2010-01-28 12:35:36

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՌԱԲԼՈՒՐ ։
Հայկական բանակի 18-ամեակի առթիվ նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր՝ Յունուար 28-ը Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելեց Եռաբլուր: Հայաստանի նախագահի մամուլի գրասենեակը /a> -ին լրատու գործակալութեան յայտնած որ Սերժ Սարգսեան իր յարգանքի տուրքը մատուցած է իրենց կեանքը հայրենիքի ազատութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ ընդունելով Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշեհր Մոթթաքին, երէկ յայտնած է, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ Իրանի հետ յարաբերութիւններուն, Իրանը կը նկատէ վստահելի գործընկեր եւ շրջանին մէջ առանցքային նշանակութիւն ունեցող երկիր։ Ան աւելցուցած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը եւ խորացումը կը բխի երկու երկիրներու շահերէն։ Հայաստանի նախագահը եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը համակարծիք են, որ դժուար օրերու բարեկամը նաեւ դիւրին օրերու լաւ բարեկամ է։ Հայ-իրանական միջ-կառավարական յանձնախումբի 9-րդ նիստին մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած Իրանի արտաքին գործոց նախարարը գոհունակութիւն յայտնած է յանձնախումբի երեւանեան նիստին ընթացքին քննարկուած խնդիրներուն եւ տրուած որոշումներուն համար։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՎՐԱՍՏԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՕՐԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ԲՈԼՈՐ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ։
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հայ-վրացական միջ-կառավարական յանձնախումբի նիստէն ետք յայտնած է, որ նիստին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է օրակարգային բոլոր հարցերուն շուրջ եւ քննարկուած են տարբեր մարզերու վերաբերող հարցեր։ Մասնաւորաբար համաձայնութիւն գոյացած է 400 քիլոուաթ հզօրութեամբ ելեկտրահաղորդման գիծ կառուցելու մասին։ Իսկ Վրաստանի վարչապետ Նիքա Կիլաուրի անդրադարձած է վերին լարս սահմանային վերահսկիչ անցակէտի բացման՝ նշելով, որ այդ անցակէտին բացումը ձեռնտու է թէ՛ Վրաստանին, թէ՛ Հայաստանին եւ Ռուսիա պէտք է բոլոր սահմանափակումները վերցնէ։
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ Կ՝ԸՆԴԳԾԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԱՒԵՐԱՑՆԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Եւրոպական խորհրդարանի Թուրքիոյ հարցով զեկուցող Ռիա Օյմեն-Ռույթեն վերջինիս վերաբերող զեկուցում մը ներկայացուցած է Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին։ News.am լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ զեկուցումը վաւերացուած է յանձնախումբին կողմէ։ Օյմեն-Ռույթեն փաստաթուղթին մէջ կը քննադատէ Թուրքիան՝ խորհրդարանական միակ քրտական Ժողովրդավարական Ընկերութիւն կուսակցութեան գործունէութիւնը կասեցնելու համար, նաեւ կը նշէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորող արձանագրութիւնները վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը։
ՓՐԿԱՐԱՐ ՋՈԿԱՏՆԵՐԸ ԿՐՑԱՆ ՃՇԴԵԼ ԵԹՈՎՊԻԱԿԱՆ ՋԱԽՋԱԽՈՒԱԾ ՕԴԱՆԱՒԻՆ ԵՒ ՍԵՒ ՏՈՒՓԻՆ ՎԱՅՐԸ։
Երէկ կէս գիշերուան մօտ փրկարար ջոկատները երեք օրուան փնտռտուքներէ ետք կրցան ճշդել եթովպիական ջախջախուած օդանաւին եւ սեւ տուփին վայրը։ Անիկա կը գտնուի Պէյրութի միջազգային օդակայանին դիմաց, ծովեզերքէն 8 քմ հեռու՝ 1300 մեթր խորութեան վրայ։ Նոյն ոչ-պաշտօնական աղբիւրները յայտնեցին նաեւ, որ օդանաւը, որուն մէջ ենթադրաբար կը գտնուին նաեւ մնացեալ ճամբորդներուն դիակները՝ նկատի ունենալով, որ անոնք իրենց աթոռին վրայ գտնուող ապահովութեան գօտիները դրած էին ,դուրս պիտի բերուին օդանաւին հետ, Նաամէի հանդիպակաց ծովուն մէջ կը գտնուի 1500 մեթր խորութեան մէջ։ Ֆրանսական աղբիւրներ յայտնեցին, որ օդանաւը թռիչքի պահուն մուտք գործած է կայծակներու յատուկ շրջան մը եւ կայծակի խփումով մը հրկիզուած է ու ջախջախուած։
ԱՆՆԱ ԿԱՍԵԱՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՏԱՐՈՒԱՆ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ։
Ֆրանսայի դասական երաժշտութեան տարեկան հեղինակաւոր մրցանակաբաշխութեան մրցումին (Victoires de la Musique classique) առաջին անգամ ըլլալով մասնակցութիւն բերած է վիրահայ մեկնաբան Աննա Կասեանը։ Ան առաջադրուած է՝՝Տարուայ բացայայտում, որպէս օփերայի արուեստագէտ՝՝ անուանակարգին։ Ֆրանսայէն Ժան Էքեան կը հաղորդէ, թէ Աննա Կասեանի ելոյթը պիտի հեռասփռուի Փետրուար 8ին, ուղիղ եթերով, ֆրանսական France 3 հեռուստալիքէն եւ France Inter ռատիոալիքէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.