2010-02-03 14:46:26

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՊԻՏԻ ՅԱՏԿԱՑՆԵՆ 40 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ։
Նախանցեալ օր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երկրի քոնկրեսին ներկայացուց 2011 թուականի պիւտճէի նախագիծը, որուն մէջ մասնաւորաբար առաջարկած է Հայաստանին 40 միլիոն տոլարի օգնութիւն յատկացնել։ Նախորդ տարի Օպամա առաջարկած էր Հայաստանին 30 միլիոն տոլար տրամադրել, սակայն Քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք այդ գումարը հասած էր 41 միլիոն տոլարի։ ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ այս տարի նոյնպէս կը պահպանուի Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան զինուորական օժանդակութեան հաւասարակշռութիւնը երկու երկիրներուն ալ արդարեւ պիտի յատկացուի 3,5 միլիոն տոլար։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՎՐԱՍՏԱՆ։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ճէյմզ Շթայնպերկ 4-5 փետրուարին պիտի այցելէ Հայաստան եւ Վրաստան։
ՖԻԼԻՓ ԿՈՐՏԸՆ ԿՈՉ ԿԸՆԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉԿԱՊԵԼՈՒ ՝՝ԱՅԼ ՀԱՐՑԵՐՈՒ՝՝ ՀԵՏ։
Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ֆիլիփ Կորտըն, Ուաշինկթընի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին դարձեալ յայտարարած է, որ հայ-թրքական արձանագրութիւնները անհրաժեշտաբար պէտք է վաւերացուին ու իրագործուին։ Ան նշած է, որ «Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը Միացեալ Նահանգներու համար յոյժ կարեւոր է»։ Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը, նշելէ ետք, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը եւ սահմաններու բացումը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, ընդգծած է՝ «Մեր համոզումով, հայ-թրքական յարաբերութիւնները պէտք է կարգաւորուին անկախ այլ հարցերէ, որովհետեւ այդ մէկը կը բխի երկու երկիրներուն շահերէն»։
՝՝Արապիա՝՝ արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը Կորտընի հարցուցած է Քոնկրեսին ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին մասին՝ յայտնելով, որ «Թուրքիոյ մէջ մտահոգութիւններ կը հնչեն, թէ հայ-թրքական համաձայնագիրի վաւերացման տապալումը կրնայ նոր շունչ հաղորդել Քոնկրեսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման ջանքերուն»։ Կորտըն պատասխանած է. «Կը կարծենք, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը այլ խնդիրներու հետ շաղկապուած չէ. այդ գործընթացը պէտք է ընթանայ այլ խնդիրներէ անջատ, որովհետեւ ատիկա կը բխի երկու երկիրներու շահերէն։ Մենք երկու երկիրներու կառավարութիւններուն հետ մշտական կապի մէջ ենք՝ քաջալերելով զանոնք յառաջ շարժիլ։ Ինչ կը վերաբերի ձեր յիշատակած օրինագիծին, ապա այդ խնդիրին վերաբերեալ նախագահ Օպաման արդէն իսկ յայտնած է իր տեսակէտը։ Մեր մօտեցումը նոյնն է՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը ինքնին դրական գործընթաց է, եւ անիկա պէտք է շարունակուի»։
2 Փետրուար 890 մահ՝ Բագրատունեաց Հարստութեան հիմնադիր Աշոտ Մեծ Թագաւորի։
2 Փետրուարին լրացաւ մահուան 1120-ամեակը Բագրատունեաց Հարստութեան հիմնադիր Աշոտ Առաջին Թագաւորին, որ Հայաստանի վերամիացման ու հայոց անկախ պետականութեան վերականգնման պատմակերտ գործին մէջ իր ունեցած հսկայական ներդրումին համար Աշոտ Մեծ անուանակոչուած է մեր ժողովուրդին կողմէ։ Աշոտ Մեծ Հայոց Պատմութեան հսկաներու փաղանգին մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունի՝ իբրեւ քաղաքական ռազմագէտ եւ ճկուն դիւանագէտ, որ կրցաւ առաւելագոյնս օգտուիլ, իր ժամանակին ամբողջ Փոքր Ասիոյ տիրապետող Բիւզանդական Կայսրութեան եւ Արաբական Խալիֆայութեան միջեւ առկայ հակամարտութիւններէն ու մրցապայքարէն՝ ի նպաստ հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումին ծառայեցնելով արտաքին, աշխարհաքաղաքական նպաստաւոր պայմանները։
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1-ԻՆ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԷՆ ԿԸ ՀԵՌԱՐՁԱԿՈՒԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԵՌՈՒՍՏԱԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՝ TV ARMENIA.RU ։
2010-ի սեպտեմբեր 1-ին Ռուսաստանէն պիտի սկսի հեռարձակուիլ առաջին-ազգային հայկական ՝՝TV ARMENIA.RU՝՝ հեռուստաընկերութիւնը: Մինչ այդ, սակայն, մարտ 1-ին Մոսկուայի մէջ տեղի կունենայ ՝՝TV ARMENIA.RU՝՝ հեռուստատեսութեան հիմնադիր ժողովը, իսկ սեպտեմբերի 1-ին կը սկսի հեռարձակել իր հաղորդումները:Հեռարձակումը կ՝իրականացուի արբանեակային և համացանցային կապով։ Հեռարձակումը կը կատարուի հայերեն եւ ռուսերեն լեզուներով:







All the contents on this site are copyrighted ©.