2010-01-27 15:16:22

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Նորին Սրբութեան Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը:

Չորեքշաբթի 27 Յունուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը՝ ՜՜Միջին Դարու դարու հայրապետներու մասին՝՝ Սրբազան Քահանայապետը, այսօր խօսեցաւ սուրբ ֆրանչիսքոս Ասիզացիի մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

ֆրանչիսքոս Ասիզացին եղաւ ճշմարիտ հսկայ սուրբ մը, որ մինչեւ այսօր իրեն կը քաշէ ամէն տարիքէ ու հաւատքէ մեծ բազմութիւններ։

Խաչեցեալ Քրիստոսէն երեք անգամ լսելէ ետք. '' Գնա' ֆրանչիսքոս, վերաշինէ աւերի մէջ գտնուած եկեղեցիս'' ֆրանչիսքոս կեանքի արմատական ընտրութիւն մը կատարեց ու ինքզինք բոլորովին նուիրեց Աստուծոյ, աղքատութեան կեանքը ընտրելով եւ Աւետարանի քարոզութիւն կատարելով։

Անոր նախաձեռնութիւնը ու գաղափարականը եղաւ նմանիլ Յիսուսին, մտածելով, սիրելով, ու երկիրպագելով Անոր ։

ֆրանչիսքոս անհուն յարգանք ունէր քահանաներուն հանդէպ, որովհետեւ ՜՜անոնց իշխանութիւն տրուած էր զոհ մատուցանելու եւ անոր համար անոնցմէ կը պահանջէր սրտի մաքրութիւն եւ սրբութիւն՝՝։

Թող սուրբ ֆրանչիսքոսի պատգամը, քահանայական այս ատարւոյն ընթացքին, ըսաւ Սրբազան Հայրը, օգնէ քահանաներուն իրենց կոչումը ապրելու։

1219-ին Սուլթանին հետ տեսակցութիւն ունենալով ՝ ֆրանչիսքոս ճամբայ բացաւ քրիստոնեաներուն ազդու երկխօսութիւն հաստատելու՝ մահմետականներուն հետ։

Ան եղաւ երգիչը բնութեան, որովհետեւ ներդաշնակութեամբ կ'ապրէր բնութեան մէջ։ Աշխարհածանօթ է անոր տաղը որ կը պատգամէ տիեզերական եղբայրակցութիւն եւ սէր արարչագործութեան հանդէպ։

Սուրբ ֆրանչիսքոսի հոգեւոր զաւակներու միջոցաւ, մենք եւս մշակենք ներքին աղքատութիւնը, աճելու համար Աստուծոյ վստահութեան մէջ ու գտնենք զուսպ ու նիւթական բարիքներէն անջատ կեանքի ոճ մը։ Ասիզիի սուրբը կեանքի բոլոր պարագաներուն մէջ ուրախ էր, արդարեւ սերտ կապ մը կայ սրբութեան եւ ուրախութեան մէջ։ Կեանքի ճշմարիտ երջանկութեան գաղտնիքը կը գտնենք սրբութեան մէջ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները խնդրելով ներկաներէն որ աղօթեն Աստուծոյ որպէսզի իր եկեղեցւոյն շնորհէ սուրբեր եւ այլ ոմն քրիստոսներ։ Բոլորին կը մաղթեմ արդիւնաւոր ուխտագնացութիւն.ըսաւ Սրբազան քահանայապետը։

Հուսկ քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով. ՜՜ մաղթանքս է որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը վեհանձնութեամբ սատարէ, ուրախութեամբ ծառայելու եւ սիրելու զԱստուած։

Ունկնդրութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց յիշեցնելով թէ 65 տարիներ առաջ 27 յունուար 1945ին սկիզբ առաւ հրեաներու ողջակիզումը, անոնցմէ քիչեր փրկուեցան։ Այսօր կը ոգեկոչուի անոնց յիշատակը։ Աղօթքս է որ այս ոգեկոչումով ընդգծուի յարգանքը ամէն անհատի արժանաւորութեան, եւ բոլոր մարդիկը զգան թէ՝ կը պատկանին մարդկային ազգին։ Ամենակալ Տէրը թող լուսաւորէ մարդոց միտքերն ու սրտերը, որպէսզի բնաւ չկրկրնուին նման ողբերգութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.