2010-01-23 13:16:01

Լուրեր հայ աշխարհէն


ֆրանսա- Աննա Քասեան քնարական երգարուեստի բարձրացող աստղ մը

Աննա Քասեան քնարական երգարուեստի բարձրացող աստղ մըն է, որ ունի հարուստ երգացանկ։ Ան սոփրանօ է եւ այս տարի թեկնածու է Դասական երաժշտութեան յաղթանակներ 2010ի Տարուան քնարական արուեստագէտի յայտնաբերում դասակարգի վրայ։ Առաջին անգամն է, որ օտարազգի արուեստագէտ մը (վրացահայ) ներառուած է վերոնշեալ դասակարգին մէջ։ Աննա Քասեան հրաշալի է Ռիմսքի Քորսաքովի Սնեկուրոչքայի կատարումին մէջ։ Յայտնենք, որ Դասական երաժշտութեան յաղթանակներ 2010ը 8 փետրուարի երեկոյեան Ֆրանս 3 պատկերասփիւռի եւ Ֆրանս էնթեր ձայնասփիւռի կայաններէն ուղիղ եթերով պիտի սփռուի Մոնփըլիէի Պերլիոզ-Լը Քորոմ օփերայէն Մոնփըլիէի Լանկտոք-Ռուսիլիոնի ազգային նուագախումբին եւ Մոնփըլիէի Լանկտոք-Ռուսիլիոնի երգչախումբին ընկերակցութեամբ, ղեկավարութեամբ Լորանս Ֆոսթերի։



Արժանթին-հայազգի գործարար Էտուարտօ Էօռնէքեան հիւանդանոց մը կը նուիրէ պետութեան

Արժանթինահայ յայտնի գործարար Ամերիքըն ինթըրնեշընըլ էրփորթ ընկերութեան նախագահ Էտուարտօ Էօռնէքեան վերջերս Արժանթինի պետութեան նուիրեց հիւանդանոց մը, որ պիտի կրէ իր հանգուցեալ եղբօր՝ բժիշկ Անդրանիկ Էօռնէքեանի անունը։ Հիւանդանոցի շինութեան համար Էօռնէքեան ներդրած է մօտաւորապէս 15 միլիոն ամերիկեան տոլար եւ խոստացած է ամէն ամիս նուիրաբերել 30 հազար ամերիկեան տոլար՝ հիւանդանոցին ընթացիկ ծախսերը հոգալու համար։ Նոր հիւանդանոցը կը գտնուի Արժանթինի Էզեիզա գլխաւոր օդակայանին մօտ եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունի։

Հայաստան- Հայաստանի Նկարիչներու միութեան շէնքին մէջ 15 Յունուարին բացումը կատարուած է նկարիչ Խաչիկ Աբրահամեանի աշխատանքներու ցուցահանդէսին, որ նուիրուած էր նկարիչին 50-ամեակին։ Նշենք, որ ցուցահանդէսի բացման արարողութեան մշակոյթի նախարարութեան կողմէ նկարիչին յանձնուած է ոսկիէ մետալ։ Նկարիչ Խաչիկ Աբրահամեան, Նկարիչներու միջազգային միութեան անդամ եւ Հայաստանի Երիտասարդ նկարիչներու միութեան նախագահ, ծնած է 1960-ին, Երեւան։ Աւարտած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկը, որմէ ետք, 1984-ին, մասնակցած է բազմաթիւ ազգային եւ միջազգային ցուցահանդէսներու։ Խ Աբրահամեանի աշխատանքները կը գտնուին անհատական հաւաքածոներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի պետական հաւաքածոյին եւ աշխարհի զանազան թանգարաններուն մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.