2010-01-25 13:29:24

Լուրեր հայկական կեանքէն


Մարաշի աղէտի 90-ամեակի նշում Պէյրութի մէջ

Նախաձեռնութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան Լիբանանի վարչութեան, կիրակի, 24 յունուար 2010-ի առաւօտեան, Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ, Հայ կաթողիկէ Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցան հոգեհանգստեան պաշտօններ եւ տեղի ունեցաւ յատուկ պաշտամունք՝ ի յիշատակ Մարաշի աղէտին ընթացքին զոհուած հայորդիներուն եւ մահացած բոլոր մարաշցիներուն։

Նշենք թէ Մարաշի հայրենակցական միութեան Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ՝ լոյս տեսած է ՜՜Մարաշի ջարդը՝ 1920-ին գրքոյկը՝՝ պատրաստութիւն՝ Յովսէփ Տէր Վարդանեանի, Բ տպագրութիւն, Հալէպ – 2010։

Գաֆեսճեան արուեստի կեդրոնի ձեռնարկները

Գաֆեսճեան արուեստի կեդրոնը նախատեսած է այս տարի իրականացնել շարք մը ձեռնարկներ։ Յունուար 15-ին կեդրոնի յատուկ միջոցառումներու սրահին մէջ կենդանի հնչեղութեամբ տեղի ունեցած են դասական, ճազ, ռոք եւ փոփ երգերու համերգներ։ Իսկ յունուար 15-30, ամէն ուրբաթ եւ շաբաթ, ելոյթներով հանդէս պիտի գան Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, երգահան եւ ճազահար Ստեփան Շաքարեանը, Ֆոր, Ճինիուսիս, Չիքոն եւ ընկերները, Անահիտ Շարեան, Արթ Վոյսըզ նուագախումբերը, ինչպէս նաեւ՝ Սոնա Շիրոյեանը եւ ուրիշներ։

Ոչ եւս է հայազգի երաժիշտ Գէորգի Գարանեան։ Վերջերս մահացաւ յայտնի երաժիշտ եւ Ռուսիոյ ժողովրդական արուեստագէտը՜ Գէորգի Գարանեան։ Մահը պատահեցաւ Քրասնոտարի մէջ, ուր երաժիշտը ներկայ կը գտնուէր՝ ելոյթներ ունենալու՝ հանրաճանաչ մայեսթրօ Միշել Լեկրանի հետ։

Յայտնենք, որ Գէորգի Գարանեան Ռուսիոյ պետական մրցանակի եւ միջազգային ճազային փառատօներու դափնեկիր է։ Ան ներկայացուցած է ռուսական ճազի յետպատերազմեան առաջին սերունդը։ 1958-ին Գարանեանի սաքսոֆոնը հնչած է Օ Լունտսթրեմի նուագախումբին մէջ, ապա 1966-ին համամիութենական ձայնասփիւռի էսթրատային նուագախումբին մէջ, որուն ղեկավարն էր Վատիմ Լիւթվիկովսկին։ Հետագային՝ 1973-ին, Գարանեան դարձած է պետական պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի նուագախումբին ղեկավարը։ 1991-ին, Գարանեան իրականացուցած է իր վաղեմի երազը եւ ստեղծած է Մոսկուայի պիկ-պենտը, որուն մաս կազմելու համար հրաւիրած են երկրի ամենայայտնի ճազի երաժիշտներն ու մասնագէտները։ Ըստ Գարանեանի, իր մեծագոյն նուաճումը կը նկատուի հնչիւնաւորման դասագիրքը։ Նշենք, որ երկրի բոլոր ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ այդ դասագիրքով կը սորվին ո՛չ միայն ուսանողները, այլ նաեւ՝ դասաւանդողները։ Կըսուի, թէ դասագիրքը այնպէս մը գրուած է, որ նոյնիսկ երաժիշտ չեղողները կրնան կարդալ եւ հասկնալ օրէնքները, թէ ինչպէ՛ս պէտք է նուագել։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.