2010-01-20 13:35:50

Լուրեր հայկական կեանքէն


Պաքուի ջարդերու 20-ամեակ

Պաքուի հայկական ջարդերու 20-ամեակին առիթով՝ Թիֆլիսի հայ առաքելական ՜՜Ս Էջմիածին՝՝ նորաբաց եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ վիրահայոց թեմին պատկանող բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցան պատարագի եւ հոգեհանգստեան արարողութիւններ։

Արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչ Սիլվանեան, կրօնական դասը, Վրաստանի հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Ապա մասնակիցները այցելեցին հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջավանքի պանթէոնը, ուր Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ հայ նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին։ Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Պաքուի հայկական ջարդերու զոհերու յիշատակը։

Պաքուի Հայերու Կոտորածներու 20 ամեակին նուիրուած’ Գիտաժողով

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան, ցեղասպանութեան եւ հնագիտութեան հիմնարկներու համատեղ գործակցութեամբ, տեղի ունեցած է գիտաժողով՝ նուիրուած Պաքուի հայութեան կոտորածներու 20ամեայ տարելիցին:

Պետական, քաղաքական գործիչ Վլադիմիր Մովսիսեանի հաւաստումով, Ատրպէյճանի պետութիւնը հայերու տեղահանման սկսած է 1905-1906 թուականներէն՝ «իրականցնելով դա բռնի կերպով՝ կոտորածների միջոցով: Խորհրդային տարիներին այդ ամէնն արուել է քօղարկուած», նշած է քաղաքական գործիչը։

Ռուս պատմաբան, քաղաքագէտ Վլադիմիր Զախարովի ըսած է.՜՜ 20 տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները տակաւին չեն գտած իրենց լրիւ արտացոլումը, լուսաբանումն ու քննադատութիւնը՝՝: Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարարը նշած է.՜՜ հայկական պետութիւնը իր քաղաքականութեան մէջ պէտք է որդեգրէ նոր գիծ մը, որպէսզի միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ ամէն ինչ ներկայացուի ամբողջութեամբ՝՝: Գիտաժողովին ընթացքին ցուցադրուած է նաեւ լրագրող Մարինա Գրիգորեանի «Պաքու. 1990 Յունուար. սովորական ցեղասպանութիւն» փաստավաւերագրական շարժանկարը, որ նկարահանուած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի աջակցութեամբ:



Ի յիշատակ Հրանդ Տինքին, 2010 տարուայ ՜՜Ազատ տեղեկատուութեան ի խնդիր՝՝ մրցանակը կը տրուի իտալացի լրագրող Թօնի Քապուոցցօ-ին

Երրորդ տարին ըլլալով, ի յիշատակ պոլսահայ լրագրող հանգուցեալ Հրանդ Տինքի ողբերգական սպաննութեան, Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդը համագործակցութեամբ՝ ՜՜լրագրողներ առանց սահմանի՝՝միջազգային ընկերակցութեան, եւ Հռոմի Լեւոնեան հայ վարժարանին, կը վարձատրէ իտալացի լրագրող մը եւ այս տարի կը պարգեւատրուի Իտալիոյ հեռուստատեսիլի ծանօթ լրագրող Թօնի Քապուոցցօ-ն։

Այս տարի ձեռնարկը հովանաւորուած է Հռոմի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան գրասենեակի կողմէ։ Պարգեւատրման երեկոյթը տեղի պիտի ունենայ Լեւոնեան վարժարանի հիւրասրահին մէջ, Ուրբաթ 22 Յունուար 2010-ի ժամը 18-ին. (Salita San Nicola da Tolentino 17 Roma)։

Թէ ի՞նչ է Հրանդ Տինքի նուիրուած պարգեւատրումին նպատակը եւ ո՞վ է Հրանդ Տինք։

Պոլիս լոյս տեսնող երկլեզու ՜՜Ակօս՝՝ շաբաթաթերթի հիմնադիր ու տնօրէն ողբացեալ Հրանդ Տինք յեղափոխական մը չէր, այլ բարի եւ խոնարհ անձ մը՝ հակամէտ երկխօսութեան ու հանդրժողութեան։ Իր թերթին ու գրութիւններու միջոցաւ ան կը հրաւիրէր մարդիկը համերաշխութեան։ Ան դէմ էր բռնութեան ու ատելութեան։

Իր միակ յանձանքն էր որ իր մտածածը կը գրէր, գիտնալով հանդերձ որ իր խօսքերը հաճելի չէին կրնար ըլլալ ՜՜հանդրժողութեան չհաւատացող մարդոց՝՝ ։ Արդ՝ այսպէս կոչուած ՜՜երկրի միութիւնը ու ինքնութիւնը խանգարող ՝՝ մըն էր եւ այս պատճառաւ ալ սպաննուեցաւ ... Հրանդ Տինքի նուիրուած իտալական պարգեւատրումը ունի երկու նպատակակէտ. չմոռնալ այս հերոս լրագրողը եւ ընդգծել ՜՜Ազատ տեղեկատուութեան՝՝ կարեւորութիւնը որպէս էական ազդակ արդի ընկերութեան։

Շարլ Ազնաւուր օգնութեան ձեռք կերկարէ Հայթիի երկրաշարժէն տուժածներուն Մարդասիրական իր զգացումներով ծանօթ դարձած հայազգի աշխարահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, օգնութեան ձեռք երկարած է Հայթիի երկրաշարժէն տառապող ժողովուրդին։ Ան բարեգործական քարոզարշաւի դիմած է, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 34 ծանօթ երգիչներ։ Արդէն սկսած է պատրաստուիլ ՜՜Ժեստ՝ սիրելի Հայթիին համար՝՝ խորագրով տեսահոլովակը, անիկա պիտի օգնէ որպէսզի ՜՜նուիրատուութիւններ հաւաքուին երկրաշարժէն տուժածներուն համար՝՝։ Իւրաքանչիւր արուեստագէտ երգին համար մէկական տող գրի առած է, իսկ բոլորը միասին պիտի մեկնաբանեն երգը, որ պիտի սկսի սփռուիլ հեռատեսիլէն այսօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.