2010-01-27 13:39:56

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՎՐԱՍՏԱՆԸ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Վրաստանի վարչապետ Նիքա Կիլաուրին, որ Երեւան կը գտնուէր հայ-վրացական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբի 8-րդ նիստին մասնակցելու նպատակով։ Նախագահ Սարգսեան ողջունեց Վրաստանի վարչապետին Հայաստան այցելութիւնը եւ ըսաւ ՝՝Մենք բարի դրացիներ ենք եւ պէտք է յաճախ կապի մէջ ըլլանք՝ քննարկելու համար բոլոր այն հարցերը, որոնք երբեմն կը ծագին։ Մեր համագործակցութեան ծաւալը, յարաբերութիւններու մակարդակը այնպիսին է, որ մեզ ուղղակի կը պարտաւորէ աշխատանքային կարգով ամէն օր անդրադառնալ այդ հարցերուն։ Մենք Վրաստանը կը նկատենք եղբայրական, բարեկամական երկիր եւ պարտաւոր ենք աւելի խորացնելու մեր յարաբերութիւնները՝՝։Ս. Սարգսեան հետաքրքրուեցաւ նաեւ երկկողմանի միջկառավարական յանձնախումբին աշխատանքով։
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐ ԻՐԱՆՑԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԻՆ ՀԵՏ։
Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշեհր Մոթթաքքիի հանդիպումը։ Մոթթաքի Երեւան կը գտնուի հայ-իրանական միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի 9-րդ նիստին մասնակցելու նպատակով։ Նալբանդեան դրական գնահատեց հայ-իրանական բարի դրացիական եւ փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւնները։ Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները գոհունակութեամբ նշեցին, որ պարբերական բարձր մակարդակի հանդիպումները եւ փոխադարձ այցելութիւնները կը վկայեն երկու երկիրներու յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ուղղութեամբ շահագրգռութեան մասին։
ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԸ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐՈՒՆ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով Սոչիի մէջ լրագրողներուն յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան երկու շաբթուան ընթացքին պէտք է իրենց առաջարկները ներկայացնեն Մատրիտեան փաստաթուղթի այն կէտերուն առնչութեամբ, որոնց շուրջ տակաւին փոխադարձ համաձայնութեան չեն եկած։ Ըստ անոր, առաջարկները ստանալէ ետք համանախագահները դարձեալ շրջան պիտի այցելեն։
ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄԸ Կ՝ԱԿՆԿԱԼԷ։
Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Զուիցերիա հաւատարիմ կը մնայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին աջակցելու քաղաքականութեան։ Այդ քայլը (արձանագրութիւններու վաւերացումը ճամբայ պիտի բանայ փաստաթուղթերով նախատեսուած միւս քայլերուն համար, նշած են աղբիւրները)։ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները մերժած են մեկնաբանել Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանի որոշումէն ետք փաստաթուղթերը խորհրդարան չուղարկելու Անգարայի դիրքորոշումը։ Անոնք ըսած են, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ միջնորդութիւնը Զուիցերիոյ ընդհանուր քաղաքականութիւնն է, եւ մենք զերծ պիտի մնանք այդ հարցին առնչուող որեւէ դրուագ մեկնաբանելէ։
Ըստ Հրայր Կարապետեանի՝ 18ամեայ Բանակը Հասած Է Զգալի Յաջողութիւններու ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց մշտական յանձնաժողովի նախագահ Հրայր Կարապետեան, Յունուար 26ին հանդիպելով լրագրողներու հետ յայտնած է, թէ Հայաստանի 18ամեայ բանակը վերջին տարիներուն հասած է զգալի յաջողութիւններու եւ արձանագրած է լուրջ ձեռքբերումներ: Ըստ անոր, հայկական բանակին մէջ կրճատուած են կաշառակերութեան դէպքերը, իսկ զօրահաւաքները կ՛իրականանան բնական ընթացքով։ ՝՝Նախկինում եթէ մարդն առողջական լուրջ խնդիրներ ունէր, ձեւակերպւում էր տարկէտում եւ մէկ տարով յետաձգւում էր նրա ծառայութիւնը: Սակայն մէկ տարի անց, նա կրկին բժշկական յանձնաժողովին պէտք է ներկայանար: Օրէնսդրական բարեփոխումներից յետոյ, եթէ հաստատւում է, որ մարդն այնպիսի առողջական խնդիր ունի, որը բուժման ենթակայ չէ, ընդհանրապէս ազատւում է ծառայութիւնից: Սա նպաստում է աւելորդ քաշքշուկների վերացմանը եւ կաշառակերութեան դէպքերի նուազեցմանը», նշած է Հ. Կարապետեան՝ աւելցնելով, որ բանակին մէջ իրավիճակը բաւական բարելաւուած է, սակայն չի նշանակեր, որ խնդիրներ չկան։







All the contents on this site are copyrighted ©.