2010-01-16 14:07:44

Լուրեր հայ աշխարհէն


«Քամըն Քոզ»ը Կը Պատուէ Վարդան Գրիգորեանը

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Կրթական մարզին բերած իր յատկանշական ներդրումներուն համար, «Քարնեկի» հիմնարկի տնօրէն Վարդան Գրիգորեան վերջերս ստացաւ «Քամըն Քոզ» կազմակերպութեան Էնտրու Հէյսքըլի անուան մրցանակին, հանդիսանալով անով պատուուող առաջին անհատը: Մրցանակին յանձնումը տեղի ունեցաւ «Քամըն Քոզ» կազմակերպութեան տարեկան 12րդ ճաշկերոյթ-տօնակատարութեան ընթացքին, ուր կազմակերպութիւնը դրուատեց յատկապէս կրթութիւնը ժողովրդավարականացման գործին ի նպաստ օգտագործելու Գրիգորեանի ջանքերը:
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունենալով, Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն շնորհուած այս պատիւին համար, միաժամանակ դրուատելով քաղաքացիական իրաւանց պաշտպան հանդիսացող սոյն կազմակերպութեան տարած օգտակար աշխատանքը:
 Կլոր սեղան Պաքուի մէջ հայերուն դէմ գործադրուած ջարդերուն 20 ամեակին առիթով։

Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանը, պատասխանատու կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ կլոր սեղանի մը ընթացքին, Պաքուի մէջ հայերուն դէմ գործադրուած ջարդերուն 20 ամեակին առթիւ, անդրադարձան այն հարցերուն, որոնք կանգնած էին բռնագաղթած հայերուն առջեւ եւ անոնցմէ շատերը տակաւին չեն լուծուած։ Ըստ մասնագէտներուն, 1990 թուականէն տակաւին տարիներ առաջ Ազրպէյճան ցեղային զտումներու իր քաղաքականութիւնը կիրականացնէր։ 20 տարի առաջ, Ազրպէյճանի 600 հազարնոց հայկական համայնքը անհետացաւ, միայն Պաքուէն բռնագաղթեց 360 հազար հայ՝ 92 հազար ընտանիք։

Կլոր սեղանին մասնակիցները յայտնեցին, որ պետութիւնը պէտք եղած ձեւով չի զբաղիր բռնագաղթողներու հարցերով եւ անոնցմէ շատերը տակաւին 20 տարի անց բնակութեան եւ համարկումի խնդիրներ ունին։ Ազրպէյճանի կատարած ոճիրները միջազգային հանրութեան չեն ներկայացուիր, իսկ Ազրպէյճան իւրաքանչիւր առիթ կօգտագործէ հայերը զրպարտելու համար։

Այս տարի պիտի ամբողջանայ Հին Ջուղայի խաչքարերու ոչնչացման 5 տարին, մինչդեռ այս սրբապղծութեան մասին միջազգային հանրութիւնը կը լռէ։ Հայաստան նոյնպէս կը լռէ։

Հայաստանի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Արմէն Յարութիւնեան յայտնեց, որ այդ բռնագաղթողները համարկումի տեսակէտէն լուրջ խնդիրներ ունին։

Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Լարիսա Ալավերտեան իր կարգին նշեց, որ փոխհատուցման հարցը ընդհանրապէս չի քննարկուիր, ոչ ալ այն հարցը, որ բռնագաղթողները օր մը իրաւունք պիտի ունենան իրենց բնակավայրը վերադառնալու։

Հայաստանի ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան ընդգծեց, որ Ալիեւ յայտնած է, թէ ազրպէյճանական պետութեան ղեկավարները ոչ միայն այլատեաց են, այլեւ՝ սեփական քաղաքացիները կահաբեկեն։

Նշենք որ Կիրակի 17 յունուարին Ս Էջմիածնի մէջ, յաւարտ Ս պատարագին հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի, Պաքուի մէջ հայերուն դէմ տեղի ունեցած ջարդերու անմեղ զոհերուն յիշատակին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.