2010-01-25 13:31:11

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Երկուշաբթի 25 Յունուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց Անգլիոյ եւ Կալլէսի եպիսկոպոսական դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` հնգամեայ կանոնական այցելութիւն։

Իսկ յետմիջօրէին, Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Ս. Պօղոս պազելիքայի մէջ կ'եզրափակէ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը գլխաւորելով՝ երեկոյեան ժամասացութիւնը։ Աղօթքին կը մասնակցին Հռոմի կղերն ու հաւատացեալները ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։

Յայտնենք թէ երեկոյեան ժամասացութեան ընթացքին Պենետիկտեան միաբանութեան աբբահայրը` Էտմունք Բոէր, Սրբազան Հօր կը նուիրէ հատոր մը ՜՜ Պօղոս առաքեալի՝՝ մասին, շարադրուած՝ քրիստոնեայ զանազան կրօնապետերու կողմէ։

Այս հատորը լոկ համամիութենական բնոյթ ունի։ Հատորը կը ներկայացնէ ՜՜Պօղոս առաքեալի կեանքը եւ անոր ազդեցութիւնը քրիստոնէութեան վրայ՝՝։

Հատորը նաեւ կը ներփակէ մանրանկարներ Պօղոս առաքեալի մասին։

Ի դէպ, այս հատորը, որ լոյս տեսաւ Հռոմի Պօղոս առաքեալի պազելիքայի Պենետիկտեան հայրերու ջանքերով. կը ներփակէ յօդուածներ շարադրուած՝ քրիստոնեայ կրօնապետերու կողմէ, ինչպէս Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարք Բարդողոմիոս Ա, Մելքիթներու յոյն կաթողիկէ պատրիարք Գրիգոր Գ Լահամ, Անկլիգան եկեղեցւոյ գահերէց տոքթոր Ռուան Ուիլիամ եւ Լիւտերական եկեղեցւոյ պետ Էտուար Լոհս։

Հատորը նաեւ կը ներփակէ Պօղոս առաքեալի 13 թուղթերը, Գործ Առաքելոց գիրքը ու հրեաներու ուղղուած թուղթը, ինչպէս նաեւ առաջին դարու բազմաթիւ գրութիւնները որ կը խօսին Պօղոս առաքեալի կեանքին, քարոզութեան ու նահատակութեան մասին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.