2010-02-01 13:28:13

Ծիսական Ժամանակացոյց

Կիրակի 31 Յունուարէն Շաբաթ 6 Փետրուար 2010


Ծիսական Ժամանակացոյց

Կիրակի 31 Յունուար 2010, Առաջաւորի Ա. Կիրակին է

Երկուշաբթի մէկ Փետրուար 2010, հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Ատովմեանք զօրավարներու՝ Ատովմի, Վարոսի, Ներսեհի, Վարձաւորի եւ Մանահիճիրի տօնը։

Ատովմեանք զօրավարներու նահատակութիւնը տեղի ունեցաւ Ե. դարուն, վարդանանց պատերազմէն երկու տարի առաջ։ Երբ Վռամեառ Յազկերտ, կասկածելով իր բոլոր քրիստոնեայ հպատակներէն եւ մասնաւորաբար հայերէն, կ՝աշխատէր անոնց մէջ զինուորական ոյժ ներկայացնող տարրերը պատերազմական պատրուակով հեռացնել

օտար եւ հեռու երկիրներ, Ատովմ Գնունի եւ Մանահիճիր Ռշտունի եւս պարտաւորուեցան իրենց գունդերով պարսկաստանի խորագոյն կողմերը երթալ։ Պարսիկներէն հալածուելով անձնատուր եղան եւ նահատակուեցան Չիակալ կոչուած տեղը։ Անոնց հետ նահատակուեցան Վարս Գնունի, Վարս Ոստանիկ, Ներսեհ Երուանդունի եւ Վարձաւոր Արծրունի։

Մէկ փետրուարին նաեւ կը յիշատակենք Սուրքիաստեանց նահատակներուն տօնը անոնք 18 պալատական Ալաններ են որոնք Արտաշէս թագաւորին հարսանիքին առթիւ, Հայաստան եկան Սաթենիկ թագուհիին հետ, եւ Ոսկեաններէն մկրտուելով ճգնողական կեանքի անձնատուր եղան նախ Ձաղկէ ապա Սուկաւէտ լերան վրայ։ Այնքան անհաղորդ մնացին մարդոց հետ որ իրենց մարմինները մամռոտ քարերու կը նմանէին։ Գինգիանոս Ալանաց թագաւորը իրենց երկիրը հրաւիրեց զիրենք, սակայն անոնք մերժեցին չուզելով հրաժարիլ իրենց քրիստոնէական եւ ճգնողական կեանքէն։ Պատուիրակները անոնցմէ իւրաքանչիւրը պրկեցին չորս չորս ցիցերու վրայ եւ խանձնեցին ջահերով եւ լապտերներով. յետոյ ամէնքն ալ սուսերամահ կոտորուեցան, 130 թուականոն։



Երեքշաբթի 2 Փետրուար Տեառնընդառաջ է. տօն Յիսուսի տաճար ընծայման իր ծնունդէն քառասուն օրեր ետք, եկեղեցւոյ անշարժ տօներէն մէկն է որ կը յիշատակուի փետրուար 2ին. իսկ հայ առաքելական եկեղեցին կը յիշատակէ 14 փետրուարին։

Չորեքշաբթի 3 Փետրուարին տօնն է Ս. Վլասին (ըստ լատինաց)

Ս. Վլաս, եպիսկոպոս Սեբաստիոյ ի փոքր Հայս , սրբակեաց եւ հրաշագործ հովիւ մըն էր որ Դիոկղետիանոսի հալածանաց ժամանակ կը քաջալերէր նահատակները։ Կոկորդի ցաւէն տառապողները այս սուրբին տօնին օրը եկեղեցի կ՝երթան իրենց կոկորդը Ս. իւղով օծել տալու համար։

Հինգշաբթի 4 Փետրուարին տօնն է Ոսկեանց քահանաներուն։

Ոսկեան քահանաները- Ըստ ազգային աւանդութեան, դեսպանութեամբ Հռոմէն հայոց Սանտրուկ թագաւորին ղրկուած հինգ հոգիներն էին որոնց գլխաւորն էր Խռուսի այսինքն Ոսկի։ Անոնք իրենց ճամբուն վրայ հանդիպեցան Թադէոս առաքեալին եւ աշակերտելով մկրտուեցան անկէ։

Ոսկի՝ նաեւ քահանայ ձեռնադրուեցաւ։ Առաքեալին նահատակութենէն ետք Ոսկեանք 40 տարիներ ճգնողական կեանք վարելէ ետք հայոց Արտաշէս թագաւորին եւ Սաթենիկ թագուհիի արքունիքը եկան քրիստոնէութիւնը քարոզելու համար. բայց յաջողեցան միայն թագուհին եւ ազգականները քրիստոնեայ դարձնել, որոնք Ալան էին։ Ոսկի զանոնք հոն մկրտեց, Եփրատի ակունքին մէջ եւ անոնց գլխաւորը կոչեց Սուքիաս։ Այս դէպքէն ետք Արտաւազդ արքայորդին խողխողել տուաւ Ոսկեանները, 107-ին. իսկ Սուքեասեանք եկան ամփոփեցին անոնց մարմինները եւ անոնց տեղ իրենք կրօնաւորեցան։

Շաբաթ 6 Փետրւարին տօնն է Ս. Սահակ հայոց հայրապետին։

Սահակ Պարթեւ հայրապետ, Որդի մեծն Ներսեսի, ծնած էր 348-ին։

Նախնական եւ բարձրագոյն կրթութիւնը առած էր Կեսարիա եւ Բիւզանդիոն։

Ամուսնացած էր եւ ունէր միակ զաւակը Սահականոյշ։ 387-ին ան յաջորդեց Ասպուրակէսին իբր կաթողիկոս ամենայն հայոց։ Իր հայրապետական եւ վարչական գործունէութեան հետ միասին կ՝ընթանայ իր գրական եւ կրթական գործունէութիւնը որով հաւաարապէս անմոռաց մնաց իր անունը ազգային պատմութեան մէջ եւս։

Ինքն էր որ հայ գիրերու գիւտին ձեռնարկը հովանաւորեց եւ մեծապէս օգնեց հայ այբուբէնը դասաւորելու գործին։Իրեն կը վերագրուին ժամագիրքը, պատարագամատոյցը, մաշտոցը եւ այլն. ան իր արդիւնաւոր կեանքը կնքեց 437-ին, 89 տարեկանին։

Իրմով փակուեցաւ Լուսաւորչի տոհմական գիծը։ Մարմինը ամփոփուեցաւ Աշտիշատ, ուր գերեզմանին վրայ շինուեցաւ շքեղ եկեղեցի մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.