2010-01-24 13:56:26

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, յունուար 24, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այս շաբաթուան ընթացքին Եկեղեցին կ'աղօթէ քրիստոնեաներու միութեան համար։ Պօղոս առաքեալը կը նմանցնէ քրիստոնեաներու միութիւնը մարդկային մարմնոյն որ նման է Քրիստոսի մարմնոյն, որ է Եկեղեցին։ եւ ատով կ'ընդգծէ հարկաւորութիւնը զօրակցութեան մարմնոյն անդամներու միջե։ Հետեւաբար ամէնքս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կանչուած ենք ի յայտ դնելու պարգեւները որ ընդունեցանք Սուրբ Հոգիէն լաւագոյնս կերտելու Քրիստոսի մարմինը։ Աստուած կ'ուզէ որ իրեն ծառայենք հաւատքի միութեամբ։

Սրտանց հայցենք Աստուծմէ որ իր Եկեղեցւոյն շնորհէ միութեան պարգեւը։ Թող ամենասուրբ Կոյս Մարիամը օգնութեան հասնի բոլոր քրիստոնեաներուն, որպէսզի ամէնքս յառաջանանք միութեան ճամբու վրայ։

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց ներկաներուն մաղթելով բարի կիրակի եւ բարի շաբաթ։

Նախապէս Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն յիշեցուց թէ շաբաթ օրը, 23 Յունուար 2010, Սպանիայի Մաթարօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ երանացումը Ժոզէֆ Սամսօ Էլիասին. քահանայ եւ նահատակ։ Երանացման արարողութեան մասնակցեցան Գաթալոնիայի կղերը։ Երանացման պատարագը տեղի ունեցաւ Սրբուհի Մարիամի նուիրուած տաճարը, որուն ժողովրդապետը եղած է նոր երանելին։

2008-ին տաճարը տօնախմբեց իր կառուցման հազարամեան։

Պատարագը գլխաւորեց տեղւոյն թեմի առաջնորդը կարինալ Սիսդաշ իսկ երանացման բանաձեւը կարդաց գերապայծառ Ամադօ` կառավարիչը սուրբերու դատին։

Այս երանելին ըսաւ Սրբազան հայրը եղաւ ճշմարիտ վկան Քրիստոսի, մեռաւ ներելով իր հալածաիչներուն։ Քահանաներու ու ժողովորդապետներու համար եղաւ անձնանուիրումի հարազատ օրինակ, կրօնուսոյց եւ աղքատները սիրող։








All the contents on this site are copyrighted ©.