2010-01-30 12:39:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Շաբաթ 30 Յունուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց.

Կարտինալ Ժորժ Բէլ, առաջնորդը Սիտնէի թեմին,

Անգլիոյ եւ Կալլէսի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց գերապայծառ Բեդար Ռաժին` առաքելական դեսպանը Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի մօտ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Ռէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Փետրուար 2. Տեառնընդառաջ։

Տօն Աստուծոյ Որդւոյն տաճար գալստեան, ծննդեան 40 օր ետք։ Այս յիշատակութիւնը նաեւ կը կոչուի լոյսի եւ հանդիպումի տօն։ Ծնունդ առաւ 4-րդ դարուն Արեւելքին մէջ ապա տարածուեցաւ Հռոմ՝ ունենալով որպէս յատկանիշ ապաշխարութիւնը, եւ ապա Կալլէս՝ ունենալով որպէս յատկանիշ մոմերու օրհնութիւն եւ մոմերով թափօր։ Շարդրի սուրբ Իվը եւ սուրբ Անսելոսը, մեկնաբանելով՝ մոմին նշանակութիւնը կը գրեն մոմը (կոյս մեղուի արտարութիւն) կը պատկերացնէ Քրիստոսի կուսական մարմինը, որ ծնանելով անաղարտ պահեց Ս. Կոյս մարիամը, պատրոյգը, որ կը գտնուի մոմին մէջ, Քրիստոսի մարդկային հոգին կը ներկայացնէ, կրակը, որ կը վերեւ կը լուսաւորէ, կը պատկերացնէ Քրիստոսի աստուածութիւնը։

Տեառնընդառաջի յիշատակութեամբ կը փակուին Յիսուսի ծննդեան տօնակատարութիւնները ու Ս. Կոյս Մարիամի ընծայումով եւ Սիմէոն ծերունիի մարգարէութեամբ ճանապարհը կը սկսի դէպի Զատիկ։

Յայտնենք թէ Տեառնընդառաջի Աւետարանին մէջ, ուր Ղուկաս կը նկարագրէ Յիսուսի թլփատութիւնը եւ ընծայումը, այդ դէպքին մէջ կը գտնենք արժէքներ ինչպէս. Յովսէփ Աստուածահօր եւ Մարիամի հնազանդութիւնը Տիրոջ օրէնքին, աղքատութիւնը սուրբ զոյգին, կուսական վիճակը Յիսուսի Մօր, կոյս մոմին խորհրդանիշը ( Քրիստոս կոյս եւ Մարիամ կոյս) եկեղեցւոյ թելադրեցին որ այս յիշատակութիւնը ըլլայ նաեւ տօնը անոնց որոնք իրենք զիրենք նուիրած են Տիրոջ ու եղբայրներուն ՜՜նուիրեալ կեանքի՝՝ իր զանազան երեւոյթներով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.