2010-01-26 13:51:43

Լուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն


ԵՐԵՔ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ԿԸ ՎԱԽՃԱՆԷՐ ԱՊՊԷ ԲԻԷՐ։

Երեք տարի առաջ կը վախճանէր Ապպէ Բիէր ԷՄՄԱՈՒՍ միջազգային շարժումի հիմնադիրը ,որու մահուան երրորդ տարելիցը կը յիշատակուի Սուրբ Պատարագով մը 26 Յունուարին Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան մեծ տաճարին մէջ։ Ապպէ Բիէրի յիշատակը ոգեկոչել (ըսած է Էմմաուս Շարժումի Իտալիոյ պատասխանատուն Ռէնզօ ֆիօրէ) կը նշանակէ յիշել ու մտաբերել՝ անոր կեանքը ի պաշտպանութիւն վերջիններուն , անոր զօրաւոր խօսքերը որոնք օգնեցին մեզի ըմբռնելու իմաստը ու խոր նշանակութիւնը մեր կեանքին,մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն յորում մեր առօրեայ կեանքի մէջ անհաշիւ են արհամարհանքի դէպքերը յետին տկարներու նկատմամբ։ Նկատմամբ անոնց՝ որոնք անտուն են ,որոնք յաճախ ծեծի ու խոշտանգումի կենթարկուին։ Ապա սեւամորթերը որոնք կը շահագործուին աշխատանքի աշխարհէն ներս ու նաեւ կը հալածուին։ Եթէ Ապպէ Բիէր այսօր ողջ ըլլար, նման խտրողական ու հալածիչ քաղաքականութեանց դէմ պիտի ՝՝գոռար՝՝ վճռականօրէն ու անվեհեր ։



Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի եւ Արամ Ա. վեհափառի շնորհաւորական գիրը Սերպիոյ նորընտիր պատրիարքին



Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ եւ Արամ Ա կաթողիկոս շնորհաւորական յատուկ գիրեր յղած են Սերպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր պետ Իրինէյ պատրիարքին, որ նոյն եկեղեցւոյ սինոդի ընտրութեամբ կը յաջորդէ Փաւլէ պատրիարքին։

Արամ Ա. վեհափառը իր շնորհաւորական նամակով բեղուն գահակալութիւն կը մաղթէ նորընտիր պատրիարքին՝ յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ շրջանին առաւել եւս ծաղկին հայ եւ սերպ եկեղեցիներու յարաբերութիւնները, եւ գործակցութեան նոր հորիզոններ բացուին երկու եկեղեցիներու միջեւ։ Վեհափառը նաեւ միջեկեղեցական առումով նոր յարաբերութիւններ կը մաղթէ նորընտիր պատրիարքին՝ առաւել զարկ տալու համար համայն քրիստոնէութեան յառաջընթացքին, աշխարհի տարբեր եկեղեցիներու եւ ժողովուրդներու կեանքին մէջ։

Իսկ Գարեգին Բ վստահութիւն կը յայտնէ, ՜՜ միայն ջանքերու մեկտեղումով հնարաւոր կը դառնայ յաղթահարել ժողովուրդներու առջև ծառացած դժուարութիւնները և մարտահրաւէրները՝՝։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը կարևորէ նաև միջեկեղեցական կապերու սերտացումը և միջկրօնական երկխօսութեան առաւել խթանումը։





Արամ Ա կաթողիկոսի ցաւակցագիրը Եթովպիոյ ուղղափառ պատրիարքին

24-25 յունուարի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն թռիչք առնող եթովպիական օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւին ջախջախման առիթով, Արամ Ա կաթողիկոս ցաւակցագիր յղեց Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Ապունա Փաւլոս պատրիարքին։

Իր ցաւակցագիրին մէջ Վեհափառը կը բաժնէ սուգն ու տրտմութիւնը Եթովպիոյ պետութեան, եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին՝ այս մեծ կորուստին համար։ Ան աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած՝ արկածին զոհ գացած հոգիներուն համար, եւ Սուրբ Հոգւոյն մխիթարութիւնը կը հայցէ անոնց ընտանեկան պարագաներուն։









 








All the contents on this site are copyrighted ©.