2010-01-26 13:51:58

Լուրեր հայկական կեանքէն


Արժանթինի Գուսան նուագախումբ-համոյթին 40-ամեակի նշում։

Արժանթինի Քորտոպա քաղաքը մեծ հանդիսութեամբ տօնեց Գուսան նուագախումբ-համոյթին 40-ամեակը Թէաթր Տել Լիպերթատորի մէջ, որ լեցուեցաւ խուռներամ բազմութեամբ։ Այս տօնական առիթով Քորտոպա հրաւիրուած էին հայրենի երեք արուեստագէտներ՝ Քեմանչիսթ Վիգէն Յակոբեան, տուտուկահար Գագիկ Գասպարեան եւ երգիչ Համլեթ Գէորգեան։

Հանդիսութիւնը ճոխ ու բազմերանգ յայտագրով մը ներկայացաւ հանդիսատեսներուն նուագախումբ, պարախումբ եւ մենակատարներ Գուսան նուագախումբի հիմնադիր եւ ղեկավար Էնրիքէ Աւագեան, իր եղբայրներուն՝ Հորասի, Խուան Քարլոսի, եւ որդիներուն՝ Արամի եւ Րաֆֆիի եւ Նիքոլա Աւագեանի հետ կարողացաւ խանդավառել գաղութը՝ հայ երգին, պարին ու նուագին ոգեշունչ զօրութեամբ։ Բազմանդամ նուագախումբը հայկական երաժշտական գործիքներով ստեղծեց աննախընթաց ոգեւորութիւն։Հայրենի արուեստագէտներուն ներկայութիւնը անկասկած ներշնչեց հայրենիքի սէրը՝ ներկաներուն սիրտերը յուզելով եւ ուրախացնելով։

Այս բացառիկ երեւոյթը շատ գնահատուեցաւ գաղութի հայ թէ օտար հանդիսականներուն կողմէ։ Հանդիսութեան աւարտին կարդացուեցաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բի օրհնութեան կոնդակը՝ Գուսան երգչախումբի 40-ամեակը շնորհաւորելով եւ նոր յաջողութիւններ մաղթելով։ Հայրենի անուանի երգիչ Համլեթ Գէորգեան իր իւրայատուկ ձայնով ու երգերու մեկնաբանութեամբ անմոռանալի պահեր ստեղծեց։

Այս առիթով Էնրիքէ Աւագեան Գուսանի անունով յուշանուէրներ յանձնեց հայրենի 3 արուեստագէտներուն։ ։

Քորտոպայի նման հեռաւոր գաղութի մէջ Գուսանի ներդրումը յոյժ գնահատելի է, եւ հայ երգի ճամբով գաղութը հայապահպանում կիրագործէ։



Մալթայի մէջ յուշարձան-խաչքարի բացում։

Մալթայի մէջ վերջերս տեղի ունեցած է յուշարձան-խաչքարի բացում։ Խաչքարը տեղադրուած էր Մալթայի հայկական համայնքին կողմէ որպէս նշան բարեկամութեան՝ Մալթայի ժողովուրդին, իրենց ցուցաբերած օգնութեան համար 1375-ին եւ 1915-ին։ Ներկայ էին համայնքի ատենապետ Վերա Պոյաճեան, խորհրդարանի անդամ Տէյվիտ Էկիըս, Վալեթայի կառավարիչ Ալեքսէյ Տինկլի։ Արարողութեան ընթացքին կարդացուեցաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գնահատական նամակը՝ ուղղուած համայնքի ատենապետին, խորհրդարանի անդամներուն, Վալեթայի կառավարիչին, իրենց գործօն մասնակցութեան եւ օգնութեան համար՝ յուշարձան խաչքարի զետեղման մէջ, նաեւ իրենց գործակցութեան՝ Մալթայի եւ հայ ժողովուրդի բարեկամական յարաբերութեան գոյատեւման մէջ։ Իրենց կարգին, ներկայ պետական անձնաւորութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակելու իրենց աշխատանքը՝ երկու ազգերու բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման ի նպաստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.