2010-01-21 13:20:04

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ։ ՍԱՐԳՍԵԱՆ - ԱԼԻԵՒ - ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ՝ 25 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եուրի Մերզլիաքով (Ռուսիա), Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա), Ռոպըրթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասփրչիկ երէկ հանդիպում ունեցան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ,մասնակցութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի։ Ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին, զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացի ներկայ փուլին եւ յառաջիկային նախատեսուող բարձր մակարդակի հանդիպումին վերաբերող հարցեր։ Մինսքի խմբակի համանախագահները Երեւան ժամանած էին նախանցեալ օր եւ անմիջապէս հանդիպում ունեցած էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Իսկ ՝՝panarmenian.net՝՝ լրատուական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի, Տիմիթրի Մետվետեւի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 25 յունուարին՝ Սոչիի մէջ։
ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԿՈՉ ԿՈՒՂՂԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ԸԼԼԱԼ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՆՅԱՊԱՂ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄԻՆ ԵՒ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԻՆ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը յայտնէ, որ հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Էդուարդ Նալբանդեանին եւ Ահմեթ Տաւութօղլուին միջեւ։ Էդուարդ Նալբանդեան իր տարակուսանքը յայտնած է Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումին մասին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան 18 յունուարի յայտարարութեան գծով։ Նալբանդեան նշած է, որ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւնները Հայաստանի սահմանադրութեան չհակասելու մասին Սահմանադրական Դատարանի որոշումին մէջ նախապայմաններ եւ հիմնական նպատակին հետ հակասութիւն տեսնելը առնուազն զարմանք կը յարուցէ։ Նալբանդեան իր մտահոգութիւնը յայտնած է, թէ հոկտեմբեր 2009-էն ի վեր արձանագրութիւններուն վաւերացման գծով Թուրքիոյ մէջ ոչ մէկ յառաջընթաց արձանագրուած է։ Թուրքիա բացայայտօրէն կը փորձէ նախապայմաններ եւ արուեստական պատրուակներ յառաջ քշել՝ վտանգի ենթարկելով Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Նալբանդեան Տաւութօղլուին աւելցուցած է, որ Հայաստանի մէջ արձանագրութիւններուն վաւերացման գործընթացը կ՝ընթանայ ըստ սահմանուած կարգի եւ առանց անտեղի ձգգձումներու, որու վկայութիւնն է Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանի որոշումը՝ սահմանուած ժամկէտէն աւելի քան մէկ ամիս առաջ։ Նալբանդեան վերահաստատած է, որ անհրաժեշտ է ստանձնուած յանձնառութիւններու համաձայն՝ հետամուտ ըլլալ արձանագրութիւններու անյապաղ վաւերացումին եւ գործադրութեան,ձեռնպահ մնալով գործընթացը ձախողեցնելու ուղղուած յետին պատրուակներ առաջադրելու գործելաոճէն։Միւս կողմէ ըստ News.am-ի, թրքական ՝՝Զաման՝՝ օրաթերթի փոխանցումով հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Տաւութօղլու յայտնած կ՝ըլլայ թէ Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանի 12 յունուարի որոշման մէջ կան անընդունելի նախապայմաններ։
ՀՐԵԱՆԵՐԸ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄՈՎ։
Tert.am կը հաղորդէ, որ Իսրայէլեան ՝՝Տը Ճերուզալեմ Փոսթ՝՝ օրաթերթը կը գրէ, որ Երուսաղէմի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը պաղ հոսանքներ յառաջացուցած է նաեւ Ուաշինկթընի մէջ։ Օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ Միացեալ Նահանգներու հրէական որոշ խմբակներ պատմականօրէն միշտ սերտ կերպով համագործակցած են Թուրքիոյ հետ։ Իբրեւ համագործակցութեան ապացոյց հրէական օրաթերթը կ՝առանձնացնէ հայկական հարցը՝ ընդգծելով, որ հրէական որոշ խմբակներ Քոնկրեսի անդամները դրդած են չընդունելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերը։ Սակայն այժմ իրավիճակը քիչ մը տարբեր է,Իսրայէլի նկատմամբ Թուրքիոյ թշնամանքը բնականաբար իր հետեւանքները պիտի ունենայ։ ՝՝Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ ոչ-կառավարական շրջանակներու մէջ Իսրայէլի բարեկամները ատիկա հաշուի պիտի առնեն՝՝ (ըսած է օրաթերթին Ուաշինկթընի հրէական համայնքի առաջնորդերէն մէկը, որ նախընտրած էր իր ինքնութիւնը չհրապարակել)։







All the contents on this site are copyrighted ©.