2010-01-19 13:40:06

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Առաքելական փոխանորդութեան ստեղծում Ղանայի մէջ

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ղանայի արեւելեան շրջանի Տոնքորքրոմ եկեղեցական վիճակը բարձրացուց առաքելական փոխանորդութեան, եւ նշանակեց հայր Գաբրիէլ Քիւմորճին որպէս առաքելական կառավարիչ։



Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու եպիսկոպոսական սիւնոդոսի թղթածրարին ներկայացում

Այսօր երեքշաբթի 19 Յունուար 2010, առաւօտեան, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի մէջ կը կատարուի Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու եպիսկոպոսական սիւնոդոսի թղթածրարին ներկայացումը ։ Եպիսկոպոսներու Սիւնոդոսը Հոկտեմբեր ամսոյն մէջ պիտի գումարուի Վատիկանի մէջ, նախագահութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։ Սիւնոդոսին նիւթն է. ''կաթողիկէ Եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ` հաղորդութիւն եւ վկայութիւն. բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էր՝՝։ Մամլոյ ներկայացումին միջամտութիւն կատարեցին գերապայծառ Նիքոլա Էդերովիչ` քարտուղարը եպիսկոպոսական սիւնոդոսին եւ անոր ենթաքարտուղարը գերապայծառ ֆրեցան։

Եպիսկոպոսական սիւնոդոսի քարտուղարը՝ գերապայծառ Նիքոլա Էդերեվիչ իր կատարած զեկուցումին մէջ հետեւեալ կէտերը ներկայացուց.

Ներածական թղթածրար եւ անոր կառոյցը,

Առաջին գլուխ` Կաթողիկէ Եկեղեցին Միջին Արեւելքին մէջ

Երկրորդ գլուխ` եկեղեցական հաղորդութիւն,

Երրորդ գլուխ` քրիստոնէական վկայութիւնը, մահմետականներու հետ կապերը ու Եզրակացութիւն:

Իսկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի ենթաքարտուղարը գերապայծառ ֆրեցան իր միջամտութեան ընթացքին ներկայացուց Սուրբ Երկիրը եւ սիւնոդոսը:








All the contents on this site are copyrighted ©.