2010-02-03 14:52:49

Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Ս. Հաղորդութիւնը եւ Աստուծոյ սէրը


Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Ս. Հաղորդութիւնը եւ Աստուծոյ սէրը



Կը շարունակէ իր ամէնօրեայ կրօնի դասերը: Վերջին տարիներուն դժուար կը հասկցուէին բառերը, որովհետեւ այլեւս ձայնը տկարացած էր: Ակռաները թափած էին, որով հնչումը դժուարին էր: Հետեւաբար ամէնքը կը ջանային մօտենալ իր բերնին, աւելի լաւ լսելու համար:

Երկու նիւթեր միայն միշտ շրթներուն վրայ էին՝ Ս. Հաղորդութիւնը եւ Աստուծոյ սէրը: Եղբայր Աթանաս կը վկայէ.

-Կը յիշեմ Կիրակի օրուայ մը յորդորը… գրեթէ բոլոր քարոզի պահուն կրկնեց սա բառերը. ‘Ո՜հ, հոգի իմ, որքա՜ն երջանիկ ես: Որքա՜ն մեծ ես: Կը սնանիս Աստուծով, կ’ոռոգուիս Աստուծոյ մը արիւնով’’:

Օր մը, ամբողջ քառորդ ժամ մը չդադրեցաւ լալէ եւ կրկնելէ.

-Ո՜վ եղբարներ, մենք պիտի տեսնենք, պիտի տեսնենք: Բնաւ կը մտածէ՞ք այս մասին: Մենք Աստուած պիտի տեսնենք: Զինք պիտի տեսնենք՝ ամենաբարին, զինք պիտի տեսնենք ինչպէս որ է… Երես առ երես… զինք պիտի տեսնենք… զինք պիտի տենսենք…

Երկնքի մէջ Աստուծոյ սէրը պիտի լեցնէ եւ ողողէ ամէն ինչ: Սակայն սէրը, ո՜հ, մենք անով պիտի գինովնանք, պիտի խեղդուինք, պիտի կորսուինք. աստուածային սիրոյ այդ ովկեանոսին մէջ, պիտի ոչնչանանք, հալած Յիսուսի Սրտի սիրոյն մէջ:

Կեանքի վերջին տարիներու կարծես մարդոց մեղքերը արձակելու իշխանութեան կողքին Աստուծմէ ընդունած է պարգեւ մխիթարելու, քաջալերելու զանոնք եւ կեանքերնին անուշցնելու: Այսպէս 1855ին Տէ Կարէ Կոմսն ու Կոմսուհին կը կորսնցնեն իրենց երկու քսան տարեկան զաւակները. քանի մը ամսուան տարբերութեամբ: Տիկին Կարէ խորտակուած է: Տէր Վիաննէ անոր տեւական նեցուկն է ու կ’օգնէ ամէ վայրկեան յուսադրելու զանիկա: Շատ մը ուխտաւորներ վկայեցին թէ ծերունի կրօնականը գիտցած էր զիրենք քաջալերել եւ արիացնել իրենց հոգեկան տագնապներուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.