2010-02-03 14:53:10

Էջ մը հայ գրականութենէն Պարոյր Սեւակ (Ղազարեան, 19241971).

Հայ ժողովուրդի Անլռելի Զանգակատան խրոխտ բանաստեղծը


Էջ մը հայ գրականութենէն Պարոյր Սեւակ (Ղազարեան, 19241971).

Հայ ժողովուրդի Անլռելի Զանգակատան խրոխտ բանաստեղծը



26 Յունուարին, հայ ժողովուրդը տօնեց ծննդեան տարեդարձը իր հանճարեղ զաւակներէն Պարոյր Սեւակի։ Յատկապէս քաղաքամայր Երեւանը ամենայն հնչեղութեամբ աշխարհին լսելի դարձուց վերանորոգ պատգամը հայոց Անլռելի Զանգակատան խրոխտ բանաստեղծին։

Պարոյր Սեւակ 1959ին գրեց իր գլուխգործոցը հանդիսացող Անլռելի Զանգակատունը։ Պարոյր Սեւակ համարձակութիւնը ունեցաւ հընչեցնելու մեր ժամանակներու մարդկային ողբերգութեանց ամէնէն ահաւորներէն՝ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան, Հայկական Ցեղասպանութեան անլռելի զանգակատունը։ Անշուշտ վտանգի տակ դրաւ սեփական կեանքը եւ ընտրեց ուղի մը, որ ետդարձի կամուրջներ չունէր, շարունակ շղթաներ փշրելու եւ արգելքներ յաղթահարելու ծառացում կ'ենթադրէր, իշխանութեանց հետ մնայուն բախումի վտանգաւոր տատասկներով լեցուն էր եւ, անխուսափելիօրէն, մահուան հետ առճակատման կ'առաջնորդէր։ Անխուսափելին իրականացաւ՝ անհեթեթ ինքնաշարժի արկածի տեսքով, բայց խստագոյն դաժանութեամբ։ 47 տարեկանին անդարձ փշրուեցաւ մարմնեղէն անօթը Հայկեան Հանճարի Պարոյր Սեւակ անուն մեծութեան։

Քաղաքական իշխանութեան կարճատեսութիւնը խորհեցաւ, որ այդպէսով պիտի կարենար այլեւս լռութեան մատնել Սեւակեան Համարձակախօսութիւնը...

Բայց չարաչար սխալեցաւ։

Անկարելի էր լռեցնել Պարոյր Սեւակի ձայնն ու շունչը։

26 Յունուար 1924ին հայրենի Արարատի մարզի նախկին Չանախչի եւ, Սեւակի յիշատակին, այժմ Զանգակատուն անուանակոչուած գիւղը ծնած էր Ղազարեաններու Պարոյր զաւակը։ Սեւակ գրչանունը ան ստացաւ իր առաջին բանաստեղծութիւնները հրատարակութեան յանձնող Ռուբէն Զարեանէն, որ ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի նահատակ գրողներէն Ռուբէն Սեւակի, այդպիսով,՝ նորայայտ տաղանդին՝ Պարոյր Ղազարեան բանաստեղծին ոչ միայն տուաւ դիպուկ գրչանուն, այլեւ՝ կոչում, որպէսզի հայ ժողովուրդի նահատակներուն ամբողջ ձայնն ու շունչը խտացնէ իր բանաստեղծութեան մէջ։

Եւ Պարոյր Սեւակ եղաւ հայ գրականութեան ու մշակոյթին անխոնջ եւ անյագ ուսանողն ու վերծանողը։ Ի վերուստ իրեն շնորհուած մեծ տաղանդին՝ ան միացուց հայ գրողի գիտական պատրաստութիւնն ու բանասիրականմշակութային հարուստ պաշարը։ Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը 1945ին աւարտելէ եւ Ակադեմիայի Գրականութեան Հիմնարկին մէջ թեկնածուականը պաշտպանելէ ետք, 1951ին, Սեւակ ընդունուեցաւ Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան համաշխարհային գրականութեան բաժանմունքը, ուրկէ վկայուելով՝ միեւնոյն հաստատութեան մէջ պաշտօնավարեց իբրեւ դասախօս։ 1963ին վերջնականապէս վերադարձաւ երեւան, 1966ին ընտրուեցաւ Գրողներու Միութեան քարտուղար եւ մինչեւ ողբերգական մահը գործեց առաջին դիրքերու վրայ թէ՛ իբրեւ բանաստեղծ, թէ՛ իբրեւ բանասէր եւ թէ իբրեւ համարձակախօս հայ քաղաքացի։

Պարոյր Սեւակ արգասաբեր գրիչ ունէր։ Անկախ առանձին հատորներով լոյս տեսած իր բանաստեղծական գործերէն՝ Անհաշտ Մտերմութիւն (1953), Սիրոյ Ճանապարհ (1954), Նորից Քեզ Հետ (1957), Անլռելի Զանգակատուն (1959), Մարդը Ափի Մէջ (1962), Եղիցի Լոյս (1971) եւ Ձեր Ծանօթները (1971) գործերէն, ինչպէս նաեւ 1969ին հրատարակուած ՍայաթՆովա մենագրութենէն, Սեւակի ժառանգութեան մաս կը կազմեն հայ մամուլի էջերուն ցրուած թէ անտիպ ու կիսաւարտ մնացած գործերու ամբողջ հարստութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.