2010-01-28 14:10:16

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Հինգշաբթի 28 Յունուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.

Անգիլիոյ եւ Կալլէսի եպիսկոպոսական դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` հնգամեայ կանոնական այցելութիւն,

ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց քահանայապետական կաճառներու պատասխանատուները, գլխաւորութեամբ՝ գերապայծառ Ռավազիի, նախագահը քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդին։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը Ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու համաշխարհային օրուան առթիւ` ''Քահանաները Քրիստոսը քարոզեն համացանցի միջոցաւ'' նիւթին մասին

Իր պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ քահանաները Աստուծոյ Աւետարանը քարոզելու՝ համացանցային ցամաքամասին։ Նորին Սրբութիւնը այս կոչը ըրաւ ընկերային հաղորդակցութեանց միջազգային 44-րդ օրուան առթիւ, որ միջազգային հասարակութիւնը կը վերակոչէ կիրակի 16 մայիսին 2010-ին։

Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կ'ընդգծէ թէ համացանցը անհրաժեշտ միջոց մը դարձած է Աւետարանի քարոզութեան համար, ուստի կը քաջալերէ քահանաները որ իրենց առաքելութիւնը եւ հովուութիւնը կատարեն նաեւ համացանցի միջոցաւ։

Նորին Սրբութիւնը կը մտածէ նոր սերունդին, որ կ'ապրի այս նոր իրականութիւնը։ Համացանցը կարելի է դարձնել աղօթքի եւ խորհրդածութեան վայր եւ համացանցի ժողովուրդին ցոյց տալ թէ Աստուած մօտ է մարդկութեան եւ թէ ամէնքս կը պատկանինք Քրիստոսին։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը կը մատնանշէ թէ ՜՜համացանցը՝՝ հաւատացեալներուն համար մեծ բարեբախտութիւն մըն է, եւ միջոց մը ցոյց տալու համացանցը գործածողներուն թէ Աստուծոյ յաւիտենական Որդին մեր մէջ կը գտնուի մեզ փրկելու համար։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Մարտ ամսոյն մէջ այցելութիւն կը կատարէ լիւտերանեան Եկեղեցւոյ։

Կիրակի 14 մարտ 2010ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաջին անգամուան համար այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի լիւտերանեան եկեղեցւոյ։

Յայտնենք թէ 27 տարի առաջ (11 դեկտեմբեր 1983ին) երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը այցելութիւն տուած էր Հռոմի լիւտերանական եկեղեցւոյ։ Հռոմի լիւտերենեան եկեղեցւոյ համայնքը կը հաշուէ շուրջ 350 հաւատացեալ անոնք մեծամասնութեամբ գերմանախօս են։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.