2010-01-20 13:32:47

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՈՒ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ։
Պոլսոյ մէջ նշուեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան երրորդ տարելիցը։ Արարողութեան ընթացքին ներկաները ՝՝արդարութիւն՝՝ պահանջող կարգախօսներ արձակեցին եւ բարձրացուցին պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր Տինքի մէկ խօսքը ՝՝Մեր միակ ճամբան պէտք է ըլլայ համակեցութիւնը, այս ճամբան թէ՛ իմաստութեան եւ թէ՛ խիղճի պահանջն է՝՝։ Շուրջ երեք հազար մասնակիցները մոմեր վառեցին ու պաստառին շուրջ ծաղկեպսակներ զետեղեցին, ինչպէս նաեւ թրքական ու հայկական երգեր երգեցին։ Արարողութեան ներկայ էին Հրանդ Տինքի կինը Ռաքել, աղջիկները Սերա եւ Տելալ ու որդին Արատ։ Թուրքիոյ Պետական նախարար եւ Եւրոպայի Հասարակապետութեան մօտ Թուրքիոյ գլխաւոր բանագնաց Էկէմէն Պաըշ այս առթիւ հրապարակեց պատգամ մը յորում կ՜ըսէ որ ՝՝կառավարութիւնը կ՝աշխատի որպէսզի Տինքի ու նման մարդասպանութիւնները լուսաբանուին,եւ թէ Հրանդը իր երկրին մէջ ,բոլորին իր տարբերութիւններովը, խաղաղութեամբ ապրելնուն համար ջանք թափեց՝՝։
Յունուար 19ին, թրքական բոլոր թերթերը լման էջերու վրայ արձագանգ հանդիսացան ՝՝Ակօս»ի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան երրորդ տարելիցի լուրին. բազմաթիւ յօդուածագիրներ իրենց զգացումները արտայայտեցին այս կորուստին կապակցութեամբ եւ ժողովուրդը տեղեակ պահեցին ոգեկոչման այն ձեռնարկներէն, որոնք տեղի պիտի ունենային ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին, նաեւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ։
Այսպէս Պոլսոյ մէջ, Երեքշաբթի յետմիջօրէին, «Ակօս» թերթի խմբագրատան դիմաց հաւաքին ներկայ եղան շուրջ երեք հազար քաղաքացիներ, հակառակ տեղացող ձիւնախառն անձրեւին: Տինքի մանչը Արատ (Արարատ) Տինք յայտարարեց. «Այսօր, այս երկրին մէջ, հայերը կրնային բնակչութեան հարիւրէն 20 տոկոսը կազմել: 100 տարի առաջ որս էինք Թուրքիոյ մէջ, իսկ այժմ՝ կեր դարձանք»: Տինքի սպանութեան երրորդ տարելիցին առիթով ձեռնարկներ տեղի ունեցան նաեւ Անգարայի, Իզմիրի եւ Պուրսայի մէջ: Իզմիրի հաւաքին զուգահեռ, ՝՝Պայրաքլը» սրահին մէջ տեղի ունեցան «Յունուար 19ին ի՞նչ պատահած էր» խորագիրով կարծիքներու փոխանակում եւ ժապաւէնի մը ցուցադրութիւն։ Այս առիթով հաւաքներ տեղի ունեցան նաեւ աշխարհի տարածքին. անոնց կարգին նշենք Պերլինի Քոթպուսէր Թոր հրապարակին վրայ կայացած հաւաքը, Քարտիֆի Խաղաղութեան յուշարձանին մօտ ոգեկոչման հանդիսութիւնները, Պրիւքսելի Միշօ հրապարակին վրայ յիշատակութեան հանդիսութիւն եւ Օթթաուայի մէջ կայացած հաւաքը: Միւս կողմէ, Յունուար 22ին, Պոլսոյ Մխիթարեան Սանուց միութեան սրահին մէջ պիտի կազմակերպուի ոգեկոչման հանդիսութիւն մը՝ «Առանց Հրանդի անցնող երեք տարուան ընթացքին՝ Մե՞նք» խորագիրով, որուն իբրեւ բանախօս պիտի մասնակցին Գարին Գարագաշլը, Օրալ Չալըշլար, Իւմիթ Գըվանչ եւ Հայկօ Պաղտատ։ Յունուար 25ին, Պոլսոյ Պօղազիչի համալսարանին կողմէ, Հրանդ Տինքի ոգեկոչման համար կազմակերպուած է հանդիսութիւն մը, իբրեւ բանախօս ունենալով գանատացի լրագրող, գրագէտ Նայոմի Քլայն։ Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ համալսարանի մեծ դահլիճին մէջ։ Քլայն հանդէս պիտի գայ «Հրանդ Տինք, Մարդկային Իրաւունքներ եւ Արտայայտուելու Ազատութիւն» նիւթով:
ՍՈՖԻԱՅԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ։
18 Յունուարին Սոֆիայի մէջ Հայաստանի եւ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած են խորհրդակցութիւններ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարինէ Ղազինեանի եւ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մարին Ռայքովի գլխաւորութեամբ։ Անդրադառնալով քաղաքական, առեւտրական-տնտեսական, գիտա-մշակութային մարզերուն մէջ Հայաստանի եւ Պուլկարիոյ գործակցութեան,կողմերը նշած են, որ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է յատկապէս գիտամշակութային մարզին մէջ եւ արդէն ՝՝Հայաստանի մշակոյթի տարի՝՝ փառատօնը յունիսին պիտի սկսի Պուլկարիոյ մէջ։ Միտքեր փոխանակուած են երկու երկիրներուն մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, դրացիներու հետ ունեցած յարաբերութիւններուն, արցախեան հիմնախնդիրի բանակցային գործընթացին, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն կարգաւորման վերաբերեալ։
ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ՝ ՊԱՔՈՒԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ։
Երէկ Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգուեցաւ 13-19 յունուար 1990 թուականին Պաքուի մէջ իրագործուած ջարդի զոհերուն յիշատակը։ Հաւաքին կը մասնակցէին Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, կառավարութեան այլ անդամներ, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի ներկայացուցիչներ։ Հայաստանի երիտասարդական եւ ուսանողական շարք մը կազմակերպութիւններ դիմեցին միջազգային կազմակերպութիւններուն, հասարակական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններուն, նշելով, որ 20 տարի առաջ,Պաքուի մէջ իրականացուած հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը մնացած է մարդկութեան դէմ իրագործուած չհետաքննուած, չդատապարտուած եւ չպատժուած յանցագործութիւն մը։
Ազրպէյճանական իշխանութիւններուն հակահայկական քաղաքականութիւնը՝ 1988 թուականէն սկսեալ Սումկայիթի, ապա Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ, Քոլցօ գործողութեան ընթացքին, Մարաղայի եւ նախկին խորհրդային Ազրպէյճանի բոլոր բնակավայրերուն մէջ, շրջանի սահմաններէն դուրս, չի դադրիր մինչեւ այսօր, ձեռք բերելով նորանոր եւ աւելի սպառնացող ձեւաչափեր։







All the contents on this site are copyrighted ©.