2010-01-30 12:39:19

Ծիսական ժամանակացոյց երիտասարդների սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգսի տօնը


Ծիսական ժամանակացոյց երիտասարդների սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգսի տօնը

Հայ եկեղեցին Յունուարի 30ին նշում է երիտասարդների սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգսի տօնը, որ հռչակուել է Երտասարդների օրհնութեան օր՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. հայրապետի տնօրինութեամբ: Այդ օրը երիտասարդներն աղօթում են, որ Սարգիս զօրավարն իրենց աղօթքները հասցնի առ Աստուած:

Նշենք թէ Ս. Սարգսի օրը, որպէս Սիրոյ տօն, վերջերս առաւել մեծ աշխուժութեամբ են նշում Հայաստանում, մինչդեռ մի քանի տարի առաջ որպէս սիրոյ տօն նշւում էր սուրբ Վալենտինի օրը: Յունուարի 30ին Հայաստանեաց առաքելական Ս. Սարգիս անունը կրող բոլոր եկեղեցիներում նախատեսւում է պատարագ եւ երիտասարդների օրհնութեան կարգ: Հոգեւորականները կ՛օրհնեն բոլոր երիտասարդներին եւ տօնի մասին պատմող գունազարդ բացիկներ կը նուիրեն: Արարատեան Հայրապետական թեմի նախաձեռնութեամբ տարաբնոյթ միջոցառումներ էլ կ՛անցկացուեն Երեւանում. եկեղեցիների բակերում կը կազմակերպուեն տօնական միջոցառումներ՝ երգչախմբերի, պարախմբերի, Ս. Սարգսին խորհրդանշող ձիաւորի մասնակցութեամբ: Ներկաներին կը բաժանուեն նուէրներ եւ բացիկներ:

Տօնն ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, այլեւ ժողովրդական սովորութիւններով:

Ժողովրդական աւանդոյթի համաձայն բարի նպատակի մը համար ծոմ եւ պահք բռնողներ, որոնք ընդհանրապէս իգական սեռի կը պատկանին, բակերու, սենեակներու թէ տանիքներու վրայ ամաններու մէջ փոխինդ (կամ փոխինձ), ալիւր կամ մոխիր դրած, աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կը սպասեն որ Ս. Սարգիս գիշերով այցելէ եւ իր ձիուն պայտին հետքը ձգէ՝ ինչ որ բախտաւորութեան եւ բարի նպատակ մը, մուրազ մը իրականացուած տեսնելու նշան է եւ խորհրդանիշ՝ երջանկութեան եւ յաջողութեան։

Սուրբ Սարգսի տօնին նախորդում է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմից հաստատուած Առաջաւորաց պահքը: Պահքը տեւում է հինգ օր: Պահքից յետոյ, Ս. Սարգսի տօնին նախորդող գիշերը երիտասարդներն աղի բլիթ են ճաշակում եւ ըստ ժողովրդական մէկ այլ ասոյթի՝ իրենց ապագայ ամուսնուն են տեսնում երազում:

Ս. Սարգիս զօրավարը հայոց ամենասիրուած սրբերից է: Նրա մասին բազմաթիւ աւանդապատումներ կան: Համաձայն դրանց, իր որդու՝ Մարտիրոսի եւ տասնչորս քաջ մարտիկների հետ Սարգիս զօրավարը նահատակուել է յանուն քրիստոնէական հաւատքի:



Պատմութիւն Ս. Սարգսի - Հռոմի Կոստանդիանոս Քրիստոսասէր կայսեր եւ հայոց Տրդատ արքայի ժամանակ, Սարգիս կայսրութեան բանակներուն կը ծառայէր որպէս զօրավար, քաջութեան համբաւ եւ բազում մարտեր շահած խիզախ զինուորական։ Սակայն Կոստանդիանոսի յաջորդներէն եւ քրիստոնէութեան թշնամի Յուլիանոս ուրացող, երբ անողոք հալածանք կը շղթայազերծէ քրիստոնէութեան եւ Քրիստոսի եկեղեցւոյ դէմ, Սարգիս հարկադրուած կ՛ըլլա՛յ լքել զօրավարի եւ Կապադովկիոյ կառավարիչի իր պաշտօնները եւ ապաստանիլ Հայաստան, ուր կը թագաւորէր Տիրան արքան։

Յուլիանոսի աշխարհակալական ախորժակները Հռոմէական կայսրութիւնը վերահաստատելու իր նախկին հեթանոսական փառքին եւ սահմաններուն մէջ, առիթ եւ պատճառ կ՛ըլլա՛ն, որ զօրաշարժի ենթարկէ հռոմի լեգէոնները դէպի արեւելք՝ Պարսկաստան եւ Հայաստան, ուր Սարգիս կը ծառայէր հայկական գունդերու մէջ։

