2010-01-18 13:55:28

Ծիսական Ժամանակացոյց


Ծիսական Ժամանակացոյց

Կիրակի 17 Յունուարէն Շաբաթ 23 Յունուար 2010

Կիրակի 17 Յունուարը Յայտնութեան Բ. Կիրակին է

Երկուշաբթի 18 Յունուարին տօնն է Ս. Անտոն Անապատականի հայ տօնացոյցի համաձայն։

Ս. Անտոն Անապատականը եղած է Հայր հարանց, նահապետ վանական կեանքի ինչպէս էր իր ժամանակակիցը՝ Պօղոս, առաջին ճգնաւոր եւ միայնակեաց։

Ծնած էր Կոմա քաղաքը, Հերակլէայի մօտ, վերին Եգիպտոսի մէջ, 251-ին։ Ծնողներու մահէն ետք, ան իր ամէն ինչքերը աղքատներուն բաշխելով կը քաշուի մերձակայ անապատ մը ուր խարազանազգեաց եւ խստակրօն կեանք մը կ՝ապրի, հրաշագործ առաքինութեանց մէջ յաղթելով բազմակերպ փորձութեանց։

Բազմաթիւ աշակերտներ իրեն հետեւեցան, եւ 305-ին հիմնեց առաջին վանքը Թեբայիթի մէջ։ Գ. դարուն վերջերը կատարուած՝ ահաւոր հալածանք մը քրիստոնէութեան դէմ, Նեղոսի հովիտը լեցուց անթիւ անհամար այրերով ու կիներով, որոնք հոն ապաստան փնտռելով, ի վերջոյ աշխարհէն ի սպառ հրաժարելով ուխտ կնքեցին։ Այսպէս է որ հետզհետէ ընդարձակուեցաւ եւ զօրացաւ իր կազմակերպած միաբանական կարգը, շնորհիւ իր գերբնական իմաստութեան. եւ իր հռչակը տարածելով թէ Արեւելքի եւ թէ Արեւմուտքի մէջ։ Ս. Անտոն Անապատական վխճանած է 356-ին 105 տարեկանին։

Երեքշաբթի 19 Յունուարին տօնն է Մեծն Թէոդոս թագաւորին եւ եփեսոսի եօթը մանկանց։

Թէոդոս երբ կայսր ընտրուեցաւ 370-ին պաշտպան կանգնեցաւ ուղղափառութեան, եւ Արիոսեան վարչութեան օրով աքսորուած բոլոր եպիսկոպոսները վերադարձուց իրենց աթոռները, իսկ հակառակակողմերը արտաքսեց։ Իր հովանաւորութեամբ գումարուեցաւ Գ. Պոլսոյ Տիեզերական ժողովը, ուր դատապարտուեցաւ Մակեդոնի հոգեմար աղանդը։ Բայց քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ Թէոդոսի անունը յաւերժացած է իր խոնարհամիտ վարմունքին համար, զոր ցոյց տուած էր Միլանոյի եպիսկոպոս Ամբրոսիոսի առջեւ, երբ ան մերժեց եկեղեցի մտնել Թեսաղոնիկէին մէջ հրամայած իր ջարդէն ետք։ Կայսրը չ՝ընդդիմացաւ Ս. Ամպրոզիոսի հրամանին այլ նաեւ ճշմարտապէս զղջաց եւ ապաշխարութեան ենթարկեց ինքզինք, եւ արձակում ստանալէ ետք ութը ամիս ետք եկեղեցի մտաւ եւ մասնակցեցաւ Ս. խորհուրդին։ Թէոդոս վախճանած է Միլանոյի մէջ 395-ին իր դամբանականը խօսած էր Սուրբ Ամպրոզիոս։

Չորեքշաբթի 20 Յունուար պահոց օր է

Հինգշաբթի 21 Յունուարին տօնն է կը յիշատակուի Սուրբ Կիրակոսի եւ իր մօրը Յուղիտայի, Վահան Գողթնացիի Վլաս եպիսկոպոսին եւ Պօղոս առաքեալի աշակերտ՝ Ոնեսիմեային ։

