2010-01-31 14:39:21

ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ վԱՐԴԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ

ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՊԱՐՍԿԵՐԷՆ ՀԱՏՈՐԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ


ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ վԱՐԴԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ

ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՊԱՐՍԿԵՐԷՆ ՀԱՏՈՐԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ



15 յունուարին Իրանի Արուեստագէտներու տուն մշակութային համալիրի Պեթհովեն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդան Յովհաննիսեանի ճարտարապետութիւնը գիրքին շնորհահանդէսը, որ ուսումնասիրական խմբական աշխատանքի արդիւնքն է՝ Իրանի զարգացման շրջանի ճարտարապետութիւն, ոչ պետական հետազօտական խումբի։ Հատորի համահեղինակներն են ճարտարապետներ՝` Զոհրապ Սորուշեան, Վիքթոր Դանիէլ եւ Պիժան Շաֆէի։

Ճարտարապետ Վարդան Յովհաննիսեան եղած է 20-րդ դարու 30-ական թուականներէն սկսեալ Իրանի (ի մասնաւորի մայրաքաղաք Թեհրանի) շարք մը նշանաւոր պետական, կրթական, առեւտրական եւ բնակելի նոր ոճով շինութիւններու նախագծողը։

Շնորհահանդէսի ընթացքին նշուեցաւ Զարգացման շրջանի ճարտարապետութիւն խումբին գործունէութեան 25-ամեակը եւ ճարտապետներ՝` Պիժան Շաֆէի, Վիքթոր Դանիէլ, հատորի հրատարակչական տնօրէն Թապաթապայի եւ երեկոյի հաղորդավար ճարտարապետ Համիտ Նասեր-Նասիր խօսեցան Իրանի մէջ ինքնուրոյն հետազօտական աշխատանք տանելու դժուարութիւններուն մասին եւ խումբին տարած աշխատանքներուն եւ հրատարակած երեք գիրքերուն կապակցութեամբ։ Այնուհետեւ ճարտարապետներ՝` դոկտ Էսքանտար Մոխթարի, Զոհրապ Սորուշեան եւ դոկտ Ալիաքպար Սարեմի խօսեցան հատորին եւ Վարդան Յովհաննիսեանի մասին։ Բանախօսներու ելոյթներուն հետ զուգահեռ, կը ցուցադրուէր ճարտարապետ Վարդան Յովհաննիսեանի եւ այլ ճարտարապետներու (Զարգացման շրջանի) նախագծած կառոյցներուն սահիկները։








All the contents on this site are copyrighted ©.