2010-01-30 12:49:53

Հրանդ Տինքի սպաննութեան տարելիցի նշումը Հռոմի մէջ


Հրանդ Տինքի սպաննութեան տարելիցի նշումը Հռոմի մէջ

2010-ի ի խնդիր ՜՜Ազատ տեղեկատուութեան ՝՝ Հրանդ Տինքի նուիրուած մրցանակի տուուչութիւնը իտալացի ծանօթ լրագրող Թօնի Քապուոցցօ-ին։



Պոլսոյ Ակօս երկլեզու շաբաթաթերթի հիմնադիր ու տնօրէն Հրանդ Տինքի՝ ողբերգական սպաննութեան տարելիցը մեծ շուքով յիշատակուեցաւ Պոլսոյ մէջ ու նաեւ Մայր Հայրենիքին, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի բոլոր գաղութներու մէջ։

Յարգանքի տուրք մատուցելու ազգային իր պարտականութիւնը կատարեց նաեւ

Հռոմահայութիւնը։

Արդարեւ երեք տարիէ ի վեր Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդը համագործակցութեամբ՝ ՜՜լրագրողներ առանց սահմանի՝՝միջազգային ընկերակցութեան, եւ Հռոմի Լեւոնեան հայ վարժարանին, եւ հովանաւորութեամբ՝ Հռոմի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան գրասենեակին , ՜՜ Հրանդ Տինքի ՝ ի խնդիր Ազատ տեղեկատուութեան ՝՝ մրցանակով կը վարձատրէ իտալացի փոքրամասնութեանց հարցերով զբաղող՝ արժէքաւոր լրագրողները։ Այս տարի պարգեւատրուեցաւ Իտալացի ծանօթ հեռուստատեսիլի լրագրող Թօնի Քապուոցցօ-ն։

Պարգեւատրման երեկոյթը տեղի ունեցաւ Լեւոնեան վարժարանի հիւրասրահին մէջ, Ուրբաթ 22 Յունուար 2010-ի ժամը 18-ին։

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Հռոմահայ երիտասարդուհի՝ Լուսին Աթթարեանի թելադրիչ ընթերցումովը. ան կարդաց Հրանդ Տինքի գրի առած վերջին յօդուածը (գրած սպանութենէն երեք օր առաջ) ուր կ՝ըսէր թէ ինքզինք աղաւնիի մը չափ անհանգիստ ու անհանդարտ կը զգար։

Ապա օրուան հանդիսավարը Օր. Նայիրի Մերքատէնթի (հռոմահայ գաղութէն) բացատրեց մրցանակի նպատակակէտը։ Ապա հակիրճ միջամտութեամբ մը խօսք առաւ Է լիբրանտի որ յիշեց տեղեկատուութեան կարեւորութիւնը ազատ ընկերութենէն մը ներս եւ թէ որքան թանկագին է որպէս մեր մշակոյթի յիշողութիւն։

Որմէ ետք բեմ եկաւ Տօմէնիքօ աֆֆինիթօ ՜՜լրագրողներ առանց սահմանի՝՝միջազգային ընկերակցութեան իտալիոյ փոխ նախագահը որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Թօնի Քապուոցցոյին վարձատրութեան կապակցութեամբ ըլլալով ան անկախ լրագրող մը որ երբեք չէ վարանած քննարկելու հրատապ հարցեր ինչպէս Իրաքի մէջ եւ ինչպէս Աֆղանիստանի մէջ։

Իսկ երեսփոխան ֆետերիքօ Ռոքքա որպէս ներկայացուցիչ Հռոմի քաղաքապետարանին վերանորոգեց բարեկամութեան իր զգացումները հռոմահայ համայնքի նկատմամբ որուն հետ գործակցութիւնը յառաջ կ՝երթայ երկար տարիներէ ի վեր եւ ինչպէս ալ պիտի շարունակուի անմիջական ապագային մէջ։

Հուսկ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի փոխ նախագահ՝ տոքթ. Ռոպէր Աթթարեան բեմ հրաւիրեց մեծարեալ լրագրող՝ Թօնի Քապուոցցօ-ն եւ երուսաղէմի կաթ հայոց վիճակաւորը Գերպ. Ռաֆայէլ Մինասեան որ յանձնեց մրցանակը պարգեւատրեալ լրագրողին, որ մեծ ոգեւորութեամբ արտայայտուելով՝ յիշեց իր հայ բարեկամները նոյնիսկ իր ասպարէզի սկիզբը Երուսաղէմի մէջ, ապա Հռոմի հայ համայնքը , գնահատելով այս ազգի երկխօսութեան կարողութիւնը առանց ինքնահաւանութեան. ՜՜բարեհաճ ազգ մը որ ճանչցաւ անասելի տառապանք՝՝։ Աւելցնելով որ հպարտ է ստանալով այս մրցանակը որ կը կրէ բարձրարժէք լրագրող Հրանդ Տինքի անունը։

Հուսկ բանքը արտասանեց Գերապատիւ Հ. Թովմաս վրդ Կարապետեան Տեսուչը Հռոմի Լեւոնեան Հայ դպրեվանքին որ անգամ մը եւս վերյիշեց Հրանդ Տինքի սպաննութեան պահը, վեր առաւ ողբացեալին մարդկային ու թրքահայ մտաւորականի արժանիքները։

Այս հանդիսութեան ներկայ էին ի շարս որոնց Իտալիոյ Մօտ Հ Հ դեսպանութեան կցորդ՝ Կարինէ Դանելեան որ կը ներկայացնէր Հ Հ արտակարգ եւ Լիազօր դեսպանը, ծանօթ լրագրող Մարքօ Թոզաթթի, Տոքթ. Ճուզէփփէ Ռիբբա՝ Ռատիքալէ գործակալութեան տնօրէնը, եւ Ռատիովատիկանի զանազան հաղորդումներու պատասխանատուներ եւ ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ Հայկական հաղորդումներու անձնակազմը ու նաեւ ՜՜Խաղաղութեան Ձայն՝՝ հայկական հեռուստատեսիլը։









 








All the contents on this site are copyrighted ©.