուն առընթեր օգտակար հանդիսացած էին կազմակերպութեան զանազան ծրագիրներու յաջողութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.