2010-01-17 13:09:52

Լուրեր հայ աշխարհէն


Լուրեր հայ աշխարհէն

Գերմանիոյ Դեսպանը Կը Պատուէ Աֆղանիստան Մեկնող Հայ Խաղաղապահները

Յունուար 14ին Հայաստանի մէջ գործող Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հանս-Եոխէն Շմիտթ՝ Աֆղանիստան մեկնող հայ խաղաղապահներուն համար կազմակերպած է ընդունելութիւն մը, որ տեղի ունեցած է իր նստավայրին մէջ եւ որուն ներկայ եղած է նաեւ ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետ՝ գնդապետ Եուրի Խաչատուրով: Իր ելոյթին մէջ դեսպանը ողջունած եւ շնորհակալութիւն յայտնած է հայ խաղաղապահներուն՝ անվտանգութեան ոլորտին մէջ կեանքի կոչուած խաղաղարար գործընթացին մասնակցելու պատրաստակամութեան համար եւ մասնաւորապէս նշած.

«Անվտանգութեան քաղաքականութեան ոլորտին մէջ հայ-գերմանական համագործակցութիւնը վերջին տարիներուն շօշափելիօրէն զարգացած է: Յիշատակման արժանի են հայ զինուորականներու մասնակցութիւնը Գերմանիոյ մէջ կրթական եւ վերապատրաստական դասընթացներուն, նաեւ այնտեղ իրականացուող խորհրդատուութիւնը՝ հայկական կրթական պահանջներուն համապատասխան:

«ISAF-առաքելութեան մէջ Հայաստանի ընդգրկուածութիւնը՝ ՆԱԹՕի ծիրէն ներս Աֆղանիստանի հիւսիսը առաջնային պատասխանատուութիւն ստանձնած գերմանական կողմի հետ համատեղ ռազմավարական եւ հաղորդակցային առումներով կարեւոր համարուող Քունտուսի օդակայանի անվտանգութեան ապահովումը, նշանն ու ապացոյցն է այն պատասխանատուութեան, որ Հայաստանը կը դրսեւորէ միջազգային կարեւորութեան խաղաղապահ առաքելութիւններու մէջ բերած իր մասնակցութեամբ», նշած է դեսպանը։



Հայ Ինքնութեան Նուիրուած Դասախօսութիւն։

ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Արփա» հիմնարկի կազմակերպութեամբ, 22 Յունուար 2010ին, դոկտ. Գրիգոր Արէշեան դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացնէ հայ ինքնութեան կազմաւորման եւ դարերու ընթացքին այդ ինքնութեան կրած հետաքրքրական փոփոխութիւններուն մասին: Արէշեան իր դոկտորական վկայականը ստացած է Խորհրդային Միութեան գիտութեանց ակադեմիոյ հովանիին տակ գործող Լենինկրատի հնագիտական հիմնարկէն, ուրկէ վկայուելէ ետք մասնակցած է հնագիտական հետախուզական զանազան արշաւներու՝ Վրաստանի, Եգիպտոսի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ:Ան հեղինակած ու խմբագրած է չորս հատորներ եւ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, մեծ մասամբ հնագիտութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Կովկասի պատմութեան մասին: Ան դասախօսած է եւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է Հայաստանի մէջ, եւ 1993ին իբրեւ հիւր դասախօսած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ (UCLA), իսկ Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելէ ետք, դասախօսած է Ուիսքանսընի եւ Շիքակոյի համալսարաններուն մէջ, եւ ներկայիս UCLAի «Քոցէն» հնագիտական հիմնարկին Հայկական ուսումնասիրութեանց բաժանմունքի վարիչն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.