2010-02-01 13:40:27

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՀԱԶԱՐ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐ ԱՔՍԱԷՆ ՓՈԽՀԱՏՈՒՑՈՒՄ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆ։
Ամերիկահայ փաստաբան Վարդգէս Եղիաեան եւրոպական ՝՝Օրօր՝՝ ամսագիրին յայտնած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու կամ տուժածներու շուրջ հազար ժառանորդներ 31 Յունուարէն սկսեալ երկու շաբթուան ընթացքին ֆրանսական ՝՝ԱՔՍԱ՝՝ ապահովարական ընկերութենէն պիտի ստանան իրենց փոխհատուցման գումարները։ Ամերիկահայ Փաստաբանը ըսած է, որ 12 հազար դատական խնդրանքներ մերժուած են, եւ այդ մասին բոլոր խնդրողները տեղեակ պիտի պահուին։ Ինչպէս ծանօթ է, ՝՝ԱՔՍԱ՝՝ի դէմ յարուցուած դատական գործին իբրեւ արդիւնք 2007-ին հայ փաստաբաններու խումբը դատը շահած էր։ 175 միլիոն տոլարի փոխհատուցումէն 11 միլիոնը պէտք է բաժնուի ժառանգորդներուն, իսկ մնացածը՝ փաստաբաններուն եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններուն։
ԸՍՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԻՇԽՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷԿ ՎԱՅՐԿԵԱՆ ԱՌԱՋ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ ԲՈԼՈՐԻ ՇԱՀԵՐԷՆ ԿԸ ԲԽԻ։
Թրքական ՝՝Հապերճինիզ՝՝ կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ, Ուրֆայէն երեսփոխան ընտրուած երեսփոխան Ապտիւլքատիր Էմին Էօնեն յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու մէկ վայրկեան առաջ կարգաւորումը բոլորի շահերէն կը բխի։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կուսակիցը նշած է հետեւեալը .՝՝Կ՝ըսենք հայկական հարց։ Սակայն չէ որ Հայաստան ի վերջոյ մեր դրացին է, իսկ մենք միշտ այս խնդիրը չենք նայած եւ մէկ կողմ դրած ենք։ Հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորող արձանագրութիւններու ստորագրումը բոլոր երկիրներու շահերէն չի բխիր։ Անոնց շարքին անոր դէմ է հայկական սփիւռքը։ Սակայն մենք պէտք է յաղթահարենք այս հարցը(նշած է Էօնեն) եւ յիշեցուցած, որ 2008-ի ամրան Ռուսիա-Վրաստան պատերազմէն ետք Թուրքիա առաջարկեց Կովկասեան կայունութեան եւ անվտանգութեան ուխտ ստեղծել։ Վրաստան, Հայաստան եւ Ռուսիա այդ գաղափարին դրական արձագանգած են։
ԼՈՆՏՈՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍՆՈՂ ԱՐԱԲԱԿԱՆ "ՀԱՅԱԹ ՝՝ ԹԵՐԹԸ ԿԸ ԳՐԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԱՍԻՆ։
՝՝Հայաթ՝՝ թերթը կը գրէ, որ Թուրքիա երկակի չափանիշեր կ՝օգտագործէ, երբ մէկ կողմէ իրաւունքի եւ արդարութեան մասին կը խօսի, իսկ միւս կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը մերժէ։ Արդարեւ Արաբական մամուլը Թուրքիային կը յիշեցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ։ Թուրքիոյ Քիւրտերուն դէմ իրականացուող խտրականութիւնն ու ճնշումները ուղղակի կ՝արժեզրկեն վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝՝Կազայի հատուածի՝՝ առնչութեամբ հնչեցուցած արդարութեան և խղճի մասին կոչերը ու յայտարարութիւնները ։ Թուրքիան դեռ ներողութիւն չէ խնդրած հայերէն և ասորիներէն ։ Այս մասին գրած է Լոնտոն հրատարակուող արաբալեզու ՝՝Al Hayat՝՝ թերթը։«Արդարությունն ու իրաւունքները կարելի չէ իրարմէ տարանջատել ։ Անոնք որոնք կը խօսին իրաւունքներու և արդարութեան մասին , միւս կողմէ կ՝անտեսեն այդ արժէքները, կիրարկելով երկակի ստանդարտներ ։Գաղտնիք չէ, որ նոյնպէս կը գործէ նաև Թուրքիոյ իշխող ՝՝Արդարութիւն և Բարգաւաճում ՝՝ կուսակցութիւնը ։ Թուրքիան չ՝ընդունիր միլիոնաւոր հայերու և ասորիներու դէմ իրականացուած էթնիկ զտումները, այդ ժողովուրդները իրենց բնօրրանէն արմատախիլ ընելու փաստը։ Ընդհակառակը՝ Թուրքիան ՝՝կը դատապարտէ՝՝ բոլոր անոնք որոնք կը համարձակին խօսիլ այդ դէպքերու մասի ։ Թուրքիան չի ճանչնար այդ կոտորածները, իսկ Վարչապետ Էրտողանի յիշատակած ՝՝արդարութիւնը ՝՝ պէտք է ճանչնայ թրքական պետութեան իրականացուցած Ցեղասպանութիւնը»,( կը գրէ արաբալեզու պարբերականը) յիշեցնելով, որ թուրք յայտնի գրող Նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքի դէմ Թուրքիոյ մէջ արշաւ սկիզբ առաւ հայերու և քիւրտերու կոտորածներու մասին իր ունեցած արտայայտութեանց պատճառաւ։ «Թրքական բանակը 20 տարուայ ընթացքին սպաննած է 30 հազար հոգի, հազարաւոր քրտական գիւղեր պարպուած և այրուած են։ Չորս միլիոնէ աւելի քիւրտեր լքած են իրենց տուները, փախած են և հաստատուած մեծ քաղաքաներու մէջ։ Քրտական շրջաններու նկատմամբ կիրարկուած է ՝՝շրջափակում՝՝ որը աւելի սարսափելի էր, քան Իսրայելի՝ Կազայի նկատմամբ իրականացուցած շրջափակումը։ Սակայն ոչ Էրտողանը, ոչ ալ անոր կուսակիցները մէկ բառ անգամ չըսին այդ մասին, չյիշեցին՝ ոչ սպաննուած երխաները եւ ոչ ալ աղաղակող կիները »,(կ՝եզրափակէ Al- Hayat թերթը )։
ԷՐՏՈՂԱՆ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՄԱՍԻՆ ։ Թուրքիոյ Վարչապետ Էրտողան կը յայտնէ, որ Մինսքի խմբակը Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման նկատմամբ անհոգութիւն ցոյց կու տայ։
ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ։Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան Վասիլի Աթաջանեանը նշանակեց արտաքին գործոց փոխնախարար։
ԵՐԵՒԱՆ ։Յունուարին Երեւանի մէջ 1636 ծնունդներ արձանագրուած են։
ԹԵՀՐԱՆԻ «ԱՐԱՐԱՏ » ԱՂՋԿԱՆՑ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԽՈՒՄԲԸ ԻՐԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ։ Ուրբաթ, Յունուար 29ի առաւօտեան, Թեհրանի պասքեթպոլի «Արարատ» աղջիկներու խումբը, որուն մարզիկները յայտնի են իբրեւ «թռիչքներու վարպետներ», երրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ Իրանի ախոյեան՝ «Սուփըր Լիկայի» առաջնակարգ մրցումներուն:
 93-63 արդիւնքով յաղթելով «Սեփահանի Ֆուլատէ Մոպարաք» առաջնակարգ խումբին՝ «Արարատ»ը դարձաւ Իրանի ախոյեան ու մեծ խանդավառութիւն պատճառեց հայ երկրպագուներուն: Այսպիսով, Թեհրանի «Արարատ»ը, իբրեւ Իրանի միակ ներկայացուցիչ, պիտի մասնակցի Իրաքի Արպիլ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան Ասիոյ բաժակի ախոյեանութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.