2010-01-19 13:29:20

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԵՐԵՔ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ 19 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԷՐ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ։ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ՀԱՒԱՔ՝ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ՝՝ԱԿՕՍ՝՝ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ՇԷՆՔԻ ԱՌՋԵՒ։
16 Յունուարին Պոլսոյ կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մէջ հաւաքուած էին մօտ երեք հարիւր թուրք մտաւորականներ, որոնք անցորդներուն թռուցիկներ կը բաժնէին՝ պոլսահայ հրապարակախօս՝՝Ակօս՝՝ երկլեզու շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան վայրին մէջ հաւաքուելու առնչութեամբ։ Հաւաքին մասնակիցները Պոլսոյ կեդրոնական Թաքսիմ հրապարակէն սկսած են իրենց երթը հասնելով մինչեւ Կալաթասարայ բարձրագոյն Լիսէի մօտ՝ բարձրացնելով ՝՝Կեցցէ՛ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը՝՝ , ՝՝Ի հեճուկս ֆաշականութեան՝ իմ եղբայրս ես Հրանդ՝՝, ՝՝Մարդասպանը գիտենք, կը պահանջենք արդարադատութիւն՝՝ կարգախօսերով պաստառներ։Կալաթասարայ բարձրագոյն վարժարանին դիմաց միացեալ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է թուրք արուեստագէտ Մահիր Կիւնշիրայ ՝՝Հրանդ Տինքի զազրելի սպանութենէն երեք տարի անցած է, սակայն անոր սպանութեան պատուիրատուները տակաւին հանգիստ կը շրջին։ Իբրեւ գործիք օտագործուած ընդամէնը 4-5 հոգի դատարանին առջեւ կանգնեցուցած են։ Իրենց յայտարարութիւններով այս սպանութեան համար հող նախապատրաստողները հանգիստ կը շարունակեն պաշտօնավարել։ Մարդասպանները աճեցնողները, անոնց պաշտօն տուողները, մարդասպանին դրօշակի մօտ կանգնեցուցած եւ հերոսացուցածները տակաւին պետական պաշտօններ կը վարեն։ Հրանդը հաւաքական պաշտօնական մէկ նախաձեռնութեամբ սպաննեցին։ Այդ նախաձեռնութեան հեղինակները վախկոտ, գարշելի եւ զազրելի են։ Անոնք չեն կրնար հասարակութեան մէջ դուրս գալ։ Անոնք չեն կրնար իրենք իրենց ցոյց տալ։ Արդարադատութեան նկատմամբ մեր յոյսը չէ կորսուած եւ պիտի չկորսուի։ Հրանդը արժանի եղբայրութեան իտէալ մը ձգեց։ Արժանի եւ վստահելի եղբայրութեան համար Հրանդի համար՝ արդարութեան համար, 19 յունուարին հաւաքուինք այն վայրը, ուր դաժանաբար սպաննուեցաւ Հրանդ Տինք՝՝։
ՄԵՏՎԵՏԵՒ - ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ։ Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի հրաւէրով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր կնոջ՝ Ռիթա Սարգսեանի հետ երէկ աշխատանքային կարճատեւ այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա ։Ասիկա Մետվետեւի եւ Սարգսեանի միջեւ այս տարուան առաջին հանդիպումն էր։ Մետվետեւ, ողջունելով Սերժ Սարգսեանը՝ նշած է, որ երկու պետութիւններու ղեկավարներուն հանդիպումները պարբերական բնոյթ կը կրեն: Արդարեւ, անցեալ երկու տարիներու ընթացքին երկու նախագահները հանդիպած են տարեկան եօթը անգամ յաճախականութեամբ: Ըստ Ռուսիոյ նախագահին, այս հանդիպումներու յաճախականութիւնը երաշխիքն է բարեկամական յարաբերութիւններու եւ երկու երկիրներուն միջեւ բարի-դրացիական կապերու: Սերժ Սարգսեան երէկ ուշ երեկոյան վերադարձաւ Երեւան։ /a>
Երեւանի Շենգավիթ համայնքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեան յայտարարած «Հայկական ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, քաղաքական բանտարկեալ Նիկոլ Փաշինեանի հայող դատավճիռը։ Փաշինեանը արդարացուած է 316րդ յօդուածի առաջին մասով (իշխանութեան ներկայացուցչի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելը), իսկ 225րդ յօդուածով (զանգուածային անկարգութիւններու կազմակերպում) ան յանցաւոր նկատուած և դատապարտուած է եօթը տարուայ ազատազրկման։
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԱՐԹԻՒՐ ՆԱԶԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆԻՆ(ԼԻԲԱՆԱՆ)։
Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Արթիւր Նազարեան երէկ այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները եւ շարք մը այլ հրատապ հարցեր։







All the contents on this site are copyrighted ©.