2010-01-28 14:10:44

Լուրեր հայկական կեանքէն


Ազդակին եւ Ֆրանս-Արմենիին առաջին Միացեալ քայլերը ։

Պէյրութ լոյս տեսնող՝ Ազդակ հայկական օրաթերթը եւ Ֆրանս-Արմենին (ֆրանսայէն) առաջին քայլերը կ՝առնեն համագործակցութեան ուղիներ ճշդելու։ Ֆրանս-Արմենիի խմբագրակազմէն երիտասարդ քաղաքագէտ՝ Տիգրան Եկաւեան, գրեթէ ամիսէ մը ի վեր ամէնօրեայ ներկայութիւն է Ազդակի յարկին տակ։ Ան մնայուն խորհրդածութիւններու, քննարկումներու եւ հայերէն յօդուածագրութեան վարժողական աշխատանքային հանդիպումներու արագակշռոյթ ընթացքի մէջ է Ազդակի խմբագրակազմի անդամներուն հետ։ Տիգրան Եկաւեան այն խոստմնալից ուժն է, որ Եւրոպայի մէջ վճռակամօրէն տրամադրուած է հայ մամուլին եւ յատկապէս հայատառ մամուլին վերելքին համար անտեղիտալի աշխատանք տանելու։

Լիբանանահայ մամուլի գործիչները ներկայ եղած են արդէն Ազդակի մամլոյ այն լսարանին, որուն ընթացքին Տիգրան Եկաւեան շահեկան զեկուցումով հանդէս եկաւ ֆրանսահայ մամուլի պատմականը, ներկան ու ապագայի հեռանկարները պարզելով։

Երկու թերթերուն համագործակցութեան սկզբնաւորութեան շրջագիծին մէջ կը տեղադրուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսին հետ Տիգրան Եկաւեանի վարած միացեալ հարցազրոյցը ամէնէն հրատապ եւ ամէնէն այժմէական հարցերուն մասին։

Երեք Հայորդիներ Կ՛ընտրուին Կալկաթայի La Martiniere Դպրոցի Աւագ Աշակերտներ

ԿԱԼԿԱԹԱ.- Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի երեք սաներ՝ Անդրանիկ Գէորգեան, Կարէն Մկրտչեան Հայաստանէն եւ Արմէն Մարգարեան Իրանէն, ներկայիս իրենց երկրորդական ուսման կը հետեւին Կալկաթայի նշանաւոր La Martiniere դպրոցին մէջ:

Յունուար 21ին, վերոյիշեալ դպրոցի 3000 աշակերտներէն 20-ը միայն ընտրուեցան դպրոցի կարգապահութեան հետեւող աւագ աշակերտներ: Այս պատուաւոր քսանին մաս կը կազմէին նաեւ վերոյիշեալ երեք հայորդիները: Ձեռնարկին ընթացքին նորանշանակ աւագներուն յանձնուեցան վկայագիրեր եւ յատուկ փողկապներ:

Աւագներու ընտրութեան ընթացքին դպրոցի տնօրինութիւնը եւ ուսուցչական կազմը նկատի ունեցած են աշակերտներուն ունակութիւնները, ուսման մէջ ցուցաբերած յառաջդիմութիւնն ու վարքը:

Հանդիսութեան հրաւիրուած էր նաեւ Հնդկաստանի հայոց հոգեւոր հովիւ, Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն վարդապետ, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է վերոնշեալ դպրոցի տնօրէն Սունիրմալ Չաքրավարթին՝ հայ սաներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան հանդէպ անոր ցուցաբերած յատուկ ուշադրութեան համար, իսկ աշակերտներուն համար պատուաբեր համարած է այսպիսի պատասխանատուութեան ստանձնումը:



Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին պաշտօնական այցելութիւնը Եգիպտոս։ ԳԱՀԻՐԷ - Հայաստանի Ազգային ժողովի (ԱԺ) նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի անցած շաբաթ սկսած պաշտօնական այցելութիւնը Եգիպտոս ընթացաւ եռօրեայ հայեցակարգով, որուն ընթացքին Աբրահամեան հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի իր պաշտօնակիցին, Եգիպտոսի վարչապետին եւ եգիպտահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:



Հայ երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի նուիրուած ցուցահանդէս

Եգիպտոս- Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի մասնաճիւղին եւ Աղեքսանդրիոյ նորակառոյց Ալեքսանտրինա գրադարանին, 9-29 դեկտեմբերին գրադարանի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ անուանի հայ երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի աւելի քան 100 ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը։Բացման արարողութեան խօսք առին շարք մը անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց խօսքերուն մէջ անդրադարձան Սարուխանի երգիծանկարչութեան, եգիպտական քաղաքական կեանքի մէջ անոր ունեցած ազդեցութեան՝ մեծապէս գնահատելով անոր անզուգական տաղանդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.