Վահան Գողթնացի 700-737։ Որդի Գողթնեաց իշխան Խոսրով Նախարարին, որ 707 ին Կաշմ ոստիկանի հրամանով Նախիջեւանի մէջ նահատակուած նախարարներէն է։ Դեռ չորս տարեկան էր Վահան, երբ այդ կոտորածին ատեն Դամասկոս տարագրուեցաւ եւ կրթուեցաւ իսլամական հաւատքին մէջ։

719-ին երբ Յովհաննէս Օձնեցի կաթողիկոս այցելեց Էօմէր ամիրապետին, այս վերջինը գերեդարձ հրամայեց։ Վահան ուզեց ինքն ալ վերադառնալ իր հայրենական երկիրը։ Ամիրապետը Վահանին շնորհեց Գողթնեաց տանուտէրութիւնը։ Ամուսնացաւ Սիւնեաց Բաբգէն նախարարի աղջկան հետ եւ տասնամեակ մը ապրեցաւ Գողթնի մէջ իր ուրացութեան վրայ ապաշխարելով եւ ջանալով որ իր նոր կեանքովը քաւէ անցեալը։

Դամասկոսի արքունիքը չհանդուրժեց Վահանի քրիստոնէութեան դարձին որոշումը։ Սերգիապոլսոյ մէջ Վահան կը ներկայանայ Հիշամ ամիրապետին առջեւ արդարացնելու իր այս ընթացքը, յայտնելով որ ինք քրիստոնեայ ծնած էր եւ անգիտակցաբար իսլամ դարձած։ Ամիրապետը կը բանտէ զինք եւ տանջանքներու կ՝ենթարկէ եւ ապա կը գլխատուի 737-ի Մարտ 18-ին։ Սերգիապոլսոյ եպիսկոպոսը տէր կ՝ըլլայ մարմնին եւ յատուկ վկայարան մը կը կանգնէ անոր վրայ։

Ուրբաթ 22 Յունուար Պահոց օր

Շաբաթ 23 Յունուար Տօնն է Սուրբ Աթանասի եւ Կիւրեղ Աղեքսանդրիոյ հայրապետներուն նաեւ Գրիգոր աստուածաբանի,Եւգինէս կոյսի եւ անոր հօր՝ Փիլիպպոսի , մօր՝ Կղոդիայիայի, երկու եղբայրներուն՝ Սերկէյի ու Ապիտոնի ինչպէս նաեւ երկու ներքինիներուն։

Աթանաս հայրապետ հռչականուն ախոյեան Ս. Երրորդութեան հաւատքի ընդդէմ Արիոսի։ Քրիստոնեայ բարեպաշտ ընտանիքի զաւակ, ծնած է Աղեքսանդրիա 295-ին։

Սարկաւագ էր տակաւին երբ ընկերակցելով իր եպիսկոպոսին, Նիկիոյ Ժողովին ընթացքին պաշտպանեց ուղղափառ հաւատքը։ Իբրեւ պատրիարք Աղեքսանդրիոյ, իշխանութեամբ պայքարեցաւ աղանդամիտ հոսանքներուն դէմ աւ այդ պատճառաւ երբեմն ստիպուեցաւ նոյնիսկ հեռանալ իր աթոռէն։ Մեռաւ 373-ին։ Իր հզօր վարդապետութեան եւ անհամեմատ կորովը արժանի կացուցին զինքը նկատուելու եկեղեցւոյ ամենամեծ վարդապետներէն ու սիւներէն մէկը։

Իսկ Կիւրեղ հայրապետը Եգիպտոսի ազնուական եւ բարեպաշտ ընտանիքէ, ազգական Թէոփիլոս պատրիարքին, որմէ ձեռնադրուեցաւ եւ 412-ին անոր յաջորդեց իբրեւ պատրիարք Աղեքսանդրիոյ։ Վարդապետ եկեղեցւոյ ու կորովի պաշտպան ուղղափառ հաւատքին. ինքն էր որ նախագահեց Եփեսոսի Տիեզերական ժողովին, ջախջախեց նեստորին հերետիկոսութիւնը եւ միաւորեալ մի բնութիւն բանաձեւովը իր վերջին ճշդումին յանգեցուց քրիստոնէութիւնը։ Եռանդուն հոգւով ջանաց ջնջել հեթանոսութեան հետքերը Աղեքսանդրիոյ մէջ։ Վախճանեցաւ 444-ին։










All the contents on this site are copyrighted ©.