2010-01-30 12:41:42

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԻ ԵՒ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ։
Հայաստանի արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր Լոնտոնի մէջ Թուրքիոյ արտաքին Գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ քննարկած է Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններուն վերաբերեալ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը։ Հանդիպումը տեւած է 15 վայրկեան։ Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան երէկ տարածած հաղորդագրութեան մէջ կըսուի, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին Գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին՝ ստորագրուած արձանագրութիւններու շուտափոյթ վաւերացման եւ իրագործման։

Նալբանդեան 29 Յունուարին Նորվեկիա այցելելով հանդիպում ունեցած է Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոնաս Կահր Շթէորէի հետ։

Երկու Նախարարները այս առթիւ ընդգծած են Հայաստանի և Նորկեգիայի միջև տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը խթանելու անհրաժեշտութիւնը , մասնաւորապես, բարձրաստիճան այցերու կազմակերպում, երկու երկրներու ԱԳՆ-ներու միջև կանոնաւոր խորհրդակցութիւններու գործադրում , իրաւա-պայմանագրային դաշտի ձեւաւորումը, մշակութային, կրթական և գիտական ոլորտներէ ներս փոխանակումներու արծարծումը: Հայաստանի և Նորվեկիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները հանգամանալից կերպով քննարկած են առևտրա-տնտեսական ոլորտի մէջ փոխ-գործակցութիւնը աշխուժացնելու հնարաւորութիւնը , պայմանաւորելով նաեւ յաւելեալ ջանքեր գործադրել այդ ուղղութեամբ: Էդուարդ Նալբանդեան ու Յոնաս Գահր Շթէորէ ստորագրած են Հայաստանի և Նորվեկիոյ միջև Ռեադմիսիայի մասին համաձայնագիրը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Արթուր Պետրոսեանը նշանակած է մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար։

11 մարտին Փարիզի մէջ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի բիւրոյի նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնախումբի գործունէութեան հարցը։


ՄԱԿ-ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԿՒՊՐՈՍ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ ։
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Կիպրոս պիտի այցելէ այս Կիրակի ու մնայ մինչեւ Երեքշաբթի օր։

Պան Քի Մունի ներկայացուցիչին կողմէ տրուած գրաւոր յայատարարութեամբ մը կը ճշդուի, թէ ընդհանուր քարտուղարի այցելութեան նպատակը՝ երկու ղեկավարներուն ջանքերուն անձնապէս զօրակցիլ ու զանոնք քաջալերել է։ Կը նշուի նաեւ, թէ Պան Քի Մուն խօսակցութիւններ պիտի ունենայ երկու ղեկավարներուն եւ իր յատուկ խորհըրդականին հետ, որոնք պիտի կեդրոնանան բանակցութիւններու առաջընթացին վրայ ու ձեւեր որոնեն՝ Միացեալ Ազգերու օժանդակութիւնը աւելի արդիւնաւորելու համար։ Միացեալ Ազգերը, կաւելցուի, երկու ղեկավարներուն ջանքերուն օժանդակելու յանձնառութեան տակ կը գըտնուին, իսկ միջազգային համայնքը Կիպրոսի նկատմամբ անսահման բարի կամեցողութիւն ունի եւ զօրաւոր հետաքրքրութիւն՝ կիպրական հարցով լուծման հասնելու։







All the contents on this site are copyrighted ©.