2010-01-31 14:40:03

Հայ ազգի նշանաւոր դէմքեր - Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Հայ ազգային քաղաքական արժէքներու արթուն պահակը .


Հայ ազգի նշանաւոր դէմքեր - Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Հայ ազգային քաղաքական արժէքներու արթուն պահակը .



26 Յունուարին լրացաւ մահուան 53րդ տարելիցը հայ մամուլի անմահ տիտանին՝ Շաւարշ Միսաքեանի։ Իր մեծարժէք ձեռակերտն ու միաժամանակ փառքի դափնեպսակը մարմնաւորող փարիզեան ՝՝Յառաջ՝՝ թերթով՝ Շաւարշ Միսաքեան հայ իրականութեան մէջ ստեղծեց իր ամէնօրեայ դպրոցը, որ ընթերցող լայն հասարակութեան ազգայինքաղաքական նկարագիր տուաւ եւ շունչ ու հաւատք ներարկեց հայ ժողովուրդի ապագային հանդէպ։ Շաւարշ Միսաքեան լոյս աշխարհ եկաւ 1884ի Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Կիրակին, Սեբաստիա նահանգի Զիմառա գիւղը։ 6 տարեկանին ընտանիքը փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր Շաւարշ յաճախեց, յաջորդաբար, Գում Գափուի Մայր Վարժարանը, Կալաթայի Կեդրոնականը եւ Կէտիկ Փաշայի Կարկուրեան դպրոցը։ 16 տարեկանին մուտք գործեց հրապարակագրութեան ասպարէզ՝՝Սուրհանդակ՝՝ թերթի խմբագրութեամբ։

Շաւարշ Միսաքեանի հրապարակագրական ինքնահաստատումը սկսաւ 1908ին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ ձեռնարկեց Պոլսոյ ՝՝Ազդակ՝՝ շաբաթաթերթի հրատարակութեան։ 1911-1912ին ստանձնեց Կարնոյ հռչակաւոր ՝Յառաջ՝՝ թերթին խմբագրութիւնը։ 1913ին Պոլիս վերադարձաւ մաս կազմելու համար Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ ՝՝Ազատամարտ՝՝ի խմբագրութեան՝ ստանձնելով նաեւ պատասխանատուութիւնը ՝՝Ազատամարտ՝՝ շաբաթաթերթին։

Իր ազգային-քաղաքական հայեացքներուն ու կեցուածքներուն համար Շաւարշ Միսաքեան տեւական հետապնդումի ենթարկուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ եւ փախստական՝ թաքստոցային պայմաններու մէջ կը շարունակէր խմբագրական իր աշխատանքը 1915ին, երբ Օսմանեան Պետութիւնը ի գործ դրաւ հայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութեան եւ աքսորի ճամբուն վրայ սպանութեան ահաւոր ոճիրը։ Մինչեւ 1916ի Մարտը Շաւարշ կրցաւ խուսափիլ իշխանութեանց հետապնդումներէն, բայց ի վերջոյ ձերբակալուեցաւ՝ երբ կը փորձէր Պոլիսէն հեռանալ ու Պուլկարիա անցնիլ։ Դատուեցաւ եւ մահուան դատապարտուեցաւ, բայց վճիռը ցկեանս բանտարկութեան վերածուեցաւ եւ Շաւարշ բանտ մնաց մինչեւ 27 նոյեմբեր 1918, երբ Զինադադարէն ետք ազատ արձակուեցաւ։ Այսպէս սկսաւ Շ. Միսաքեանի խմբագրական առաքելութեան կարեւոր շրջաններէն մէկը, երբ զինուորագրուեցաւ գլխատուած պոլսահայ մտաւորականութիւնը վերաշխուժացնելու անխոնջ պայքարին՝ ստանձնելով ՝՝Ազատամարտ՝՝ի շարունակութիւնը եղող ՝՝Ճակատամարտ՝՝ի խմբագրութիւնը։ Շաւարշ յաջողեցաւ նոր ուժեր յայտնաբերել եւ թերթին կապել՝ ընդհանրապէս կենսունակութիւնը վերադարձնելով պոլսահայ իրականութեան։ 1922ին, Քեմալականներու իշխանութեան աստիճանական ամրապնդման հետեւանք նոր հալածանքներէ խոյս տալով, Շաւարշ Միսաքեան վերջնականապէս հեռացաւ Պոլիսէն, անցաւ նախ Պուլկարիա, իսկ այնուհետեւ՝ 1924ին, հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր տարի մը ետք հիմնեց Յառաջ օրաթերթը։ Աւելի քան երեսուն տարի, Շաւարշ Միսաքեան առաջնորդող ներկայութիւն եղաւ ոչ միայն Եւրոպայի, այլեւ ողջ հայ իրականութեան մէջ ։

Յատկապէս հայ հրապարակագրութեան մէջ անզուգական եղաւ Շաւարշ Միսաքեանի ներդրումը։ Ռուբէն Զարդարեանի կողքին՝ Շաւարշ Միսաքեան մեծագոյն դեր կատարեց արեւմտահայ արձակը ՝՝հրապարակագրական լեզուի՝՝ վերածելու յիշարժան գործին մէջ։ Իր խմբագրականներն ու տոմսերը ամէնօրեայ տաք հացի պէս գաղափարական սնունդը դարձան իրերայաջորդ սերունդներու՝ Ֆրանսայի մէջ թէ սփիւռս հայաշխարհի։








All the contents on this site are copyrighted ©.