2010-01-24 13:58:56

Լուրեր հայ աշխարհէն


Լուրեր հայ աշխարհէն

Փարիզ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւն



Փարիզի Entrepot շարժապատկերի սրահէն ներս ցուցադրուեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը վաւերագրական ֆիլմը։ ֆիլմը յառաջիկային պիտի ցուցադրուի նաեւ Երեւանի եւ Պոլսոյ մէջ:

ֆիլմի արտադրիչ Օսման Օքան յայտնած է թէ ‘’ 2004 թ ես հանդիպեցայ Հրանդ Տինքի հետ, որպէսզի համատեղ ֆիլմ մը ստեղծենք։ Բայց նախագիծի իրականացումը ձգձգուեցաւ իմ կնոջ մահուան պատճառով, որուն յաջորդեց Տինքի սպանութիւնը։ Վերջապէս Հայաստան-Թուրքիա վաւերագրական ֆիլմի նախագիծը վերափոխուեցաւ ու դարձաւ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը’’։ Հրանդ Տինքը Պոլսոյ մէջ հրատարակուող Ակօս թերթի գլխաւոր խմբագիրն էր, որու թերթի խմբագրութեան շէնքին առջեւ սպաննեցին, ճիշդ երեք տարի առաջ, 2007 թ Յունուար 19-ին։ Երկու տարի շարունակուող դատաքննութենէն յետոյ սպանութեան մէջ մեղադրուող որեւէ մեկը չէ դատապարտուած։ Այդ գործի նորանոր մանրամասնութիւններ ի յայտ եկան, մասնաւորապէս Տինքի սպանութեան մեջ Էրկենեքոն ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներու մասնակցութեամբ։ Հրանդ Տինքը սպանող 18-ամեայ Օգիւն Սամասթը դատարան ներկայացաւ, ուր յայտնի դարձաւ թէ ան գործած էր յատուկ պատուէրով։ Հրանդ Տինքի սպանութենէն յետոյ Թուրքիայէն հեռացաւ Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Օրհան Փամուքը, ում նոյնպէս բազմիցս սպառնալիքներ ստացած է։



Հայկական երաժշտական համերգ մը Լիզպոնի մէջ

Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան գրադարան-թանգարանի նախաձեռնութեամբ, հիմնարկութեան գրականութեան սրահին մէջ 10 յունուար 2010ին, տեղի ունեցաւ հայկական երաժշտական համերգ մը՝ Նոր տարուան ու Ս Ծնունդի առիթով, ներկայութեամբ աւելի քան 400 անձերու։ Նուագահանդէսի յայտագիրը իրագործած են՝ թաւջութակահար Լեւոն Մուրատեան, ջութակահար Նարինէ Դելլալեան, քոնթրպասիսթ Սամուէլ Բարսեղեան եւ դաշնակահար Մարինա Դելլալեան։ Այս չորս արուեստագէտներու քառեակը նուագած է Ասլամազեանի մշակումով Կոմիտասի նշանաւոր գործերէն, նաեւ՝ Տիգրան Մանսուրեանի Քառանուագը։

Հարկ է նշել, որ չորս նուագողներն ալ, որոնք Կիւլպէնկեան նուագախումբի անդամներ են, իրենց կարգին միջազգային համբաւի ու մրցանակներու տիրացած են։ Համերգը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց փորթուգալցի արուեստասէրներու մօտ, որոնք առաջին անգամն էր, որ այսքան բարձրորակ կատարողականութեամբ կը ճանչնային հայ երաժշտութիւնը։



ԹԵՀՐԱՆ ԻՐԱՆԻ ՀԱՅ ԱՐՀԵՍՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՏՕՆԵՑ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՄԱՆ 15-ԱՄԵԱԿԸ



Վերջերս Արարատ մարզաւանի Վաչիկ Ղարաբէկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի Հայ արհեստաւորներու միութեան հիմնադրման 15-ամեակը։

Օրուան առիթով որպէս բանախօս ելոյթ ունեցաւ միութեան հիմնադիր անդամ եւ վարչութեան ժամանակի նախագահ, Հայաստանէն հրաւիրուած Նորայր Շահնազարեան։ Սրտի խօսք փոխանցեց նաեւ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք Սարգիսեան։

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.