2010-01-23 13:14:30

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Նորին Սրբութեան շնորհաւորագիրը Սերպիոյ նոր պատրիարք գերերջանիկ Իրենէի ընտրութեան առթիւ։

Իր շնորհաւորական գիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը հետեւեալը գրած է. ՜՜Ի լուր Ձեր սրբութեան ընտրութեան, որպէս պատրիարք Սերպիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ, կը յայտնեմ իմ ուրախութիւնն ու աղօթքի մօտիկութիւնը հայցելով Աստուծմէ որ ձեզի շնորհէ երկնային հոգեւոր պարգեւներ, իմաստութիւն եւ քաջութիւն լաւագոյնս ծառայելու Քրիստոսի եկեղեցւոյ՝՝։

Գիտնալով հանդերձ թէ Եկեղեցւոյ միութիւնը պտուղը չէ մեր մարդկային ջանքերուն, միասնաբար կը խնդրենք Սուրբ Հոգւոյ ներկայութիւնը մեր վրայ ի սպաս Քրիստոսի եկեղեցւոյ պայծառութեան ու քրիստոնեաներու կատարեալ հաղորդութեան։



Նոյնպէս կարտինալ Քասբեր` նախագահը եկեղեցիներու միութեան խորհուրդին շնորհաւորական հեռագիր մը յղած է նոր ընտրուած պատրիարքին, յայտնելով իր կամքը Պելկրատ գտնուելու գահակալութեան արարողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.