2010-02-02 15:08:46

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ ԿՈՒՆԵՆԱՅ ԵԱՀԿ-Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄԸ։

Այսօր Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ տեղի կ՝ունենայ ԵԱՀԿ-ի հերթական դիտարկումը՝ Թարթարի շրջանէն 8 քիլոմեթր դէպի հարաւ-արեւմուտք։ Լեռնային Ղարաբաղի կողմէ դիտարկումը պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք, անոր օգնականներ՝ Վլատիմիր Չունթուլով եւ Ժասլան Նուրթազին, իսկ Ազրպէյճանի կողմէ՝ դաշտային օգնականներ Իմրէ Փալաթինուս, Փիթըր Քի եւ Իրժի Ապերլէ։ Նշենք, որ անցեալ շաբաթ ազրպէյճանցիները պարբերաբար խախտած են զինադադարի դրութիւնը անոնք սահմանի ամբողջ երկայնքին կրակ բացած են ղարաբաղեան դիրքերուն վրայ։

ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ։
Հայաստան պիտի մասնակցի 15-16 փետրուարին Փարիզի մէջ նախատեսուած "Սեւծովեան գագաթաժողովին"։ - Թուրք գործարարները կը պահանջեն բանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը։ Թրքական "Միլլիյէթ" օրաթերթը կը գրէ."Միջազգային քամիները Հայաստանի օգտին կը փչեն"։ Օպամա Քոնկրէսին կ'առաջարկէ 2011-ին Հայաստանին 40 միլիոն տոլար օժանդակութիւն յատկացնել։

ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՝՝ՀԱՅ ԴԱՏԸ ԱՅՍՕՐ՝՝ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ։
Նախաձեռնութեամբ ՀՈՒՍԿ հաստատութեան, 28-29 յունուարին Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ ՝՝Հայ Դատը Այսօր՝՝ եօթներորդ խորհրդաժողովը, որուն քննարկման նիւթն էր Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւնները՝ վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ։ ՝՝Ալիք՝՝ թերթը կը տեղեկացնէ, որ նիւթի քննարկման ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեան, պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Գէորգ Ապուլեան, Իրանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան Գրիգոր Առաքելեան եւ ուրիշներ։ Այս Խորհրդաժողովին կից կազմակերպուած էր Արեւմտեան Հայաստանի պատմական վանքերն ու խաչքարերը ներկայացնող ցուցահանդէսը։


Ըստ Ռապըրթ Ֆիսքի՝ Իսրայէլ Այլեւս Չի Կրնար Անտեսել Ցեղասպանութեան Հարցը

Բրիտանացի հանրածանօթ վերլուծաբան եւ յօդուածագիր Ռապըրթ Ֆիսք բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթին մէջ Շաբաթ, Յունուար 30ի իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «Իսրայէլ այս օրերուն դարձեալ յարգանքի տուրք կը մատուցէ 20րդ դարու երկրորդ ողջակիզման զոհերու յիշատակին»: Սակայն, ըստ յօդուածագրին, Իսրայէլի հայկական համայնքի անդամները չեն մասնակցիր իսրայէլեան պաշտօնական արարողութիւններուն, որովհետեւ Իսրայէլ ցարդ պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Ֆիսք կը գրէ, թէ Իսրայէլի կեցուածքը կը փխէր այն իրողութենէն, որ իսրայէլացի ղեկավարներուն համար թուրք-իսրայէլեան դիւանագիտական եւ ռազմավարական յարաբերութիւնները աւելի կարեւոր էին քան Ցեղասպանութիւնը:
Ըստ Ֆիսքի, Հայկական Ցեղասպանութեան նկատամամբ Իսրայէլի իշխանութեանց կեցուածքը սկսած է փոխուելու, իբրեւ հակադարձութիւն՝ Իսրայէլի դէմ Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն որդեգրած բացասական կեցուածքին: Միւս կողմէ Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Ռուվէն Ռիվլին ըսած է, որ Իսրայէլը պէտք է «ամէն տարի» յարգանքի տուրք մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։Բրիտանացի վերլուծաբանին յօդուածին մէջ կը նշուի, թէ իսրայէլեան մամուլը այժմ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ՝՝ողջակիզում՝՝ կ՛անուանէ. անուանում մը, որ նախապէս վերապահուած էր միայն հրեաներու ցեղասպանութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.