2010-01-21 14:03:39

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը


Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը -Դ.օր:

Հինգշաբթի, 21 Յունուար 2010, Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան Դ.օրը . Օրուան խորհրդածութեան նիւթն է . ՜՜ վկայել ապրելով հաւատքը որ ստացանք մկրտութեամբ՝՝։

՜՜ի՞նչ դէպքեր՝՝, հարցուց Յիսուս. եւ Էմմաուսի աշակերտները պատասխանեցին. ՜՜Յիսուս Նազովրացիի վերաբերեալ. ան ճշմարիտ մարգարէ մըն էր, հզօր` խօսքով թէ գործով, Աստուծոյ եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ՝՝։

Հինգշաբթի օր, Հռոմի մէջ, տեղի կ'ունենայ աղօթքի կլոր սեղան մը, ունենալով որպէս խորհրդածութեան նիւթ '' արձագանքներ Գալվինի եկեղեցաբանութենէն'' գլխաւորութեամբ հայր Ուլիամ Հէնի, դասախօս՝ Գրիգորեան համալսարանի մէջ։

Արդարեւ 2009 տարին Ե. դարադարձն էր Գալվինին։

Անոր հետեւորդներու համար, առիթ եղաւ մէկը միւսին մօտենալու եւ ընդգծելու հարկաւորութիւնը երկխօսութեան։ Նոյնպէս քրիստոնեաներու աղօթքի միութեան շաբաթը հրաւէր մըն է բոլոր քրիստոնեաներուն, իրազիրար ճանչնալու ու գիտակցելու համար որ կարելի է տարբեր եղանակներով երկիրպագութիւն կատարել Աստուծոյ։ Կաթողիկէները, օրթոտոքսները եւ բողոքականները հաւատքի նոյն արմատը ունին։ Ամէնքը կը ճանչնան ու կը դաւանին թէ Յիսուս Քրիստոս հիմնադիրն է Եկեղեցւոյ։

Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթը բարեպատեհ առիթ մըն է բոլոր համայնքներու քրիստոնեաներուն համար, հաստատելու՝ անկեղծ ու յարգալիր երկխօսութիւն եւ նպաստելու՝ հասկացողութիւնը հաւատացեալներու միջեւ։ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը նաեւ առիթ մըն է մէկը միւսին բացուելու եւ իրարզիրար աւելի ճանչնալու ու բարեկամական կապեր հաստատելու։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան ընթացքին, Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքի մեծաւորն ու ժառանգաւորները հրաւիրուած են Իտալիոյ զանազան քաղաքներու մէջ ծիսակատարութիւններ գլխաւորելու աղօթելով յատկապէս քրիստոնեաներու միութեան համար։ Բնականաբար ասիկա բարենպաստ առիթ մըն է ճանչցնելու իտալացիներուն հայ ծէսը, հայոց պատմութիւնը եւ հայ ժողովուրդին հաւատքը ու հերոսական փարումը Քրիստոսի ու Աւետարանին։



Յայտնենք թէ Հռոմի թեմին մէջ երեկոյեան ժամասացութիւն կը կատարուի մասնակցութեամբ Հռոմի մէջ ապրող եկեղեցական բոլոր հայանքներու ու ծէսերու ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.