2010-01-29 12:52:07

Լուրեր Հայ աշխարհէն

Յունուար 28. Հայոց Ազգային Բանակին Օրը


Յունուար 28. Հայոց Ազգային Բանակին Օրը

Ազգային հպարտութեամբ, ինքնավստահութեամբ ու մարտունակութեամբ վերանորոգուելու խորհուրդով յագեցած է 28 Յունուարին տօնակատարուող Հայոց Ազգային Բանակին Օրը։

18 տարի առաջ՝ 28 Յունուար 1992ին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն ՏէրՊետրոսեանի որոշումով, կեանքի կոչուեցաւ Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ զայն գլխաւորելու պաշտօնը յանձնուեցաւ Վազգէն Սարգսեանի։

Բառին քաղաքական իմաստով դժուարին երկունք մը ունեցաւ Հայոց Ազգային Բանակը։ Նոյնինքն Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին վկայութեամբ, 1988ին թափ առած Արցախեան շարժման առաջին իսկ քայլերէն սկսաւ Հայոց Ազգային Բանակին սաղմնաւորումը։ Հայկական բանակի երկունքին մէջ իրենց վճռորոշ ներդրումը ունեցան Արցախի հայութեան ինքնապաշտպանութեան նպատակով կազմուած ժողովրդային առաջին զինեալ խմբաւորումները, անոնց կազմակերպման եւ ձեւաւորման առաջադրանքով կեանք առած հայկական նորանուն կուսակցութեանց ֆետայական ջոկատները, ինչպէս նաեւ ու մանաւանդ խորհրդային բանակի հայ սպաներու յայտնութիւնը Արցախեան Շարժման յառաջապահ դիրքերուն վրայ։

Մինչեւ իսկ 23 Օգոստոս 1990ի Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրի որդեգրումէն ետք, երբ 1918ի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հիմերը վերականգնելու միահամուռ յանձնառութիւնը օրէնսդրականօրէն ամրագրուած էր, Հայոց Ազգային Բանակի կազմութեան եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան հիմնադրման քաղաքական քայլը դիւրին չառնուեցաւ եւ ներքաղաքական բուռն հակադրութեանց պատճառ դարձաւ։

Հայաստանի Հանրապետութեան ատենի իշխանութեանց ղեկին հասած Հայոց Համազգային Շարժման ղեկավարութիւնը, յանձին խորհրդարանի նախագահ Լեւոն ՏէրՊետրոսեանի, յամառօրէն պնդեց այն ռազմավարական դաւանանքին վրայ, թէ Մեր պաշտպանութիւնը մեր անպաշտպանուածութեան մէջ է՝ ձգձգելով իրաւական ու պաշտօնական ամրագրումը մինչ այդ իրողապէս արդէն կազմուած Հայոց Ազգային Բանակին ու Պաշտպանութեան նախարարութեան...

Դեկտեմբեր 1991ի Խորհրդային Միութեան պաշտօնական լուծարումէն ետք միայն ընթացքի մէջ դրուեցաւ օրէնսդրական նուիրագործումը Հայկական Բանակի կազմութեան եւ, այդ առումով ալ, 28 Յունուար 1992ին Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնակոչման օրը հետագային հռչակուեցաւ ազգային պետական տօն։

Աշխարհի 29 օդային ընկերութիւններ կանոնաւոր թռիչքներ կը կատարեն Հայաստանի մէջ

Հայաստանի մէջ աշխարհի 29 օդային ընկերութիւններ կը կատարեն կանոնաւոր թռիչքներ։ Այդ ընկերութիւններոի կարգին են յայտնի Լիւֆթհանզան, Աւստրիական օդային ուղիները, Տոնաւիան, Աէրոֆլոթը, Կասպիան օդային ուղիները, Սիպիրաւիան։ Հայաստանի մէջ թռիչքներ եւ վայրէջքներ կը կատարուին Երեւանի Զուարթնոց եւ Կիւմրիի Շիրակ օդակայաններուn մէջ։ Այս տարուայ 11 ամիսներու ընթացքին յիշեալ երկու օդակայաններու մէջ կատարուած է 8078 թռիչք եւ վայրէջք։ Հայաստանի ազգային օդային փոխադրող Արմաւիա ընկերութիւնը մէկ ամսուայ ընթացքին կ'իրականցնէ ընդհանուր առմամբ 250 թռիչք 30 ուղղութիւններով







All the contents on this site are copyrighted ©.