2010-02-03 14:55:25

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԳՈՒՄԱՐՈՒՈՂ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ


ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԳՈՒՄԱՐՈՒՈՂ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ



Չորս օրերու վրայ երկարած աստուածաբանական երկխօսութիւնը, որ սկսած էր չորեքշաբթի, 27 յունուար 2010-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, շաբաթ 30 յունուարին աւարտեց իր նիստերը, եւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ։

Այս 7-րդ նստաշրջանին համար առաջադրուած օրակարգի հիմնական հարցը եղաւ ՝ ՜՜Եկեղեցիներ ինչպէ՞ս ընդունեցին տիեզերական ժողովները եւ ինչպէ՞ս արտայայտեցին իրարու հետ իրենց հաղորդութեան մէջ ըլլալը, եւ այս երկու պարագաներուն Հռոմ մասնաւոր դերակատարութիւն մը ունեցա՞ւ ընդհանուր արժեւորման ենթարկուեցաւ՝՝ որ հիմնական նիւթն էր տրուած բոլոր դասախօսութիւններուն։ Ժողովի աւարտին ժողովական աշխատանքներու զեկուցումին որդեգրումը եւ յաջորդ ժողովին թուականին եւ վայրին ճշդումը կատարուեցաւ որ է 2011 ի Յունուար 24-29 , Վատիկանի մէջ։

Յայտնենք, որ լիբանանեան Թելէ Լիւմիեր պատկերասփիւռի կայանը հարցազրոյց ունեցաւ մասնակցողներուն հետ, որոնք իրենց տպաւորութիւնները փոխանցեցին ո՛չ միայն ժողովական աշխատանքներուն գծով, այլ նաեւ ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասին, որուն կողմէ հիւրընկալուած էր սոյն նստաշրջանը։

Կիրակի, 31 յունուարին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ, յընթացս ս. պատարագին, քարոզեց կարտինալ Ուոլթըր Գասբէր՝ ընդգծելով այն նոր իրավիճակը, որ ստեղծուած է այսօր եկեղեցիներուն միջեւ, որ զանոնք կառաջնորդէ դէպի եղբայրական սերտ յարաբերութիւններ մշակելու եւ առաւել եւս ամրապնդելու գործակցութիւնը։

Կարտինալը նաեւ վեհափառին փոխանցեց Պենետիկտոս ԺԶ պապի եղբայրական ողջոյնները, եւ ուրախութիւնը՝ ստեղծուած այս գեղեցիկ պատեհութեան համար։ Քարոզը մաս առ մաս հայերէնի թարգմանուեցաւ միջեկեղեցական յարաբերութեան բաժանմունքի վարիչ Նարեկ եպս Ալեէմեզեանի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.