2010-02-05 13:10:18

Էջ մը հայ երաժշտութենէն


Այսօր պիտի խօսինք տաղանդաշատ երաժիշիտ եւ Հայ երգի եւ երաժշտութեան մոգական ուժին՝ Առնօ Պապաճանեանի մասին անոր ծննդեան 89ամեակին առթիւ

(1921-1983).

Առնօ Պապաճանեան եղած է հայ երգի եւ երաժշտութեան սիրուած վարպետներէն մէկը։ Ան ճակատագրի բերմամբ միայն 62 տարի ապրեցաւ, բայց գիտցաւ ու կրցաւ հինգ տարեկանէն սկսեալ հնչիւններու մոգական ուժով մնայուն ու անվերջ երգահանդէսի մը վերածել իր կեանքի ժամանակը, անոր իւրաքանչիւր վայրկեանը։

Առնօ Պապաճանեան ծնած էր Երեւան, 22 Յունուար 1921ին։ Հազիւ հինգ տարեկան մանուկ էր, երբ իր յաճախած մանկապարտէզը այցի եկած մեծ վարպետը՝ Արամ Խաչատուրեան, շնորհալի մանուկներ յայտնաբերելու իր փնտռտուքին ընթացքին, խորապէս տպաւորուած էր Առնոյի դաշնակի կատարողութեամբ եւ թելադրած էր, որ մանուկը անպայման նուիրուի երաժշտութեան։ Միայն ինը տարեկան էր, երբ ստեղծեց իր առաջին երաժշտական գործը՝ ՜՜Պիոներական մարշը՝՝, որ անմիջապէս ուշադրութիւնը գրաւեց ժամանակի գրականութեան, մշակոյթի եւ արուեստի ականաւոր գործիչներուն եւ քննադատներուն։ Անձնապէս Չարենց իր հոգածութեան տակ առաւ Պապաճանեանին՝ անոր առջեւ բանալով դռները Երեւանի պետական երաժշտանոցին կից երաժշտական դպրոցին։ Այնուհետեւ՝ Պապաճանեան մասնագիտական իր ուսումը ստացաւ նախ Երեւանի Պետական Երաժշտանոցին մէջ, ապա՝ 1948ին ընդունուեցաւ Մոսկուայի Պետական Երաժշտանոցին դաշնամուրի բաժինը, միաժամանակ իր արուեստը կատարելագործելով Մոսկուայի Հայաստանի Կուլտուրայի Տան արուեստանոցին մէջ։ շեշտակի անհատականութեամբ օժտուած տաղանդ էր Պապաճանեան, որ իբրեւ դաշնակահար թէ երաժիշտ՝ ինքնատիպ դրոշմով յատկանշուեցաւ ինչպէս իր կատարողական մեկնաբանութեանց, նոյնպէս եւ իր ստեղծագործութեանց մէջ։

Եւ եղաւ մեր ժողովուրդին սիրուած երաժիշտը, որուն Վաղարշապատի պարը, Հերոսական բալլադը, Հայկական ռապսոդիան եւ Դաշնամուրային եռեակը մինչեւ այսօր լայն ժողովրդականութիւն կը վայելեն։ Նոյնպէս եւ Կամուրջներ, Գուշակիր ցանկութիւնս ու Մի շտապիր երգերու օրինակով քնարական գործերը։

Առնօ Պապաճանեան մեծ գործ կատարեց նաեւ թատերական եւ շարժանկարային գլուխգործոցներու երաժշտական դաշնաւորման ասպարէզին մէջ։ Իրենց ժողովրդականութիւնը մինչեւ այսօր կը պահպանեն Իմ սիրտը լեռներում է, Առաջին Սիրոյ երգը, Երջանկութեան մեխանիկան եւ Հարսնացուն հիւսիսից գործերու բեմականացման համար Պապաճանեանի ստեղծած երաժշտական դաշնաւորումները։

Առնօ Բաբաջանեան դաշնակահարը ինքզինք կը գերազանցէր յատկապէս սեփական երգերու եւ երաժշտական ստեղծագործութեանց մեկնաբանութեան ժամանակ. դաշնամուրի առջեւ՝ Առնօ Պապաճանեան կը վերածուէր հայ երգի ու երաժշտութեան մոգական ուժը թեւաւորող հնչիւնային կախարդի, որ իրեն կապուած կը պահէր ունկնդիրն ու հանդիսատեսը։

Վարպետը 1956էն սկսեալ վերջնական բնակութիւն հաստատեց Մոսկուայի մէջ, ուր եւ աչքերը փակեց 11 Նոյեմբեր 1983ին՝ գերելով մոսկուացիներու հոգին, իբրեւ Սիրոյ եւ Հայաստանի մեծ երգիչն ու երաժիշտը։

Իր կեանքի վերջալոյսին, ՜՜ազատ ժամերուն ինչո՞վ էք զբաղւում՝՝ հարցումին, ան պատասխանած էր ՜՜ Ես ազատ ժամեր չունեմ եւ չեմ էլ ունեցել։ Ամբողջ կեանքում նման եմ եղել պաշարուած ամրոցի։ Այո՛, ես պաշարուած եմ հնչիւններով։ Քուն թէ արթուն՝ շոշանքների մէջ եմ։ Մի՛ զարմացէք, եթէ ասեմ, որ իմ տեսած երազներն էլ հնչիւնների հետ են կապուած։ Այդ հնչիւններից ես ընտրում եմ սրտահաճները եւ երգեր յօրինում։ ինձ համար ազատ ժամ ունենալ՝ նշանակում է կտրուել հնչիւններից, որ նոյնն է՝ թէ հրաժեշտ տալ կեանքին։

Արուեստի քննադատներն ու կենսագիրները կընդգծեն, որ Առնօ Պապաճանեանի երաժշտական կազմաւորման վրայ խոր ազդեցութիւն գործեցին Արամ Խաչատուրեան եւ Սերգէյ Ռախմանինով։








All the contents on this site are copyrighted ©.