Քրիստոնէահալած Յուլիանոսէն եւ Հռոմէ փախուստ տուած Սարգիս, գիտակցելով որ իր ներկայութիւնը կրնար վտանգել Հայաստանի ապահովութիւնը, խորհրդակցելով հայոց Տիրան արքային հետ, իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի հետ ապաստան կը գտնէ Պարսկաստան, ուր Շապուհ արքայ մեծ պատիւներով կ՛ընդունի՛ եւ կարճ ժամանակ մը ետք որպէս սահմանապահ զօրավար Սարգիսը կը ղրկէ պարսկական սահմաններու պաշտպանութեան՝ ընդդէմ Յուլիանոսի արշաւող զօրքերուն։

Սարգիս զօրավարի մարտական քաջագործութիւններն ու տարած յաղթանակները, եւ Շապուհ արքայէն ստացած փառքն ու պատիւները պատճառ չեն ըլլար, որ Սարգիս իր դիրքն ու համբաւը չարաշահէ նիւթական եւ երկրաւոր հարստութիւն ապահովելու, այլ ընդհակառակը՝ աստուածգիտութեամբ վառուած, եռանդագին, Քրիստոսի Աւետարանին լոյս ճշմարտութիւնները պարսից կրակապաշտ գունդերուն ալ կը քարոզէ, նիւթապէս կ՛օգնէ՛ աղքատներուն, իր ինչքերէն բաժին կը հանէ կարօտեալներու եւ իր անձնական բարեպաշտ կեանքով կը քաջալերէ, որ զրադաշտ պարսիկներ մազդէական հեթանոս կրօնը լքեն եւ Քրիստոսը ընդունելով փրկուին։

Անշուշտ մոլեռանդ զրադաշտ պարսիկներ եւ Սարգիսի հակառակորդներ Շապուհ արքայի մօտ կը չարախօսեն Սարգիսը որպէս մազդէական կրօնը անարգող, հայրերու հազարամեայ հաւատքն ու ազգային աւանդութիւնները անգոսնող եւ ժողովուրդը մոլորեցնող խռովարար մը։

Սարգիսի կեանքի այս հանգրուանը կ՛ըլլայ անկիւնադարձային եւ ճակատագրական, որովհետեւ վերահաս դէպքերու ընթացքը պատճառ պիտի ըլլար հաւատքի վկայութեան ճամբուն վրայ նախ իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի նահատակութեան եւ ապա Քրիստոսի քաջ զինուոր եւ հաւատքի մարտիկ՝ Ս. Սարգիսի բանտարկութեան եւ անօրինակ տանջանքներու ենթարկման, որ ի վերջոյ պիտի յանգի Քրիստոսի սիրոյն, եկեղեցւոյ պարծանք սուրբին գլխատման եւ փառաց պսակի արժանացման, երբ յախուռն յանդգնութեամբ Ս. Սարգիս, Շապուհ արքայի եւ պալատական իշխաններու ներկայութեան կը համարձակի իր ձեռնակապ շղթաներով հարուածել կուռքերուն սրունքները, որոնք մեծ անկումով կը խորտակուին եւ ջարդ ու փշուր կ՛ըլլա՛ն։ Հայ եկեղեցին Ս. Սարգիսի յիշատակին, որ կը զուգադիպի Առաջաւորացի պահքին՝ մասնաւոր տօն եւ եկեղեցական արարողութիւն նշանակած է։ Իսկ Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ անոր հաւատքի եւ քաջութեան յիշատակը յարգած է ու վառ պահած։



Մաղթանք հայրապետական - «Սիրելիք, թող Ս. Սարգիսի տօնը իւրաքանչիւրիս համար ըլլայ առիթ մեր ներաշխարհը կուռքերէ եւ սին աստուածներու ենթակայութենէ, երկրաւոր պաշտամունքներէ ձերբազատելու, Քրիստոսի հանդէպ մեր հաւատքը եւ հաւատարմութիւնը վերանորոգելու եւ անդրադառնալու քրիստոնեայի մեր կոչումին, կեանքին եւ առաքելութեան։

Ո՜վ Քրիստոսի եւ քրիստոնէական դատի մեծ պաշտպան եւ բարեխօս Ս. Սարգիս, անօգնականներուն դուն եղիր օգնական։ Տկարներուն՝ զօրացուցիչ։ Նեղութեանց մխիթարիչ։ Առաջնորդ եւ սպարապետ պատերազմողներու։ Մրրիկներու, փոթորիկներու դէմ ամուր պարիսպ։ Յուսաբեկ, խնդրարկու եւ լքեալ սրտերու յուսատու խնդրակատար։ Փորձութեանց ազատիչ։ Տնանկներու, անտէր կարօտեալներու եւ տկարներու օգնական Ս. Սարգիս։

Թող Աստուծոյ ամէնողորմ սէրն ու շնորհքը օգնական, պահապան եւ պաշտպան ըլլայ Ձեզի. յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։








All the contents on this site are copyrighted ©.