2010-02-03 15:38:49

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 3 Փետրուար 2010 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի մեծաթիւ ուխտաւորներուն Ս Պօղոսի անուան սրահը։

Նորին Սրբութիւնը այսօր խօսեցաւ Ս Տոմինիքոսի մասին, հիմնադիրը՝ Տոմինիքեան Միաբանութեան։



Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Սուրբ Տոմինիքոս եղաւ Ս. ֆրանչիսքոսի ժամանակակից կօնաւորներէն, անոր նման ՜՜հիմնական վերանորոգումներ բերաւ եկեղեցիին՝՝, հիմնելով քարոզիչ եղբայրներու կարգը որը ապա կոչուեցաւ Տոմինիքեան Միաբանութիւն։

Տոմինիք Կուզման ծնած էր Սպանիոյ Կալարուեգա քաղաքը։ Մանկութենէն իսկ բնական բերում ցոյց տուած է եկեղեցական ուսմանց եւ բարեպաշտական կրթութեանց։ Քահանայ կը ձեռնադրուի 26 տարեկանին, մաս կազմելով՝ հոգեւոր դասին իր պատկանած թեմին՝ Օսմա քաղաքին մայր եկեղեցւոյ մէջ, իր եպիսկոպոսը խիստ կրօնական, կարգապահական ու հաւաքական կեանք մը ստեղծած էր հետեւելով Ս. Օգոստինոսի կանոններուն։ Տոմինիք նշանաւոր եղաւ իր հոգեւոր առաքինութիւններով եւ պաշտօնին մէջ բարձրանալու ձգտումէն հեռու, ստանձնեց իրեն յանձնուած պարտականութիւնները, ծառայելով խոնարհութեամբ եւ անձնուիրութեամբ։ Պայքարեցաւ Ալբիկեան աղանդաւորներուն դէմ որոնք տարածուած էին ֆրանսայի հարաւը։ Իր խստակեաց եւ աղքատ կեանքով քարոզեց Աւետարանը։ Մուրացկաններուն հետ եւ անոնց նման ապրեցաւ, նուիրուելով ուսմանց եւ աղօթքի, որպէսզի յաջողէր իր քարոզչական առաքելութիւնը։

՜՜ Խօսիլ միշտ Աստուծոյ հետ եւ Աստուծոյ մասին՝՝ այս էր իր տեսլականը։

՜՜Աստուծոյ խօսքը ՝՝ քարոզողները պարտին լաւ պատրաստուած ըլլալ ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով՝ քահանայական այս տարուան ընթացքին կը հրաւիրեմ քահանաները եւ ժառանգաւորները նմանելու Սուրբ Տոմինիքին, արժեւորելու հոգեւոր արժէքները եւ ուսումնասիրելու յայտնուած ճշմարտութիւնները, որոնցմէ կախում ունի անոնց քահանայութեան գործունէութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութեան աւարտին խօսեցաւ ՜՜ անձնական իշխանութեան փնտռտուքի եւ պաշտօնի մէջ բարձրանալու ձգտումի մասին. չարիքներ ըսաւ Սրբզ. Հայրը, որ նաեւ դժբախտաբար գոյութիւն ունին եկեղեցականներուն մօտ ալ։ Սրբազան քահանայապետը մեղադրեց եւ դատապարտեց այս կացութիւնը։

Ունկնդրութեան ներկայ էին նաեւ Ամերիկեան կրկէսի աճպարարները եւ լարախաղացները որոնք ներկայացումով մը հանդէս եկան Պօղոս Զ.ի անուան սրահը. Նորին Սրբութիւնը ողջունեց զանոնք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայացումին համար

Հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ.քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, մաղթանքս է որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը վեհանձնութեամբ սատարէ, ուրախութեամբ ծառայելու եւ սիրելու զԱստուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.