2010-01-27 15:16:36

Կաթողիկէ եւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու հանդիպում Անթիլիասի մէջ։


Կաթողիկէ եւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու հանդիպում Անթիլիասի մէջ։

Արամ Ա կաթողիկոսի հրաւէրով՝ 26-31 յունուար 2010, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի կ'ունենայ հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ արեւելեան ուղղափառ ոչ քաղկեդոնական եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան եօթներորդ հանդիպումը։

Հայ եկեղեցին իր հայրապետական երկու աթոռներով կը մասնակցի այս աստուածաբանական երկխօսութեան, որուն Ոչ-քաղկեդոնական միւս մասնակիցներն են ղպտի, ասորի, հնդիկ, եթովպիացի եւ էրիթրիացի ուղղափառ եկեղեցիները։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնեն երկխօսութեան յանձնախումբի անդամներ Օշական արք. Չոլոյեան (առաջնորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին) եւ Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան (Վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու)։

Կիրակի, 31 յունուարին, Անթիլիասի Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Սուրբ Պատարագի ընթացքին, պիտի քարոզէ կարտինալ Ուոլթըր Գասպէր՝ նախագահը Վատիկանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն։

Չորս օրերու ընթացքին ( 27-30 յունուար) երեսուն եկեղեցական եւ աշխարհական աստուածաբաններ կը քննարկեն տիեզերական ժողովներու տեղն ու դերը քրիստոնէական առաջին դարերուն։





Կիպրոսի դեսպանի այցելութիւնը Արամ Ա. կաթողիկոսին

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ 26 յունուար 2010-ին, Արամ Ա կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Քիրիաքոս Քուրոսը։ Դեսպանին եւ վեհափառին միջեւ խօսակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի ընդհանուր կացութեան եւ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններուն վրայ։ Այս առթիւ դեսպանը նաեւ տեղեակ պահեց վեհափառը Կիպրոսի յունական եւ թրքական կողմերուն միջեւ կատարուած բանակցութիւններուն մասին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.