2010-01-24 13:58:35

Ակնարկ մը ազգային ու միջազգային դէպքերուն


Ակնարկ մը ազգային ու միջազգային դէպքերուն



Փետրուար 4-5ին Պոլսոյ մէջ պիտի կայանայ ՆԱԹՕ-ի 28 անդամ-երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումը։ Խորհրդակցութեան պիտի մասնակցի ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ֆոկ Ռազմունսեն։ Կը նախատեսուի, որ պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման կեդրոնական նիւթը դառնայ Աֆղանիստանի մէջ իրավիճակը, երկրէն ներս անվտանգութեան աջակցութեան միջազգային ուժերու կազմի զինուորական համալրումը։ Յիշեցնենք, որ ՆԱԹՕ-ի երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու նախորդ ոչ պաշտօնական հանդիպումը տեղի ունեցած էր 2009 թ. Հոկտեմբերին, Պրաթիսլավայի մէջ։



Պոլսոյ Ժամանակ թերթի 100-ամեակի յոբելենական ձեռնարկները

Պոլսոյ Ժամանակ թերթը իր հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած յոբելենական ձեռնարկներու շարք մը կը գործադրէ։ Այդ ծիրէն ներս, Դեկտեմբեր 20ին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի եւ դաշնակահար Շահան Արծրունիի մասնակցութեամբ շքեղ համերգ, Պոլսոյ Թեքնիք համալսարանի Մաչքայի մասնաշէնքի ամփիթատրոնին մէջ։

Իսկ 9 Յունուարին տեղի ունեցաւ Պիրզամանլար հրատարակչութեան կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէսի բացումը եւ մամլոյ ասուլիսը, ուր մաս կազմեցին լրագրող-հրապարակագիր Հըֆզը Թոփուզ, Լոս Անճելըսի Արմինիըն Օպզերվերի աշխատակից Օշին Քէշիշեան, Փարիզի ԼԷքսփրէսէն Քրիստիան Մակարեան, լրագրող Ռակըպ Տուրան։



Լէօ Հալէպլի՝ Թուրքիոյ մէջ պետական պաշտօնեայ

Թուրքիոյ պատմութեան մէջ ԼԷօ Սուրէն Հալէպլի դարձաւ ան առաջին հայը, որ յաջողեցաւ ըլլալ պետական պաշտօնեայ։ Ան դարձաւ մէկ պաշտօնեան Եւրոպական Միութեան ընդհանուր քարտուղարութեան, որ կ'աշխատի Թուրքիան առաջնորդելու դէպի լիիրաւ անդամակցութիւն։ Ժամանակ թերթը կը հաղորդէ թէ Հալէպլի ընտրուած է 118 դիմորդներու մէջէն, մասնակցելու քննութեան առաջին հանգրուանին։ Ապա հարցազրոյց մը անցնելէ ետք, ան յաջողութեամբ անցած է նաեւ քննութեան այն փուլը եւ դարձած պետական պաշտօնեայ։ Թերթը կը հաղորդէ թէ Հալէպլիի ընդունման համար պէտք է երաշխաւորութիւն տայ նաեւ Թուրքիոյ Ազգային Հետախուզական Վարչութիւնը, որ ըստ մամուլին, դրական կը նախատեսուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.