2010-02-04 13:53:58

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան բացում Տէր Զօրի մէջ- Սուրիա։

Հինգշաբթի 11 փետրուար 2010ին. Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեան Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքին մէջ բացումը պիտի կատարէ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան այսպէս հաղորդած է Հ Հ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը՝ Տիգրան Բալայեան։

Ըստ սուրիական Ուաթան օրաթերթին, Հայաստանի հիւպատոս նշանակուած է Տէր Զօրի բնակիչներէն Սուրէն Վարդանեան։

Գիւմրին 2011ին պիտի ունենայ նոր պատկերասրահ մը - Ըստ «Համայնքային զարգացման ծրագրի» ղեկավարի պաշտօնակատար Բաբգէն Բաբայեանի, Գիւմրին 2011ին պիտի ունենայ իր նոր պատկերասրահը, որուն համար ՄԱԿի զարգացման ծրագրի (ՄԱԶԾ) ծիրէն ներս, Գիւմրիի պատմական շէնքերէն մէկը պիտի վերակառուցուի եւ յանձնուի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան։

 Նոյն աղբիւրին համաձայն, արդէն իսկ աւարտած են տուեալ շէնքի նախագծային աշխատանքները եւ շուտով պիտի յայտարարուի շինարարական աշխատանքներու համար կազմակերպութեան ընտրութեան մրցոյթը:

 Նշենք, որ 1895ին կառուցուած նշեալ շէնքը, որ ցարական Ռուսիոյ համար ծառայած է իբրեւ գանձապետարան, աւերակ դարձած էր 1988ի երկրաշարժին։

 Նշենք նաեւ, որ պատկերասրահի համար անհրաժեշտ նիւթական միջոցները պիտի տրամադրուին Իտալիոյ կառավարութեան կողմէ:



Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց փոխնախարարը Վասիլի Աթաջանեանը

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ երէկ Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր մը՝ Վասիլի Աթաջանեանը Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ նշանակելու մասին



ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

ՆԵՏԵՆՔ, ԲՌՆԵՆՔ ՀԵՔԻԱԹԱՆՄԱՆ 4 ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ԳԷՈՐԳ ԱԲԵԼԵԱՆ

Պէյրութի Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարանէն 2009-ի աշնան, լոյս տեսաւ գունազարդ պատկերներով գրքոյկ մը. Նետենք, բռնենք խորագրով .անոր հեղինակն է ՝ յայտնի հրապարակագիր ու գրող Քեսապցի Գէորգ Աբէլեան, ծանօթ՝ Ձիւնական գրչանունով։

Հեքիաթանման չորս պատմութիւններ ընդգրկող հատոր մըն է ՜՜Նետենք, բռնենք՝՝ը, պատանիին եւ չափահաս ընթերցողին համար։ Պատմութիւններուն միջավայրը Քեսապն է։ Հայազգի գրող՝ Գէորգ Աբէլեան տարիներ շարունակ աշխատակցած է Պէյրութ լոյս տեսնող հայկական Ազդակ օրաթերթին հետ. իր երգիծախառն եւ այլ յօդուածներով, ուրկէ մեղմ կամ սուր սլաքներ կարձակուին լիբանանեան, հայրենի թէ միջազգային դէմքերու, յոռի երեւոյթներու ու դրոյթներու հասցէին։ Աբէլեան հեղինակն է նաեւ քանի մը այլ հատորներու, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւն ու կոթողականը՝ ՜՜Ցկեանս նահատակութիւն՝՝ հատորն էր, լոյս տեսած՝ մօտաւորապէս հինգ տարի առաջ, ուր մէկտեղուած էին ողբերգական ու յուզիչ պատմութիւնները Ցեղասպանութենէն փրկուած ու հարկադրաբար իրարմէ բաժնուած հարազատներու, որոնք զիրար կը վերագտնեն տասնամեակներ ետք, յաճախ պատահաբար, բանալով առաջին ողբերգութիւնը շարունակող էջեր ու ծալքեր։ Հատորը թարգմանուեցաւ քանի մը լեզուներու, անիկա կրնայ ոչ-հայ բարեկամներու տրուելիք գեղեցիկ նուէր մը ըլլալ, միաժամանակ հատու պատասխան մը՝ Ցեղասպանութիւնն ու անոր հետեւանքները ուրացող Թուրքիոյ իշխանութիւններուն։

Ներկայ ՜՜Նետենք, բռնենք՝՝ը իբրեւ նիւթ եւ թէ՛ մատուցում, աւելի թեթեւ եւ դիւրամատչելի գործ մըն է, կ՝ընդգրկէ չորս հեքիաթ. ՜՜Ձկնորսութիւն լերան կատարին՝՝, ՜՜Թռչող հորթը՝՝, ՜՜Թզենիին թռչունները՝՝ եւ ՜՜Թռիչք դէպի Ոսկի քաղաք՝՝։



ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱՅԱԳԷՏ ԳԷՈՐԳ ԽՐԼՈՊԵԱՆ

31 յունուար 2010ին Կլենտէյլի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքեց 82-ամեայ յայտնի հայագէտ, փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգ Խրլոպեան։

Գէորգ Խրլոպեան ծնած է 19 օգոստոս 1927-ին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ։ Անոր հայրը՝ Տիգրան Խրլոպեան, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հայագիտութեան բաժանմունքի հիմնադիր վարիչը եղած է։

Գէորգ Խրլոպեանի գրիչին կը պատկանին Անանիա Շիրակացու աշխարհահայեացքը, Հայ ընկերային իմաստասիրութեան, պատմութիւն, Գրիգոր Նարեկացու հումանիզմը եւ այլ մենագրութիւններ։ Ան հեղինակ է նաեւ 20 գրքոյկներու եւ շուրջ 400 գիտական յօդուածներու՝ նուիրուած հայագիտական, կրօնագիտական եւ ընկերաբանական հարցերու։ Դոկտ Խրլոպեան իր յօդուածներով աշխատակցած է հայկական զանազան թերթերուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.