2010-01-17 13:09:37

Նարեկի աղօթամատեանը


Նարեկի աղօթամատեանը



Հայ ժողովուրդին ամէնէն սիրելի եւ սրտի մօտիկ աղօթամատեանն է անիկա։ Հիացնող գլուխ գործոց մը, նաեւ՝ հպարտութեան առարկայ։ Խօսքը Նարեկի մասին է։

Յստակ է Նարեկ գիրքին հեղինակը՝ Ս Գրիոգր Նարեկացին։ Զայն ճանչնալու համար բաւարար է կարդալ անոր գործերը, յատկապէս՝ Նարեկը։ Ան յաջողած է իր գործով ոչ միայն անմահացնել իր անունը հաւատացեալներու սրտին մէջ, այլեւ շահած է անոնց մտերմութիւնը։

Ս Գրիգոր Նարեկացի, ինչպէս կը տեսնենք իր գործին մէջ, իբրեւ մտապատկեր ունեցած է նոյն ինքն Յիսուս Քրիստոսը։ Անոր օրինակին հետեւելով, այլ խօսքերով, միջնորդութեան դերին, ինքն ալ բոլոր մարդոց եւ իւրայատուկ կերպով մեղաւորներուն տեղը աղաչանքներ ու հառաչանքներ կը բարձրացնէ առ Աստուած։ Ան անուղղակիօրէն կը փորձէ բարեխօսութիւն ընել՝ ամբողջ մարդոց մեղքերը իր վրայ առնելով։ Երբ կարդանք անոր աղօթքները, պիտի կարծենք, թէ ան մեզմէ աւելի մեղաւոր մըն է։ Կարելի՞ է այդպէս կարծել կամ կասկածիլ Ս Գրիգոր Նարեկացիի մասին, որ ամբողջութեամբ հեռացած ու նուիրուած է Աստուծոյ ծառայութեան։

Ս Գրիգոր Նարեկացի ամբողջ իր հոգին դրած է իր աղօթամատեանի պնակին մէջ՝ հրամցնելու համար ընթերցողներուն։ Անոր աղօթամատեանը կը բաղկանայ 95 գլուխներէ (կամ բաներէ՝ ըստ իր անուանումին)։ Ամէն մէկ գլուխը աստիճան մըն է դէպի Աստուած բարձրանալու։ Ան իր կեանքը նուիրած է աղօթքին, որպէսզի կարենայ հասնիլ բարձրեալին կատարեալ ներկայութեան, ուր խաղաղութիւնն ու երջանկութիւնը բացարձակ գոյութիւն են։ Եւ անոր աղօթքներուն հետեւողը կը զգայ աստիճանական զարգացումն ու բարձրացումը դէպի արքայութիւն՝ խոնարհութեամբ եւ զղջումով։ Անկախ այդ բոլորէն, դաս մը կու տայ մեզի եւ կը փորձէ ճանչցնել զԱստուած՝ իր իսկական էութեան մէջ։ Ան կը փորձէ հաւատացեալը աղօթքի կապով մօտեցնել Աստուծոյ։

Իր գլուխ գործոցին մէջ կան նաեւ լեզուական ու ոճի բարձրորակ արժանիքներ։

Առնենք մաս մը եւ պիտի տեսնենք այն բոլոր արժէքները, զորս ներկայացուցինք

Ու որովհետեւ սկսայ խօսիլ Քեզի հետ, որ ձեռքիդ մէջ բռնած ես բազմամեղ հոգիիս կենդանութեան շունչը, արդարեւ տագնապէս կը սարսրիմ ու երկիւղէս կը դողամ, վասնզի, ո՛վ երկնքի եւ երկրի արարիչ, գիտեմ թէ քու անաչառ ատեանիդ անճողոպրելի, անբաժանելի, անտանելի եւ ահաւոր յիշողութիւնն իսկ զիս կշտամբելու միայն պիտի յանգի։

Իսկապէս ընթերցողը կամ լսողը փշաքաղ կ'ըլլայ անոր դէպի զԱստուած մօտեցումով։ Կ'ապրի անոր կրած հոգեվիճակը եւ կը մտնէ զղջումի ու խոստովանութեան մթնոլորտին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.