2010-01-25 12:41:48

Ծիսական Ժամանակացոյց


Ծիսական Ժամանակացոյց

Կիրակի 24 Յունուարէն Շաբաթ 30 Յունուար 2010

Կիրակի 24 Յունուար, հայ տօնացոյցի համաձայն առաջաւորաց կիրակի է

Առաջաւորաց կիրակի կը կոչուի Մեծ Պահքի Բուն Բարեկենդանէն՝ երեք, եւ Զատկէն՝ տասը շաբաթ առաջ հանդիպած Կիրակին, որ կը հաշուուի միշտ Զատկին հետ համեմատելով եւ անոր հետ 35 օրուան շարժականութիւն կ՝ունենայ՝(Յունուար 11-էն մինչեւ Փետրուար 15)։ Այս Կիրակիին յաջորդող եօթնեակին հինգ օրերը Առաջաւորաց պահք կը կոչուին եւ սաստիկ պահք կը պահուի ծոմով մէկտեղ, եւ նոյն իսկ պատարագի մատուցումը կը դադրէր Մեծ Պահոց նման։ Պահքին Ե. օրը, այսինքն Ուրբաթ օրը կը յիշատակուի Յովնանու քարոզութիւնն ու Նինուէի ապաշխարութիւնը, ոչ թէ իբր Ս.Յովնան մարգարէի տօն, այլ պարզապէս իբր մեծ ապաշխարութեան մը օրինակ։ Շնորհալին կը մեկնէ Առաջաւորք անունը իբր առաջին պահք, որովհետեւ Ս. Լուսաւորչէն հրամայուած առաջին պահքին յիշատակութիւնն է։ Լուսաւորիչը Վիրապէն ելլելէն ետք երբ սկսաւ աւետարանել, նախ հինգօրեայ շարունակ ու անսուաղ պահքով պատրաստեց հայ ժողովուրդը բժշկութիւն ու լուսաւորութիւն ընդունելու՝ Նինուէացւոց ապաշխարութեան նմանողութեամբ։

Այս առաջին պահքին տարեկան յիշատակութիւնն է որ հաստատուն մնացած է մեր եկեղեցւոյ մէջ, եւ որուն նման բան մը ուրիշ եկեղեցիներուն մէջ չի գտնուիր։ Այդ պահոց Շաբաթ օրը կը տօնուի Ս. Սարգիսի յիշատակը հաստատապէս եւ ժողովուրդն ալ շատ անգամ Ս. Սարգսի պահք կ՝անուանէ այդ պահքը։ Առաջաւորաց անունը հնար է մեկնել նաեւ իբրեւ Մեծ Պահքէն առաջ եկող պահք մը, կամ Զատկական պահքերուն առաջին մասը, բայց ամէն պարագայի մէջ Լուսաւորիչէն հաստատուած առաջին պահքի իմաստն ու նշանակութիւնը աւելի ընդունելի են։

Երկուշաբթի 25 Յունուարէն մինչեւ Ուրբաթ 29 Յունուար, առաջաւորի պահոց օրեր են։

Ուրբաթ 29 Յունուարին յիշատակութիւնն է Յովնան Մարգարէին։

Յովնանու յիշատակը, որ կը կատարուի առաջաւորաց պահքի ուրբաթ օրը՝ Յովնան մարգարէի տօնը չէ, որ կը կատարուի միւս փոքր կոչուած մարգարէներուն հետ Վարդավառի Գ. երեքշաբթին, այլ պարզապէս Յովնանու Նինուէ երթալուն ու նինուէացիներուն ապաշխարհելուն յիշատակն է, իբր օրինակ նշանաւոր ապաշխարութեան մը. զոր մեր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը նորահաւատ հայերու առջեւ դրաւ. երբ վիրապէն ելլելէն ետք առաջին պահքն ու ապաշխարութիւնն աւանդեց անոնց, եւ որուն տարեդարձն է Առաջաւորաց շաբաթապահքը, եւ նոյն պահքին Ուրբաթ օրն ալ Յովնանու Նինուէացիներուն յղուելուն յիշատակութիւնը։

Շաբաթ 28 Յունուար 2010-ին տօնն է Ս. Սարգիս զօրավարի անոր որդիին՝ Մարտիրոսին եւ 14 զինուորներուն։

Ս. Սարգիս ազգով հայ չէ ոչ ալ նահատակուած է Հայաստանի մէջ , սակայն ան մեծ ժողովրդականութիւն շահած է հայ ազգին մօտ։ Սարգիս՝ կապադովկեան Կեսարիոյ Գամիրք գաւառէն էր. քաջ եւ առաքինի զինուորական մը։ Ան համարձակութեամբ կը քարոզէր Աւետարանը եւ կը կործանէր բագիններ եւ մեհեաններ։ Երբ Յուլիանոս ուրացող թագաւորեց, Սարգիս իր որդիին՝ Մարտիրոսին հետ ապաւինեցաւ Պարսկաստան, ծառայելով զինուորական ասպարէզի մէջ։ Մեծ եղաւ իր եւ իր որդւոյն ազդեցութիւնը պարսիկ զօրքին վրայ. անոնցմէ շատերը քրիստոնեայ դարձան։

Սարգիսի նահատակութիւնը եղաւ այսպէս. Սարգիս եւ իր զաւակը արքայական հրաւէր ստացան զոհ մատուցելու արքունի մեհեանին մէջ։ Զօրավարը խստիւ մերժեց եւ մեհեանին մէջ, նոյնիսկ՝ քաջութիւնը ունեցաւ անարգելու կուռքերը։ Մոգերը խուժեցին անոնց վրայ, ոտնակոխ սպաննեցին իր զաւակը Մարտիրոսը, իսկ Սարգիսը բանտարկեցին եւ յետ քննութեան ան գլխատուեցաւ քաղաքէն դուրս։ Սարգիսի հաւատարիմ զինուորներէն 14 ը առին անոր մարմինը թաղելու համար, բայց, թագաւորին հրամանով իրենք եւս գլխատուեցան։










All the contents on this site are copyrighted ©.