2010-02-04 13:54:11

Կրօնաբարոյական հարցեր «Սափրիչ Չկա՞յ Այս Աշխարհի Վրայ»


Կրօնաբարոյական հարցեր «Սափրիչ Չկա՞յ Այս Աշխարհի Վրայ»



Աստուծոյ գոյութիւնը ժխտող կամ զանիկա խնդրոյ առարկայ դարձնող թերահաւատներու, ու մանաւանդ անհաւատներու յաճախ կարելի է հանդիպիլ կեանքի խաչմերուկներուն վրայ: Անոնք երբեմն իրարու նայելով կ'աճին ու կը բազմապատկուին, երբեմն ալ պարագաներու բերմամբ այդպէս կը դառնան: Ի ծնէ անհաւատ մարդ չկայ: Որովհետեւ հաւատքը Աստուծոյ կողմէ ցանուած է մարդու հոգիին մէջ: Կրնայ պատահիլ որ անիկա առաւել կամ նուազ ուշադրութեան արժանանալով, տկարանայ, չորնայ ու չքանայ: Կը պատահի նաեւ հակառակը, երբ անձ մը դէպքերու բերմամբ հաւատքի արթնութիւն կը զգայ եւ կը սթափի իր հոգեկան երկարամեայ թմբիրէն:

Հաւատքի դարձող, եւ հաւատքէ պարպուող մարդոց տոկոսային համեմատութիւնը դժբախտաբար դրական արդիւնք ցոյց չի՛ տար: Աւելի շատ կարելի է հանդիպիլ հաւատքը կորսնցնող մարդոց, քան՝ հաւատքի դարձողներու: Ներկայ աշխարհի նիւթապաշտական ու շահադիտական դրուածքը, ամէն ինչ առարկայականօրէն քննելու ու բացատրելու մօտեցումը, ու մանաւանդ աշխարհայնացող ընկերութեան դիրքորոշումը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու նկատմամբ, իրենց ժխտական անդրադարձը կ՛ունենան այս գծով:

Ինչո՞ւ պէտք է անպայման հաւատամ, երբ առանց հաւատալու ալ կրնա՛մ ապրիլ: Ահաւասիկ «տրամաբանական» թուացող մտածողութիւնը, անտրամաբանական մարդոց մտքին մէջ: Հաւատքը աւելորդ, ու Աստուծոյ գոյութիւնը անիմաստ նկատող մարդոց մտածելակերպին արտայայտութիւններէն մէկն է այս:

Առանց դոյզն ամօթխածութեան, նման արտայայտութիւններ կը կատարեն անհաւատներ, Աստուծոյ վրայ իրենց ամբողջական յոյսն ու վստահութիւնը դրած բարեպաշտ անձերու հասցէին: Ինչպէ՞ս կրնաս փաստել թէ Աստուած մը գոյութիւն ունի, կ՛ըսեն անոնք միամիտ հաւատացեալին, վստահ ըլլալով որ շօշափելիօրէն պիտի չկարենայ փաստել Երկնայինին գոյութիւնը: Իսկ վերջինները, երբեմն անուս բայց հաւատաւոր մարդիկ, իրենց կարողութեան ներած չափով կը փորձեն փաստեր մատակարարել աջէն ու ձախէն, միշտ բարի ցանկութիւնը ունենալով իրենց դէմը կանգնած մարդուն հոգեկան աչքերը բանալու:

Այդպիսի բարի մարդ մը սափրիչի մը խանութը կը մտնէ: Սափրիչը կը սկսի գանգատիլ յաճախորդին, իր կրած դժբախտութիւններուն համար: Սակայն, իր բողոքը ան ոչ թէ յաճախորդին կ՛ուղղէ, այլ՝ ուղղակի Աստուծոյ: Եթէ Աստուած գոյութիւն ունենար, այս ամէնը չէին պատահեր, կը յարէ ան:

Հաւատացեալ յաճախորդը ներքնապէս կը զայրանայ մանաւանդ սափրիչին այն արտայայտութեան համար, որ բացայայտօրէն կը ժխտէր Աստուծոյ գոյութիւնը:

Մարդը սափրուելէ ետք, կը վճարէ աշխատավարձքը ու դուրս կու գայ խանութէն: Հազիւ քանի մը քայլ առած, պատահաբար իր դէմը կ՛ելլէ երկար ու անխնամ մազերով մարդ մը, որ թերեւս կեանքին մէջ սափրիչի մօտ չէր գացած: Ետ դառնալով, շուտով կը մտնէ սափրիչին խանութը եւ յաճախորդներուն դիմաց բարձրաձայն կ՛ըսէ.

- Սափրիչ չկա՞յ այս աշխարհի վրայ:

Յաճախորդներուն հետ, սափրիչն ալ անակնկալի կու գայ այս արտայայտութենէն, եւ զարմանքով կը յարէ տակաւին նոր դուրս եկած յաճախորդին:

- Քանի մը վայրկեան առաջ յարդարեցի մազերդ, իսկ դուն ինչպէ՞ս կ՛ըսես թէ սափրիչ չկա՞յ այս աշխարհի վրայ:

- Հիմա մարդ մը տեսայ որ երկար ու անխնամ մազեր ունէր, թերեւս կեանքին մէջ սափրիչի երես չէր տեսած ան, կը պատասխանէ յաճախորդը:

- Բայց եթէ իմ քովս չգայ, ես ուրկէ՞ պիտի իմանամ թէ ինք սափրուելու կարիք ունի, կ'ըսէ սափրիչը ինքնապաշտպանութեան դիմելով:

- Ճի՛շդ նոյնպէս ալ, դո՛ւն զԱստուած պիտի փնտռես, եւ եթէ փնտռես՝ անպայման կը գտնես զԱյն, կ՛ըսէ իմաստուն յաճախորդը ու կը մեկնի:

Սափրիչին նման անմիտ մարդոց շա՜տ կարելի է հանդիպիլ, որոնք ինքնահաւանութեամբ կուրցած, իրենց կարողութիւնները կ՛աստուածացնեն ու զանոնք կը պաշտեն, մոռնալով որ մարդ պէտք չէ դադրի իր կեանքին մէջ զԱստուած փնտռելէ: Աստուած պարտաստ է քովդ գալու, եթէ ընդունիս զԱյն քու սրտիդ մէջ: Սակայն երբ սրտիդ դուռը փակ է, ու մանաւանդ մերժում կայ զԱյն ներս ընդունելու, այն ատեն կը դադրի Ան քեզի համար գոյութիւն ունենալէ:

Աստուած իր գոյութիւնը փաստելու պէտք չունի: Քու գոյութիւնդ մեծագոյն փաստն է Իր գոյութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.