2010-01-17 13:08:43

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, յունուար 17, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան նախօսիակին, ուրախութեամբ ձեզ կ'ընդունիմ, չվախնանք միասին գտնուիլ ճշմարիտ վկայութիւն տալու Յարուցեալ Քրիստոսի, ներկայ մեր աշխարհին մէջ։ Աղօթքս է որ Սուրբ Հոգին Եկեղեցւոյ շնորհէ միութեան պարգեւը։ Այսօրուան Աւետարանը կը խօսի Կանայի հարսանիքի մասին եւ կը հրաւիրէ մեզ չմխրճուիլ տարակոյսներու ու անձկութեան մէջ, որովհետեւ Քրիստոս իրապէս եկաւ համայն մարդկութիւնը փրկելու։ Ս. Կոյս Մարիամի օրինակին նման թող տանք որ Քրիստոս մեզ առաջնորդէ։ Եւ իրեն նման ըսենք ''ըրէք ինչ որ հրամայէ ձեզի''։ Թող Ս. Կոյս Մարիամը բարեխօսէ մեզի համար ու համայն մարդկութեան համար։ Եւ մասնաւորապէս իր պաշտպանութիւնը կը հայցեմ հայիթիի բնակիչներուն

համար, որ այնքան ծանրօրէն ցնցուած են երկրաշարժէն, որպէսզի գտնեն օժանդակութիւն եւ հոգատարութիւն։ Թող <<միշտատեւ օգնութեան հասնող<< Տիրամայրը` պաշտպանը Հայիթիի ժողովուրդին, հովուանաւորէ իր որդիները։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի եւ բարի շաբաթ։

Ապա նորին Սրբութիւնը ներկաներուն յիշեցուց թէ այսօր եկեղեցին

գաղթականներու եւ փախստականներու 96րդ օրը։ Թող անոնց իրաւունքը բոլորէն եւ միշտատեւ յարգուի։ Գաղթականներու ու փախստականներու համաշխարհային օրուան բնաբանն է ''անչափահաս գաղթականներն ու փախստականները''։

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ բացայայտօրէն կը շեշտէ թէ գաղթականը անհատ մըն է իրաւասու անձեռնմխելի իրաւունքերով, որ բոլորէն միշտ պէտք է յարգուի։ Միաժամանակ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ պատասխանատուները հասկնալու արտահան գաղթականին կրած դժուարութիւնները եւ մասնաւորապէս միջազգային հասարակութեան ուշադրութեան կը հրաւիրէ միլիոնաւոր անչափահասներու իրավիճակը։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին աւարտին բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի կիրակի եւ բարի 2010 տարին։



Յայտնենք թէ այսօր յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն կը կատարէ հրեական տաճարը Հռոմի հրեայ հասարակութեան հրաւէրով։








All the contents on this site are copyrighted ©.