2010-01-24 13:58:12

Լուրեր քրիւտոնեայ հայ աշխարհէն


Լուրեր քրիւտոնեայ հայ աշխարհէն



Դանիէլ իշխանի շքանշան Ռուսիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս եպս Ներսիսեանին

Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ, Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Կիրիլ պատրիարքը Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս եպս Ներսիսեանը պարգեւատրեց Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Սուրբ Դանիէլ Մոսկուացի բարեպաշտ իշխանի երկրորդ աստիճանի շքանշանով՝ անոր եռանդուն հովուական գործունէութեան եւ իր ծննդեան յիսնամեայ տարեդարձին համար։



Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ նոր զանգակի օրհնութիւն

Սուրբ պատարագի ընթացքին Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նոր զանգակի օրհնութիւնն ու սրբագործումը՝ կատարողութեամբ Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի կաթողիկոսական փոխանորդ Կորիւն արք Պապեանի։

Արարողութեան աւարտին սրբազանը իր քարոզին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Քեռի Սարգիսեանին, որ ի յիշատակ իր բազմավաստակ հօր՝ եկեղեցւոյ նուիրած էր զանգակը, որպէսզի հանգուցեալ Պարոյր քհնյ Սարգիսեանի հոգին մնայուն ներկայութիւն դառնայ իր սիրած եկեղեցւոյ մէջ եւ անդրադարձաւ տէր Պարոյրի մատուցած երախտաշատ ծառայութեանց՝ Քուէյթի հայ համայնքի եկեղեցական ու ազգային, դպրոցական եւ մշակութային կեանքի կազմակերպման մէջ։ Բարձրօրէն գնահատեց անոր եւ ընտանիքի անդամներուն ունեցած ազգօգուտ դերակատարութիւնը։ Սրբազանին քարոզէն ետք զանգակը կախուեցաւ նախօրօք բանկալին մէջ պատրաստուած իր տեղը։



ՍՕՍԻՆԵՐԸ - ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ)



Մեկենասութեամբ Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան, 2008-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ Սիմոն Կոստանդինեանի Սօսիները խորագրեալ հատորը։

Հեղինակը ծնած է Պէյրութ, 1957-ին։ Իր նախնական ու երկրորդական ուսումը ստանալէ ետք Պէյրութի հայկական կարգ մը վարժարաններու մէջ, նետուած է կեանքի ասպարէզ։

՜՜Սօսիները՝՝ հատորը կը բաղկանայ 122 էջերէ եւ կ՝ընդգրկէ արձակ եւ չափածոյ գրութիւններ։

Արձակ էջեր խորագրեալ բաժինը կը բովանդակէ ութ հակիրճ յօդուածներ, որոնք չեն պատկանիր գրական որեւէ սեռի։ Անոնք պարզ նշմարներ են կամ ակնարկներ, որոնց միջոցով հեղինակը կը սեւեռէ ազգային բնոյթ կրող կարգ մը երեւոյթներ։

Սօսիները խորագրեալ գրութեամբ, հեղինակը կը նկարագրէ Յարութիւն անունով երիտասարդ մը, որ հետեւելով մօրը եւ մօրաքրոջը թելադրանքին՝ կ'այցելէ Մարաշ քաղաքը, ուր կը ծանօթանայ իրենց պապենական արտերուն։ Յարութիւն կը յիշէ նաեւ մօրաքրոջը պատմած այն տխուր դէպքը, թէ Եղեռնի օրերուն թուրքերը Մարաշի մէջ սօսիներու ճիւղերէն կը կախեն իր եղբայրները։ Հետեւաբար, անոնց յիշատակը վառ պահելու համար, հեղինակը Սօսիները խորագրով կը կոչէ իր երախայրիք հատորը։

Սոյն հրատարակութեան Քերթուածներ խորագրեալ յաջորդ բաժինով Կոստանդինեան կը թուէ ութ եղերական վիճակներ, որոնք կը վերաբերին այն ահաւոր բռնարարքներուն, որոնք գործուեցան թուրքերու կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ՝ Տէր Զօրի ամայակէզ անապատներուն։

Սոյն գործին Սիրոյ երգեր խորագրեալ բաժինը կը բաղկանայ 20 չափածոյ գրութիւններէ, ուր հեղինակը կ'արտայայտէ սիրազեղ զգացումներ։

Սիրային քերթուածներու շարքին մաս կը կազմէ նաեւ Մայր իմ անգին խորագրեալ քերթուածը, ուր Սիմոն Կոստանդինեան կը գովաբանէ իր մայրը՝ զինք ծնած եւ խնամած ըլլալուն համար։

Հատորին վերջին բաժինը յատկացուած է 58 առակներու, ուր հեղինակը հեգնանքով եւ հիւմուրով կանդրադառնայ մարդոց կենցաղային բարքերն ու բարոյական սկզբունքները խաթարող ախտաժէտ երեւոյթներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.